Հայաստանի խորհրդարանը կազմեց Մարտ 1ի ողբերգութեան ծալքերը քննարկելու, պատասխանատուները ճշդորոշելու եւ այդ առիթով ձերբակալուած ընդդիմադիր գործիչներու կնճռոտ հարցը լուծելու կոչուած Յանձնաժողովը, որուն մասնակցելու հրաւէր ստացած խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական ուժերէն միայն ընդդիմադիր թեւի ներկայացուցիչները դեռ յստակ եւ անվերապահ պատասխան չեն տուած։
Յանձնաժողովին եւ անոր աշխատանքներուն մասնակցելու ընդդիմադրութեան դժկամակութիւնը անակնկալ չէ. ինքնին բարացուցական է՝ Հայաստանի դիմագրաւած ներքաղաքական տագնապի ախտորոշման առումով։
Ինչպէս Մարտ 1ի խռովութիւններէն առաջ, նոյնպէս եւ այնուհետեւ Հայաստանն ու հայութիւնը յայտնուած են թշնամանքի անհաշտ բեւեռացման զոհի՝ պատանդի վիճակին մէջ. ամէն գնով իշխանափոխութեան հասնելու մտասեւեռումը կը շարունակէ զսպանակել այսպէս կոչուած ընդդիմադրութեան կեցուածքներն ու քայլերը. հակադարձաբար, ներքաղաքական դաշտի անխտիր բոլոր ուժերուն բացուելու եւ գործակցութեան ձեռք երկարելու նորընտիր նախագահի ամէնէն զիջողական նախաձեռնութիւններն անգամ բաւարար վստահութիւն չեն ներշնչեր մեր ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածին, թէ իշխանաւոր բեւեռը յաղթահարած է ամէն գնով իշխանութիւնը իր ձեռքը պահելու նկրտումը։
Ճիշդ այս փոխադարձ անվստահութեան ու թշնամանքի յամեցող մթնոլորտին մէջ, խորհրդարանէն ներս ներկայացուած թէ արտախորհրդարանական իր ճիւղաւորումներով՝ ընդդիմադրութիւնը կը խուսափի իշխանամէտ ճամբարի հետ երկխօսութեան այն բոլոր բացորոշ ու թափանցիկ քայլերէն, որոնք յաչս հանրային կարծիքին եւ մանաւանդ արեւմտեան պետական-քաղաքական շրջանակներուն այս կամ այն ձեւի օրինականութիւն կ՚ապահովեն նորահաստատ իշխանութիւններուն։
Հետեւանքը նոյնքան մտահոգիչ է, որքան նոյնինքն այն ողբերգութիւնը, որուն ծալքերը բանալով, անկողմնակալ ու թափանցիկ ախտորոշումը կատարելով եւ պատասխանատուները բացայայտելով ու օրինական պատժի ենթարկելով է միայն, որ Հայաստան կրնայ իր ետին ձգել Մարտ 1ին գագաթնակէտի հասած տագնապը։
Մանաւանդ որ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկին եւ արտաքին գործառնութիւններու գլխուն դամոկլեան սուրի նման կախուած է Եւրոպայի ճշդած Յունիս 23ի պայմանաւոր ժամկէտը՝ ներքաղաքական կեանքի բնականոնացման սայլը տեղէն շարժելու եւ իշխանութիւն-ընդդիմադրութիւն յարաբերութիւնները ժողովրդավարականօրէն կարգաւորելու պահանջով։
Կասկածէ վեր է, որ ներկայ իշխանութեանց հակադրուած ուժերը կը փորձեն եւ պիտի շարունակեն առաւելագոյնս օգտուիլ նոյնինքն ժողովրդավարութեան խաղականոններէն, որպէսզի ձախողութեան մատնեն իշխանութեանց ճիգերը՝ ընդդիմադրութեան հետ ժողովրդավարական բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու ճակատին վրայ։
Իշխանութիւն-ընդդիմադրութիւն երկխօսութեան ուղղութեամբ նետուած ամէն քայլ խափանելով կամ արգելակելով՝ ընդդիմադրութիւնը ընտրած է ժողովրդավարութիւնը իր իսկ խաղականոններով անելի մատնելու քաղաքական պայքարի ոճը. իշխանաւոր ճամբարը պէտք է զրկել ընդդիմադիր խօսակից ունենալու հնարաւորութենէն, որպէսզի Հ.Հ. նախագահն ու կառավարութիւնը ձեռնունայն ներկայանան… Յունիս 23ի ժամկէտին. ահա՛ այսօրուան ընդդիմադրութեան կիրարկած ձեւով ժողովրդավարական, բայց քաղաքական խորքով յեղաշրջական մարտավարութիւնը։
Ճիշդ այս անելը յաղթահարելու դժուարին քննութեան կոչուած է Մարտ 1ի Ողբերգութեան ծալքերը բանալու եւ պատասխանատուները ճշդելու առաքելութիւնը ստանձնած խորհրդարանական Յանձնաժողովը։ Անոր կազմութեան եւ աշխատանքին դրականօրէն ընդառաջած քաղաքական ուժերը անշուշտ կը գիտակցին, որ առանց ընդդիմադիր ճամբարի մասնակցութեան ըստ ամենայնի հարցական կը մնայ Յանձնաժողովին անաչառութիւնը։ Այլ առումով, սակայն, ընդդիմադիր ներկայացուցիչներու բացակայութիւնը Յանձնաժողովին կ՚ընձեռէ հնարաւորութիւնը միակողմանիօրէն ապացուցելու իր անաչառութիւնը, ինչ որ հիմնական երաշխիքն է անոր յաջողութեան։ Կը բաւէ, որ Յանձնաժողովը իր աշխատանքով փաստէ, թէ Եւրոպայի պահանջին կամ արտաքին ճնշումներու անսալէ աւելի, սեփական երկրի, ժողովուրդի ու պետութեան ներքին համերաշխութեան ամրագրման առաջադրանքն է իր մղիչ ուժը։
Առանց ընդդիմադիրի պատմուճանին գործող Յանձնաժողովէ մը եկած համոզիչ անաչառութիւնը, ի վերջոյ, բազմապատիկ անգամ աւելիով կրնայ նպաստել այնքան կենսական վստահութեան մթնոլորտի առաջացումին եւ արմատաւորումին։
Ինչպէս որ Յանձնաժողովին մասնակից Հ.Յ.Դ. պատգամաւորական խմբակցութեան քարտուղարը կը շեշտէր, ժամանակն է քաղաքական կամք դրսեւորելու եւ, ըննդիմադիր ճամբարէն եկող արգելակման փորձերով հանդերձ, տէր կանգնելու իրաւական պետութիւն եւ ժողովրդավարական հասարակարգ հաստատելու, ինչպէս նաեւ համապատասխան քաղաքական ու քաղաքացիական մշակոյթ զարգացնելու յանձնառութեան։
Դժուարին այս քննութիւնը յաջողութեամբ աւարտելու տարբեր երաշխիք չունինք։