Այո՛, միայն ապշանք եւ զայրոյթ կարելի է զգալ կարդալով այն լուրը, ըստ որուն, Ներկայացուցիչներու տան ԵԱՀԿի յանձնաժողովի՝ Հայաստանի յետընտրական կացութեան նուիրուած Ապրիլ 17ի ունկնդրութեան «վկայութիւն» պիտի տան Հայաստանէն երկու դէմքեր, որոնցմէ մէկը նոյնիսկ պաշտօնական հանգամանք ունի:
Վկայութիւն բառը չակերտեցինք: Որովհետեւ եղածը, քիչ մը աւելի պարզ հայերէնով, աւելի մօտ է «եկէք եւ հաշիւ տուէք»ի:
Ըստ լրատուութեան, ունկնդրութեան կիզակէտը Արցախի հարցին եւ «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագիրի ապագային վրայ Հայաստանի յետընտրական զարգացումներուն հետեւանքները քննելն է:
Քոնկրէսի տուեալ յանձնախումբը, բնականաբար, ազատ է իր ուզած հարցը քննելու: Խնդիրը հոն չի կայանար:
Առաջին խնդիրը այն է, որ այս նախաձեռնութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ գերիշխան երկրի մը (այս պարագային՝ Հայաստանի Հանրապետութեան) ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալ: Երկրորդ խնդիրը այն է (եւ հոս է ապշեցուցիչն ու զայրացուցիչը մեզի համար), որ հայկական պաշտօնական կողմը հլու-հնազանդ կերպով Ուաշինկթըն պիտի երթայ եւ… հարցաքննուի: Այո, ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք, ըլլալիքը հարցաքննութիւն պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ հարցապնդում:
Մեր կարծիքով, Հայաստանի իշխանութիւններուն համար թոյլատրելի չէ նման քայլ մը առնելը, որովհետեւ այդ մէկը ոտնակոխել է նոյնինքն Հայաստանի գերիշխանութիւնն ու մանաւանդ՝ արժանապատուութիւնը: Երեւանի պատասխանը պիտի ըլլար՝ հարցե՞ր պիտի քննէք, խնդրեմ, սակայն մենք Երեւանի մէ՛ջ կը լուծենք մեր՝ ներհայկական խնդիրները՝ առանց հաշուետու ըլլալու որեւէ արտաքին կողմի:
Մարտ 1ի դէպքերով արդէն իսկ վիրաւորուած է համայն հայութեան արժանապատուութիւնը, անկախ մեզմէ իւրաքանչիւրին գաղափարական կամ քաղաքական համոզումներէն: Պաշտօնական Երեւանը, իր ներկայացուցիչը «վկայութեան» համար Ուաշինկթըն ղրկելով, կրկնակիօրէն կը խոցէ ամբողջ հայութեան արժանապատուութիւնը: Միւս կողմէ, նախագահական նախկին թեկնածու Լ. Տ. Պետրոսեանի խօսնակ Արման Գրիգորեանի պետական-պաշտօնական հանգամանք չունենալը զինք ու իր «պոսը» չեն փրկեր հայութիւնն ու Հայաստանը անգամ մը եւս վիրաւորող յանցապարտի ոչ պատուաբեր հանգամանքէն:
Վերադառնալով արեւմտեան կողմն աշխարհի, ի դէպ, յիշեցում մը Ներկայացուցիչներու տան (թէեւ՝ ոչ անմիջականօրէն այս յանձնախումբին): Կը յիշէ՞ք, յարգելի ներկայացուցիչներ, թէ մօտաւորապէս եօթուկէս տարի առաջ, հոս, այս երկրին մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն, Ֆլորիտա կոչուած նահանգին մէջ ընտրական խնդիրներ յառաջացան: Հարցը բարդացաւ, հասաւ մինչեւ Գերագոյն ատեան, եւ երկրին նախագահը «ընտրուեցաւ» ա՛յդ ատեանին կողմէ եւ ոչ թէ ընտրական քուէներով (ինչպէս սովորաբար կ’ըլլայ ժողովրդավար երկիրներու պարագային, չէ՞): Արդեօք ձեր յարգարժան ատեանը որեւէ ունկնդրութիւն կազմակերպե՞ց իմանալու համար ամբողջ ճշմարտութիւնը, թէ ի՞նչ անցած-դարձած էր Ֆլորիտայի մէջ 2000ի Նոյեմբերի առաջին Երեքշաբթի օրը, թէ արդեօք ընտրական գործընթացը բնական ընթացա՞ծ էր հոն:
Յիշելով Ֆլորիտան, մեր զայրոյթն ու ապշանքը կը կրկնապատկուի: