Ընկերային կեանքի երկու իրերանման երեւոյթներ, իրարմէ տարբեր, սակայն միեւնոյն շաբթուան մէջ պատահած, որոնք ներքին տաղտուկ եւ անհամաձայնութիւն կը յառաջացնէին կողմերուն միջեւ, պատճառ դարձան որ համբերութեան երկնատուր շնորհքին մասին անգամ մը եւս մտածելու առիթ բացուի բոլորիս դիմաց, այս գրութեամբ:
Երջանիկ տուներուն պատերը սովորական աղիւսներով չե՛ն հիւսուիր, ո՛չ ալ սովորական կիրով կը ծեփուին: Այլ՝ համբերութեան տոկուն քարերով կը պատուին, ու յաւերժական անխառն ուրախութեան ժպիտով գեղանկարուած կ’ըլլան: Համբերութիւնը անչափ է, եթէ իսկական համբերութիւն է: Չկա՛յ սահման իրա՛ւ համբերութեան, որովհետեւ անիկա «կեանք է», ինչպէս ըսուած է: Նոյնիսկ եթէ ոմանք առարկեն եւ անմիջապէս աւելցնեն, թէ՝ երկարատեւ համբերութիւնը «տանջանք է», համաձայն պիտի չըլլայինք, որովհետեւ այլեւս ատիկա համբերութիւն կարելի պիտի չըլլար կոչել:
Եբրայեցի ժողովուրդի անցեալի պատմութեան մէջ, Եգիպտոսէն ելքի ժամանակաշրջանին, երկար համբերութեան փորձառութիւն մը տրուեցաւ Աստուծոյ կողմէ: Համբերութիւն՝ մինչեւ խոստացուած երկիր անոնց մուտքը: Սակայն պատահեցաւ նաեւ անսպասելին: Բնականաբար ամբողջ ժողովուրդը միեւնոյն համբերութիւնը պիտի չունենար: Նոյնիսկ մէկ մարդու մէջ, համբերութիւնը երբեմն ինչքան վերիվայրումներէ կ’ունենայ: Ուստի, ակնկալելի էին նաեւ դժուարութիւններ, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը ճամբայ կը հանուէր դէպի անորոշին մէջ գտնուող երկիր մը, ուր Աստուած պիտի տանէր Իր ժողովուրդը:
Դժուարութիւններուն գլխաւորը, զոր ունեցաւ ժողովուրդը՝ համբերութեան պակասն էր: Անօթութիւնը նոյնիսկ, որ մարդու ֆիզիքական կարիքներէն մէկն է, որպէսզի իր կենդանութիւնը պահէ, ինքզինք աւելի զգալի կը դարձնէ համբերութեան պակասին հետեւանքով:
Եգիպտոսէն դուրս ելլող հրեաներուն մէջէն դժգոհողները, ընդհանրապէս կը գովէին իրենց ապրած հանգիստ ու նստակեաց կեանքը այնտեղ, մինչ այստեղ՝ անապատին մէջ, թափառական էին ու մարդկային հաշիւներով՝ անորոշ էր իրենց ապագան: Աստուածաշունչին մէջ յիշուած է, թէ քառասուն տարի տեւեց այս ժողովուրդին անապատային թափառումը: Վստահաբար նոյնիսկ եթէ սկիզբէն ըսուէր ժողովուրդին, թէ այդ պանդխտութիւնը՝ մինչեւ խոստացուած երկիր մուտքը, քառասուն տարի պիտի տեւէր, դարձեալ համբերութեան պակասէն տառապողներ պիտի ըլլային, եւ վստահաբար պիտի դժգոհէին նման կարգադրութեան մը դիմաց: Սա, երեւոյթ մը կը պարզէ մարդուն մէջ, որ համբերութեան ժխտումը կարելի է կոչել, կամ պարզապէս պայքար մը՝ համբերութեան դէմ բացուած:
Այսօրուան կեանքին մէջ, շատերուն այնպէս կը թուի, թէ «խոստացուած երկիր» երթալու նախապայման չէ «անապատէն անցնիլ»ը: Մինչեռ կա՞յ երջանկութիւն՝ առանց տառապանքի, կամ հանգիստ՝ առանց յոգնութեան, կամ ուրախութիւն՝ առանց նախընթաց արցունքի: Մէկը միւսով պայմանաւորուած է այս կեանքին մէջ: «Անապատ»ը՝ անորոշութեան անծայրածիր գետինը ըլլալէ բացի, նաեւ վտանգաւոր այն վայրն է, ուր յանկարծ կրնան մեր դիմաց պատահիլ վայրի կենդանիներ, ցիռեր կամ այլ տեսակի գազաններ: Այդ անասունները խորհրդանիշ են մեր չակնկալած դժուարութիւններուն, որոնք կեանքի ընթացքին անպայման պիտի պատահին մեզի:
Ընտանեկան կեանքը եւս, մինչեւ ճշմարիտ երջանկութեան բարձրանալը, ունի վերավայրումներու գետին մը, նման անապատին մէջ աւազամրրիկին ստեղծած ոլորապտոյտ բլուրներուն եւ ալիքաւոր անհարթ տափաստաններուն: Գետիններ, սակայն, որոնց վրայ մեր ոտքերուն դրոշմած հետքերը՝ որոնք մեր կեանքի դժուարութիւններն են, շուտով կը ծածկէ քամին, ու անոնց տեղն անգամ յայտնի չըներ եթէ համբերել գիտնանք, մինչեւ «խոստացուած երկիր»՝ մեր երջանկութեան հանգրուանը ժամանելը:
Կը ճանչնամ մարդիկ, որոնք իրենց համբերութիւնը «մարզելու» համար, յաճախակի առիթներով ձկնորսութեան կ’երթան: Երբեմն անոնք ժամերո՜վ կը սպասեն աչքերնին յառած աննշան կարթին, որպէսզի ձուկ մը գայ, հոգ չէ թէ շատ փոքրի՜կ ձուկ մը, եւ խածնէ կարթին անցուած կերը, ու իրենք զայն վեր քաշեն քաջաբար: Իսկ միեւնոյն անձերը յաճախ տան մէջ չեն կրնար քանի մը երկվայրկեան համբերել, անմիջապէս պահանջելով որ ուրիշներ «խածնեն» կարթը ու բռնուին իրենց ձեռքերուն մէջ:
Միւս կողմէ, ցուցաբերուած համբերութիւն մը ինչքա՜ն դիւրին է շահագործելը: Մարդ ինչքա՛ն համբերութիւն ունենայ, ա՛յնքան աւելի մարդիկ կը հաւաքուին իր շուրջ, որոնք կ’ուզեն օգտուիլ իր շնորհած համբերութենէն: Նայեցէք ձեր շուրջը: Համբերութիւն ունեցող մարդոց շուրջ հաւաքուած կ’ըլլան անհամբեր մարդիկ, որոնք զանազան պահանջներով կը մօտենան անոնց:
Ամէնէն երկար համբերութիւնը կ’ունենան եւ լուռ կերպով մտիկ կ’ընեն իրենց խօսակիցը անոնք, որոնք պատմուած նոյն հարցին մէջէն իրենք ալ կ’անցնին: Ինչքան ալ որ ան մտիկ կ’ընէ իրեն պատմուածը, միեւնոյն ատեն մտքի բաղդատականով, ի՛ր պարագան կը համեմատէ իրեն ներկայացուածին հետ, ու իրեն համար նպաստաւոր լուծումներ կ’առաջարկէ դիմող անձին:
Համբերութիւնը յաճախ դառն կացութիւններ կը ստեղծէ մեզի համար, սակայն վստահ պէտք է ըլլալ, որ անոր պտուղները միշտ քաղցր են: «Մինչեւ տասը հաշուել»ու պարզ «ծառ»ին տակ նստած, ինչքա՜ն բարի բերքեր կրնանք քաղել: Սակայն կրնա՞նք անուս հողագործէն սորվիլ, թէ ինչ որ ցանես՝ նոյն օրը զայն չե՛ս կրնար հնձել, այլ ժամանակ պիտի տաս հունտին, պիտի համբերես մինչեւ որ անիկա ծիլ արձակէ, ցօղուն կազմէ, հասուննայ ու արդիւնք տայ: Ցանել ու հնձել միեւնոյն օրուան մէջ, դրախտային երանական անիմանալի պարտէզին մէջ անգամ, բնութեան հակառակ պիտի ըլլայ: Հետեւաբար համբերութիւնը բնութեան ընթացքին մաս կազմելով, մարդու բնութեան մէջ ալ ունի իր կարեւոր տեղը ու դերը: Պօղոս առաքեալն ալ մեր կրած բոլոր նեղութիւնները կը նկատէ աղբիւր համբերութեան, իսկ այս վերջինին պտուղը կը նկատէ՝ տոկունութիւնը եւ յոյսը, որ «երբեք ամօթով չի՛ ձգեր» կ’ըսէ (հմմտ. Հռ. 5.3):
Առանց ձկնորս ըլլալու, երբեմն ժամերով կը համբերես կարթին դիմաց, որպէսզի որեւէ՛ ձուկ մը, հասարակ ու անպէտ, բռնուի ու եղէգովդ դուրս բերես զայն գոհունակ սրտով: Արդեօ՞ք նոյն համբերութենէն նուազագոյն տոկոս մը չես կրնար տրամադրել, կեանքդ կարգաւորելու համար, երբեմն անխօս ու լուռ, ծովափի ժայռերուն նստած լուռ մենութեանդ նմանութեամբ: Թերեւս շատ մը հարցեր այսպիսով կարենաս լուծել…: Փորձէ՛: