Արհեստավարժութենէն շատ հեռու, տնավարի մօտեցում կ’ըլլայ, եթէ մենք մեր բաժանորդներուն յորդորենք, որ համբերեն ու սպասեն, որ «Ասպարէզ»ը կանոնաւոր, օրին ստանան թղթատարէն։
Թերթը ուշ ստանալու համար դժգոհողներու թիւը բաւական մեծ է։ Մարդիկ կը հեռաձայնեն եւ բողոք կը յայտնեն, որ թերթը ժամանակին չի հասնիր, որ իրենք անհամբեր կը սպասեն եւ յուսախաբ կ’ըլլան, երբ մէկ կամ երբեմն աւելի օրով կ’ուշանայ իրենց թերթը։
Արդար բողոք է, եւ այստեղ կ’ուզեմ ձեզ հետ կիսել բողոքողներէն ոմանց արտայայտութիւնները։
Ռիթա Տուզճեան.- «Ցոլինէ, հոգիս, այս շաբաթ թերթը նորէն չեկաւ։ Քսանհինգ տարիէ ի վեր ասանկ բան չէր եղած։ Նայինք, Աստուած ուզէ կը շտկուի»։
Ցոլինէն «Ասպարէզ»էն հեռաձայնը ընդունող տիկինն է։
Սարգիս Տէրվիշեան.- «Սիսթեմը փոխուելէն առաջ աւելի լաւ էր։ Չըլլալիք է հիմա»։
Վարազ Մանուկեան.- Խայտառակութիւնը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի։ Եթէ այսպէս ընթանայ, չեմ ուզեր ստանալ»։
Ակոբ Քիւրէճեան.- «Դուք արձակուրդի մէ՞ջ էք։ Մէկ շաբաթէ ի վեր թերթ չեմ ստանար»։
Նուէր Փեթրուս.- «Ես հեռու կ’ապրիմ։ «Հորիզոն» չունիմ։ Կ’ուզեմ հայկական լուրեր կարդալ, տեղեակ ըլլալ։ Հիմա ըսեմ, ալ մի ղրկէք, սուտ կ’ըլլամ։ Հաճիք, ղրկեցէք»։
Էմմա Տէր Գրիգոր Մելիքեանց.- «Շաբաթ օրուան թերթը չեկաւ ոչ Երկուշաբթի, ոչ ալ Երեքշաբթի։ Այսպէս բան չի կարող լինել։ Շատ անկանոն է, չէք ուղարկում, յետոյ էլ մէջ մէջի դնում ուղարկում էք։ Շաբաթ օրուանը շատ կարեւոր է։ Զբաղւում ենք։ Խնդրում եմ օրը օրին ուղարկեցէք»։
Սեդրակ Ղազուրեան.- «Շատ գանգատիլ չեմ սիրեր, բայց ստիպուած… Կը ներէք այս հեռաձայնովս ձեզի կը ձանձրացնեմ, պիտի շտկո՞ւի. մէկ երկու օր լաւ էր, բայց Շաբաթ օրուանը նորէն Երեքշաբթի հասաւ»։
Եւ այսպէս տասնեակ մը այլ դժգոհ, բայց քաղցր ձայներ։
Չեմ շողոքորթեր։ Քաղցր են այս ձայները, որովհետեւ հայկական թերթի հանդէպ կարօտի եւ պահանջատէրի զգացում կ’արտայայտեն։
Կ’ուզեմ վստահեցնել միեւնոյն ժամանակ, որ թերթի համապատասխան բաժինը ամէն ճիգ կը թափէ կանոնաւորելու վիճակը։
Դուք ալ անշուշտ կրնաք մասնակցիլ այս ճիգին հեռախօսելով եւ բողոքելով ձեր շրջանի նամակատուն։ Մեր բողոքը կատարած ենք Լոս Անճելըսի Կեդրոնական նամակատուն, որ քննութիւն բացած է եւ կը փորձէ սրբագրել վիճակը։
«Ասպարէզ» նաեւ այլ քայլեր կ’առնէ, ազդելու համար նամակատան պատասխանատուներուն վրայ՝ առաւել բծախնդրօրէն մօտենալու թերթին եւ անոր բաշխման հանդէպ։
Մինչ այդ… կը խնդրենք, որ քիչ մըն ալ համբերէք։