Յունիս 6ին Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Դաւիթ Լոքեանը եւ Աղուան Վարդանեանը: Քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու ներքին եւ արտաքին ոլորտներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպումին կը մասնակցէր Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: