Եթէ տան համար գնում կատարելու պարտականութենէն ազատ անձ ես, շատ ալ չես իմանար, որ տեսակ տեսակ լոլիկներ կան, ամէն մէկը իւրայատուկ համով, հոտով, ձեւով ու չափով։ Աղձանի մէջ լոլիկը տեսնելով, նոյնիսկ զայն թիւրիմացաբար բանջարեղէնի կարգին դասողներուն շարքին կրնաս ըլլալ։ Այս ամէնը կենաց մահու հարցեր չեն յառաջացներ քեզի համար։ Գոնէ մինչեւ վերջերս լոլիկի տեսակներու ճանաչումը ընդհանուր զարգացման պահանջք մը կրնար գոհացնել։ Տարբեր է պարագան այս օրերուն, երբ երկիրով մէկ ահազանգ կը հնչեցուի լոլիկի որոշ տեսակներու աղիքային հիւանդութիւն պատճառելու վտանգի մասին։
Հիմա զգոյշ պէտք է ըլլալ լոլիկ գնելու ատեն։ Եթէ տնամերձի պարտէզէն կը քաղէք այդ հիւթեղ պտուղը, կրնաք հանգիստ ու անվախ վայելել անոր համը։ Ձեր քրտինքով, ձեր ձեռքով ցանուածը մաքուր է, առողջ։
Եթէ շուկայէն կը գնէք, զգոյշ եղէք։ Գնեցէք այն լոլիկները, որոնք տակաւին իրենց ճիւղերուն կապուած են, կամ գնեցէք կեռաս-լոլիկ՝ «Չէրի թըմէյթօ», կամ սալոր-լոլիկ՝ «Բլամ թըմէյթօ» կոչուածները, փոքրիկ-մոքրիկ լոլիկները։ Իտալական ձեւի լոլիկներէն՝ «Ռոմ-թըմէյթօ»ներէն հեռու կեցէք։
Յամենայնդէպս, խանութպանին կամ վաճառողին հարցուցէք գնելէ առաջ։
Հարցը լուրջ է։ Մանաւանդ տկարներու համար, անոնց որոնց մարմինը դժուարութիւն ունի պայքարելու մանրէներու դէմ։ Սխալ լոլիկը ուտելով կրնաք կեանքերնիդ վտանգել։ Չ’արժեր։ Զգոյշ եղէք։ Այս ալ ժամանակաւոր է: