Ընթերցանութիւնը, յատկապէս վէպերու պարագային, այսօր փոխարինուած է լուսախորք պաստառներու էջերուն դիմաց կատարուած ընթերցումներով: Գիրքէն դէպի լուսաւոր էջեր անցքին նման, գիրքերու բովանդակած նիւթերն ալ փոխարինուեցան այլ նիւթերով: Երբեմն այնքան տարածում ունեցած վէպերը այսօր մասնաւոր հետաքրքրութիւն չեն արթնցներ: Իսկ համակարգիչի լուսաւոր «թուղթ»երուն դիմաց, երբեմն հազարաւոր էջեր կը դարձուին, նոր նիւթերու որոնման համար, մատենադարանի մը բոլոր գիրքերուն էջերը դարձուցած ըլլալու չափ ժամանակ տրամադրելով այդ աշխատանքին:
Կարելի չէ նաեւ ուրանալ, որ կան նաեւ գիրքեր, որոնք տարօրինակ հետաքրքրութեամբ կը փնտռուին ու նոյն հետաքրքրութեամբ ալ կը կարդացուին: Նման հատոր մըն է երեւակայական աշխարհ փոխադրող մանկապատանեկան գիրքերու այն շարքը, զոր տարեց թէ պատանի, հերթ բռնելով իրենց լեզուին թարգմանութիւնը կը գնեն ու մէկ շունչով ալ կը կարդան, հակառակ տարբեր ազգութեան պատկանող անձեր ըլլալնուն:
Այս գրութեան պատճառ դարձաւ հինէն եկող վէպ մը՝ «Ժիլ Պլաս», գրուած ֆրանսացի հեղինակ Լը Սաժի կողմէ, եւ առաջին անգամ հրատարակուած 1715ին: Ժողովրդային բարքեր ներկայացնող նշանաւոր գործ մը, իսկապէս, որուն հերոսը ուսեալ երիտասարդ մը ըլլալով հանդերձ, իր կեանքը կ’ապրի շատ անապահով միջոցներով եւ միշտ արկածներու ենթարկուելով:
«Ժիլ Պլաս» վէպին նոյնանուն հերոսը, Տը Սանթիյեան մականունով, ծնած է Սպանիոյ հիւսիսարեւմտեան կողմը գտնուող Օվիէտօ քաղաքը, ուրկէ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար կու գայ Սալամանքայի համալսարանը: Ինք կը պատմէ այնուհետեւ, թէ ինչպէս իր իջեւանած պանդոկին մէջ ճաշի կը նստի եւ երկար ճամբէն պարտասած մինչ գրեթէ կը սկսի լափել դրուած կերակուրը, յանկարծ ճաշարանի դրան սեմին կը յայտնուի ասպետ մը: Նորեկը, երկար սուրը մէջքին, ներկայանալի արտաքինով ու մաքուր տարազով անձ մը, որ պանդոկապետէն իմացած ըլլալով ներսի երիտասարդին անունն ու մականունը, ուղղակի կը դիմէ անոր.
– Պարոն ուսանող, ինծի ըսին թէ Պարոն Ժիլ Պլաս Տը Սանթիյեանն էք, Օվիէտոյի զարդը եւ փիլիսոփայութեան ջահը:
Տակաւին մաս մըն է ասիկա ներս մտնողին ունեցած արտայայտութիւններէն, որոնք կը բազմապատկուին այնքան, որ Ժիլ Պլաս կը ստիպուի զայն իրեն սեղանակից դարձնել: Անշուշտ ասպետը սկիզբը կ’առարկէ, ըսելով թէ շատ ախորժակ չունի, սակայն յետոյ պարզապէս «ընկերակցելու համար» սեղան կը նստի, «քանի մը պատառ» ուտելու նպատակով:
Սեղանին վրայ ի յայտ կու գայ, սակայն, որ իբրեւ ասպետ ներս մտնողը, արհեստավարժ շողոքորթ մըն է, որուն ունեցած միակ զգեստն է այն, զոր հագած է, եւ թէ օրն ի բուն կը շրջի, օտարականներ գտնելու եւ անոնց հաշւոյն իր անկուշտ փորը լեցնելու: Մուրացկան «ասպետը» շողոքորթի իր ճոռոմաբանութեամբ նոյնիսկ կ’ըսէ, թէ եօթը յոյն իմաստուններու ծննդավայրը եղող Հելլադայի նման, Սպանիա ալ օր մը պիտի պարծի՝ Ժիլ Պլասը ծնած ըլլալուն համար: Այս ըսելով, շողոքորթը կ’իյնայ ձուածեղին վրայ ու երեք օր անօթի մնացողի մը հապճեպով կը կլլէ զայն: Շնչառութեան համար գլուխը վեր վերցնելուն, «ասպետ»ը գովեստ մը եւս կը շռայլէ զինք ապշահար դիտող ուսանողին, որուն հպարտութեան սին զգացումները կը շոյուէին ակամայ: Շողոքորթը գինի ալ կը խմէ ստէպ, մերթ սեղանակիցին կենացը, մերթ անոր հօրն ու մօրը, առողջութեան մաղթանքներ կատարելով անոնց համար: Ձուածեղը աւարտելուն, Ժիլ Պլաս ձուկ կ’ապսպրէ, որպէսզի ինք ալ կարենայ պատառ մը ուտել եւ կշտանալ: Պանդոկապետը, որ ըստ երեւոյթին համաձայնած է մակաբոյծ «ասպետ»ին հետ, անմիջապէս կը կատարէ ապսպրանքը, ու բաւական սուղ արժողութեամբ պատուական կարմրախայտ մը սեղան կը բերէ:
Կոչնականը ձուկին վրայ ալ կ’իյնայ ինչպէս ինկած էր հաւկիթներուն վրայ, ու բաւական ուտելէ ետք, վախնալով, որ առողջութիւնը կրնայ խանգարուիլ, կանգ կ’առնէ պահ մը: Ապա, փորը կշտացուցած ըլլալով, եւ վերջ դնելու համար խեղկատակութեան, ոտքի կ’ելլէ ու խրատ մը կու տայ իր հիւրընկալին, նախքան անկէ բաժնուիլը: Ան կը թելադրէ երիտասարդ ուսանողին, որ զգուշանայ բոլորովին անծանօթ մարդոց հետ մտերմութիւն ընելէ, որոնք կրնան իր դիւրախաբութենէն օգտուիլ, համոզելով, թէ աշխարհի ութերորդ հրաշալիքին հանդիպած են զինք տեսնելով:
Ասիկա օրինակ մըն է անշուշտ, կերպարի մը՝ որուն կրկնօրինակներով լեցուն է մարդկային ընկերութիւնը: Աւելի սոսկալի է անկասկած, յետ մահու կատարուած շողոքորթութիւնը, զոր կարելի է համեմատել մեռելին դիակը ծամելու պշգալի ունակութեան հետ, որուն վարժութիւնը ունին այս տիպի շողոքորթներ: Անոնք պէտք չունին ողջ սեղանակից մը ունենալու իրենց դիմաց: Այլ՝ բաւարար կը նկատեն անունի ու համբաւի շահագործումը, այնպիսի շողոքորթութեամբ, որ ընդունելի ըլլայ ո՛չ այնքան մեռելին դիտանկիւնէն, որքան իրենց շահուն դիտանկիւնէն, որովհետեւ պէտք չէ մոռնալ բնաւ, որ շողոքորթը միշտ անկուշտ փոր մը կ’ունենայ, զոր պարտաւոր է յագեցնել, առանց խտրութիւն դնելու միջոցներուն միջեւ:
Ասպետական տարազը, զոր Ժիլ Պլաս վէպին շողոքորթը հագած էր, ու մանաւանդ այն երկա՜ր սուրը զոր կը կրէր մէջքին, դիմացի ոչխարամիտ մարդը խաբելու համար էին պարզապէս: Իսկ կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ի՜նչ յուսախաբութեան պիտի մատնուին Ժիլ Պլասի նման դիւրախաբ մարդիկ, երբ այդ «ասպետը» իր փորը կշտացնելէ, ու իրենց գրպանը պարպելէ ետք, իրենց քթին խնդայ ու հեռանայ սեղանէն, տակաւին «եղբայրական» խրատ մըն ալ տալով:
Անսուաղ շողոքորթներով լեցուն է մարդկային ընկերութիւնը: Այս առումով, ճաշասենեակիդ ու մանաւանդ ճաշասեղանիդ շուրջը դարձող անձերու շատ պիտի հանդիպիս: Ոմանք պիտի հոտուըտան ճաշդ, ուրիշներ մատերնին պիտի երկարեն համտեսելու կերածէդ, իսկ ոմանք ալ պատրաստ պիտի սպասեն թքելու ճաշիդ մէջ, եթէ բաժին չհանես իրենց:
Յամենայն դէպս, վերոյիշեալ նկարագրով մարդիկ միշտ ալ նախ պիտի փորձեն իրենց տարազով ու սուրով տպաւորել քեզ, մանաւանդ շողոքորթութեան հաստափոր բառարանը էջ առ էջ բանալով, ու ընտրելով գովքիդ յարմար լաւագոյն բառապաշարը: