Ինծի համար անհասկնալի է, թէ ատրպեճանական հիւպատոսարանը ի՞նչ կ’ուզէր իրականացնել «Ուիլշըր Իպել» սրահի պատասխանատուներուն ուղղուած իր բողոքի նամակով։
Արցախի ազատագրական պայքարի քսանամեակը տօնակատարելու համար կեանքի կոչուած յանձնախումբը, որ արդէն երեք կարեւոր միջոցառումներ իրականացուցած է գաղութիս մէջ, իր գլխաւոր ձեռնարկը ծրագրած է կատարել Մայիս 2ին, «Ուիլշէր Իպել»ի մէջ տեղի ունենալիք յատուկ հանդիսութեամբ մը։ Մամուլի մէջ լոյս տեսած յայտարարութիւններէն այս մասին իմացած ատրպեճանական հիւպատոսութիւնը, յանձինս իր գլխաւոր հիւպատոս Էլին Սուլէյմանովի, դիմած է սրահի ղեկավարութեան, համոզելու զանոնք, որ թոյլ չտան ձեռնարկի կազմակերպումը իրենց շէնքին մէջ։
Մեր երէկուան թիւով այս մասին տեղեակ պահեցինք մեր ընթերցողները։ Ատրպեճանական հիւպատոսութիւնն ալ, վստահ ենք, գիտէր, որ մենք այս մասին տեղեակ պիտի պահենք Լոս Անճելըսի հայ հասարակութիւնը։
Աւելին, վստահ ենք, որ ատրպեճանական հիւպատոսութիւնը գիտէր, որ նման հրապարակում մը հայկական մամուլի մէջ ինչպիսի հակազդեցութիւն պիտի ստեղծէ, ինչպիսի յուզում պիտի յառաջացնէ հայկական շրջանակներու մէջ։
Ատրպեճանական հիւպատոսութիւնը վստահաբար գիտէր, որ այս քայլով ինք որեւէ բան չի կրնար շահիլ։ Արդարեւ, եթէ սրահի ղեկավարները անտեսեն հիւպատոսի դիմումը, պարզապէս ամօթալի պարտութիւն մը պիտի արձանագրուի ատրպեճանական ներկայացուցչութեան տարեգրութեան մէջ։
Իսկ եթէ սրահի ղեկավարները որոշ ճնշումներու ենթարկուելով ընդառաջեն, հայ համայնքը անպայմանօրէն պիտի գտնէ ձեւը աւելի փառաւոր, աւելի խուռներամ եւ յիշատակելի ձեւով նշելու մեր նորագոյն պատմութեան այս կարեւոր իրադարձութեան տարեդարձը, թէկուզ ձեռնարկը կազմակերպելով շէնքի մուտքին, բացօթեայ, ցուցական ձեւով։
Այս բնական հակազդեցութիւնը եթէ հաշուի չէր առնուած ատրպեճանական դիւանագիտական ներկայացուցիչներու կողմէ, կը ցաւինք իրենց համար։ Անկեղծօրէն, այնքան ալ չենք ցաւիր։ Թող սորվին իրենց սխալներէն։