ԹԵՀՐԱՆ.- Հայ համալսարանականներու ընդհ. միութեան Ուսումնագիտական բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, Յունիս 11-ին, միութեան «Ն. Աղբալեան» սրահին մէջ, «Հայկական Յուշային ճարտարապետութեան Յուշարձաններ» թեմայով դասախօսեց իրանահայ ճարտարապետ Շերլի Աւետեան, որ Հայաստանի մէջ ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է Իրան եւ աշխատած է Իրանի մշակութային ժառանգութիւններու կազմակերպութեան մէջ՝ նախ իբրեւ պաշտօնեայ, ապա՝ իբրեւ Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնի տնօրէն:
Ան անդամ է Իրանի մէջ գտնուող հայկական վանքերու պահպանման յանձնախումբին եւ հայկական ճարտարապետութեան դասախօս է Թեհրանի հայոց թեմի «Հայերէնագիտական» երեկոյեան դասընթացքներու:
Շերլի Աւետեան իր դասախօսութեան ընթացքին բացատրեց յուշային (մոնումենտալ) ճարտարապետութեան նշանակութիւնը՝ նշելով, որ ատիկա ճարտարապետութեան այն ճիւղն է, որ կը զբաղի այնպիսի կոթողներով, որոնք կը յաւերժացնեն որեւէ գաղափար կամ նշանակալից իրադարձութիւն եւ դիտողին որոշ խորհուրդ կը փոխանցեն:
Ապա սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցան հայկական յուշակոթողներ՝ հնագոյն ժամանակաշրջաններէն մինչեւ ներկայ օրերը: Իր խօսքին մէջ դասախօսը կեդրոնացաւ տարբեր տեսակի խաչքարերու եւ Ծիծեռնակաբերդի ու Սարդարապատի յուշահամալիրներուն վրայ՝ ներկայացնելով անոնց կառուցման եւ բաղկացուցիչ բաժիններու հետ առնչուող մանրամասնութիւններ եւ բացատրութիւններ: