Սովորութիւններու տարբերութիւնները իրարմէ կը տարբերեն մարդիկը, հաւաքականութիւնները եւ ազգերն ու ժողովուրդները: Շատ երկիրներ ճամբորդելու պատեհութիւն ունեցողները, նոր երկիր մը հասնելուն, բարեկամներու եւ կամ նոր ծանօթներու կը հարցնեն տեղւոյն սովորութիւնները, որպէսզի իրենց վարուեցողութեամբ տարօրինակ չթուին տեղացիներուն: Յստակ է, որ կեանքի տարբեր մշակոյթներ կան, որոնց մէջ զարգացած ըլլալով տուեալ հաւաքականութիւն մը, միեւնոյն աւանդութիւնները կը կիրարկէ եւ անոնցմով ալ կը զատորոշուի ուրիշներէ: Այդպէս ալ, աւելի սեղմ շրջանակի մէջ առնելով նոյն երեւոյթը, կարելի է ըսել, որ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ կան սովորութիւններ, որոնք ա՛յդ ընտանիքի բոլոր անդամներուն ծանօթ կ’ըլլան քիչ թէ շատ:
Վերոյիշեալ երեւոյթներէն տարբեր են անհատի մը ունեցած սովորութիւնները, որոնք միայն իրե՛ն յատուկ կ’ըլլան առհասարակ: Ոմանք կը փորձեն ուրիշներու ալ պարտադրել իրենց սովորութիւնները, իրենց առօրեայ կենցաղակերպը եւ երբ ուրիշներ անտարբեր գտնուին, երբեմն կը զայրանան ու կը վշտանան: Ասիկա անշուշտ խանգարուած ուղեղներու եւ իրենց մտային հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած անձերու վարուեցողութիւն է: Գիտակից անձ մը բնականօրէն կ’անդրադառնայ, որ այնպէս ինչպէս ի՛նք ունի սովորութիւններ, ուրիշներ ալ կրնան ունենալ իրենց յատուկ սովորութիւնները: Ուստի, ազատ աշխարհի մէջ կարելի չէ՛ ուրիշին պարտադրել անոր չսիրածը, կամ այն բանը՝ որմէ չ’արխորժիր ան: Ասիկա կը նմանի այն տգէտ տնեցիին, որ տան մէջ կը պարտադրէ բոլոր տնեցիներուն ի՛ր նախասիրած կայանը դիտել հեռատեսիլի վրայ: Մինչ, քաղաքակիրթ աշխարհը վաղո՜ւց մոռցած է բռնակալական այդ կերպերը եւ, այսօր իւրաքանչիւրին սենեակին մէջ հեռատեսիլ մը դրուած ըլլալով, ամէն մարդ ի՛ր նախասիրած կայանին ու յայտագիրներուն կը հետեւի:
Այս երկա՜ր նախաբանը՝ անոր համար, որ մարդոց սովորութիւններուն շարքին գոյութիւն ունի նաեւ իր կեանքի «աղտոտ լաթերը» ուրիշներուն տան մէջ լուալու սովորութիւնն ալ: Այսպէս, ոմանք իրենց դարձը դէպի ուղիղ ու ճշմարիտ կեանք, աւելի հետաքրքրական ընելու համար իրենց ունկնդիրներուն, կարելի եղածին չափ կը մթագնեն իրենց անցեալի կեանքը: Հինի եւ նորի գոյներուն հակասութիւնը շեշտելու ճիգ մըն է ասիկա, ներգրաւելու համար իրենց նախկին վիճակին մէջ գտնուող մարդիկը: Օրինակ, եթէ անձ մը խման մըն էր ու գինովութեամբ փճացուցած իր երիտասարդական տարիները, դէպի գիտակցութիւն իր դարձը կը պատմէ բոլորին մեծ հպարտութեամբ: Իսկ եթէ անցեալին մէկ շիշ ոգելից ըմպելի խմելով կ’արբենար, հիմա, տարիներ ետք պատմած ժամանակ, այդ շիշերուն քանակը կը բարձրացնէ տասի: Գինովութեան տարիներու այդ անկարգութիւնները իր «աղտոտ լաթեր»ն են, որոնք հիմա գոհունակութեամբ կը փռէ ունկնդիրներուն դիմաց, ցոյց տալու, թէ ինչպիսի վիճակէ դուրս եկած է ու նոր կեանք մը սկսած:
Եթէ այսքան ըլլար անշուշտ իրենց «աղտոտ լաթեր»ը ուրիշներուն մօտ լուացողներուն աշխատանքը, համաձայն պիտի ըլլայինք: Սակայն, անոր միախառնուող ինքնագովութիւնը կը փճացնէ անոնց կատարած աշխատանքին դրական երեսը: Դէպի լաւորակ կեանք ուրիշներն ալ առաջնորդելու այս լաւ աշխատանքին երբ կը միանայ փառասիրութիւնը, այն ատեն անիմաստ կը դառնայ ամբողջ ճիգը:
Այսքան դրական թուացող գործին յանկարծ կը միանայ բաղդատականը, որ եզրափակումը կը կատարէ աշխատանքին մէջ երեւցող ամէն բարի բանի, ու զայն կը վերածէ քանդիչ երեւոյթի. անձի բաղդատականը՝ ուրիշ անձերու հետ: Ահա տեսէք ես՝ այսպէս, իսկ ան՝ այդպէս: Ես՝ բարի, ան՝ չար: Ես՝ լաւ, ան՝ վատ: Ես՝ աշխատասէր, ան՝ ծոյլ: Եւ այսպէս շարունակաբար, այս բաղդատականը կը դառնայ այսպիսի թշուառականներու զրուցատրութեան միակ նիւթը: Բնականաբար իրենց խօսակիցին վստահութիւնը շահելու համար, անոնք իրենց «աղտոտ լաթեր»ը եւս կը լուան անոր դիմաց, կեղծ համեստութիւն մը ծախելով անոր: Երբեմն Աստուծոյ անունով խօսող նման պատգամաբերներ պէտք է նախապէս կարդացած ըլլան փարիսեցիին եւ մաքսաւորին անզուգական առակը, որուն մէջ, այս անգամ Աստուծոյ հետ կատարուած փարիսեցիին աղօթական երկխօսութիւնը, նոյն այս բաղդատականով կը զարգանայ, դժբախտաբար: (Տե՛ս Ղկ. 18. 10-13): Փարիսեցին իր անձը կը բաղդատէ ուրիշներու հետ, ցոյց տալով, թէ ինք լաւ է ու օրինաւոր, մինչ ուրիշներ՝ վատ ու անօրէն: Եւ նոյնիսկ կը յանդգնի Աստուծոյ ներկայութեան, իրմէ քիչ հեռուն կանգնած մաքսաւորին հետ բաղդատել ինքզինք, ըսելով, թէ «այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ» (18.11):
Բաղդատականով խօսակցութիւն ծաւալելու այս տխուր երեւոյթը նաեւ պատճառ կը դառնայ մանրամասնութեանց մտնելու, ուրիշ խօսքով՝ «աղտոտ լաթերը» ուրիշներուն դիմաց լուալու: Սակայն, ճարպիկութիւն մը ունին նման աշխատանքներով զբաղողներ. անոնք իրենց «աղտոտ լաթեր»ը ցուցադրելու փոխարէն, ուրիշներու «աղտոտ լաթեր»ը մէջտեղ կը բերեն, որոնցմէ շատերը կրնան խորքին մէջ մաքուր ըլլալ եւ միայն իրենց կատարած զրպարտութեամբ այդ պահուն կը նեխին ու կը մրոտին:
Ողբերգութիւն մըն է անշուշտ նման անձերու քաշքշած կեանքը: Անոնք իրենց «լուացարար»ի այս պաշտօնով շուտով կը կղզիանան, կ’անջատուին միջավայրէն ու միշտ նոր ընկերութիւն կը փնտռեն, ուր իրենց այս «արհեստ»ին ծանօթ շատ մարդ չգտնուի: Սուտի, կեղծիքի ու շահու վրայ հիմնուած իրենց բարեկամութիւնները միշտ ժամանակաւոր են ու խախուտ: Անոնք պատրաստ են միշտ, իրենց թիրախ անձերուն մինչեւ իսկ ընտանեկան ամէնէն նուիրական գաղտնիքները իբրեւ «աղտոտ լաթ» ի յայտ բերելու եւ ուրիշներու դիմաց լուալ ջանալու:
Չկա՛յ մարդ որ իր կեանքին մէջ գաղտնիքներ չունենայ: Ամէնէն պարզերեսը ու արդարն ալ, վստահաբար, իրեն յատուկ թերութիւններ եւ անոնց հետեւանքով գաղտնիքներ ունի: Սակայն «իմաստուն լուացարարներ»ու պէտք չունին անոնք այդ «լաթեր»ը մաքրելու համար: Ամէն մարդ իր տան մէջ կրնայ լուալ իր «աղտոտ լաթեր»ը: Մէկ գործ միայն կը մնայ այդ «իմաստուն լուացարար»ներուն եւ այդ ալ՝ միայն իրե՛նց «աղտոտ լաթեր»ը առնել, եւ իրենց տան մէջ լուռ ու մունջ զանոնք լուալն է…:
Գաղտնապահութիւնը երբեմն փրկարար դերակատարութիւն կ’ունենայ այսպիսի անձերու դատարկութիւնը ծածկելու իմաստով: Ուստի, ուրիշներու «աղտոտ լաթեր»ը լուալու համար օճառ մի՛ սպառեր շատ, ալ «լաթերդ» ա՛ռ ու տանդ մէջ զանոնք լուալո՛վ զբաղիր միայն: