Միւռոնօրհնէքի գերազանցօրէն փառաշուք արարողակարգը, հանդիսութիւնը, առիթ է համազգային հրճուանքի, միութեան, եղբայրութեան, գործադրութեան՝ իբրեւ մէկ ազգի, մէկ ժողովուրդի եւ մէկ մշակոյթի ժառանգորդներու:
Բոլոր պատրաստութիւնները իրենց աւարտին հասած՝ Յունիս 8ին, հայ ժողովուրդը հրճուանքով պիտի ողջունէ փառաշուք Միւռոնօրհնէքի սփոփարար հանդիսութիւնը:
Անոր եզակի իմաստն ու խորհուրդը, որ ծանօթ է նաեւ կրօնական ու քաղաքական շրջանակներուն, առիթ կու տայ, որ բարձրագոյն հանգամանքներ զբաղեցնող անձնաւորութիւններ անձամբ կամ ներկայացուցիչներով ներկայ գտնուին հանդիսութեան:
Եօթը տարիներ առաջ՝ 2001ին, Միւռոնօրհնէքի հանդիսութեան անձամբ ներկայ էին Լիբանանի վսեմ նախագահը, վարչապետը (նահատակ), բազմաթիւ նախարարներ, երեսփոխաններ, Հայաստանի, Իսլամական աշխարհի, արաբական, եւրոպական երկիրներու դեսպաններ, քոյր եկեղեցիներու պատրիարքներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
Մասնաւոր կերպով պէտք է յիշատակել ներկայութիւնը Հայաստ. Առաքել. եկեղեցւոյ նուիրարապետական Աթոռներու գահակալներուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն. նաեւ՝ կաթողիկոսութեան միաբանութեան թեմակալ առաջնորդներու, բարձրաստիճան հոգեւորականներու մեծ թիւով ներկայ գտնուիլը:
Այսուհանդերձ, հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու բարերարներ, ազգայիններ, եւ թեմերէ պատասխանատու անձնաւորութիւններ կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը:
Պաշտօնական յիշեալ շրջանակներէն ետք, ամէնէն հիմնականը ժողովուրդի զանգուածային ներկայութիւնն էր Լիբանանէն, եւ յատկապէս Սուրիայէն եւ Կիպրոսէն:
Մեծ է խորհուրդը շնորհատու իւղին օրհնութեան:
Ժողովուրդը անզսպելի հրճուանք կ’ապրի, երբ մանաւանդ՝ Ս. Էջմիածինէն բերուած Միւռոնը Վեհափառը իր ձեռքով կը հեղու նորին մէջ:
Հոգեկան անչափելի ուրախութիւն է նաեւ, երբ Վեհափառ հայրապետը հին միւռոնը կը հեղու նորին մէջ:
Անկախ մէկ եկեղեցւոյ, մէկ հաւատի զաւակներն ըլլալու զգացումէն, հոն՝ այդ վայրկեաններուն, պահ մը կը ջնջուի ժամանակն ու տարածութիւնը պատմութեան, դարերուն, անցեալը կը միանայ ներկային, հինը կը գտնէ նորը, պապերը կը տեսնեն իրենց զաւակներն ու թոռները, որոնք կը պարզեն ցեղին նոր պատկերը դէպի յառաջ իրենց երթին մէջ:
Մոռնալով ընթացիկն ու առօրեան, Միւռոնօրհնէքը թող առիթ ըլլայ պահ մը ապրելու անուշաբոյր իւղին հոգեհարուստ խորհուրդին մէջ: