Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայ համայնքի եւ յատկապէս շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ու անոր թիկունք հանդիսացող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեղւոյն «Ռոստոմ» կոմիտէութեան արձանագրած յաղթանակը, իրենց բնակած տարածքի թաղային ընտրութիւններուն, կ’արժէ առանձնաբար գնահատել:
Կ’արժէ, որովհետեւ համայնքային ու քաղաքական մեր ուժի արտացոլումն է:
Կ’արժէ, որովհետեւ մեր կազմակերպական կարելիութեանց արդիւնաւէտ օգտագործման արդար արգասիքն է:
Կ’արժէ, որովհետեւ կ’արտայայտէ հաւաքականութեան մը նպատակասլաց աշխատանքի վճռականութիւնը, որ ինքնին նկատառելի տարր մըն է քաղաքական որեւէ հաշուարկի պարագային:
Հայկական ընդհանուր հիւանդութիւն մը կայ, որ մեզ միայն բարձրագոյն մակարդակներու ընտրութիւններով հետաքրքրել կու տայ, անտեսելով մեր անմիջական շրջապատին վրայ ազդելու կարեւորութիւնը:
Քաղաքական ուժը, քաղաքական ազդեցութիւնը կաթիլ առ կաթիլ զօրացող, ուռճացող երեւոյթ է, որ կը պահանջէ ամէնօրեայ աշխատանք, ամէնօրեայ քրտինք, հետեւողականութիւն: Անգլերէն քաղաքական բառապաշարին մէջ «կրաս ռութս» հասկացողութիւնը կայ, որ կը նշանակէ ժողովրդային լայն խարիսխի վրայ հիմնուած: Հայ Դատի Յանձնախումբերը ունին այդ «կրաս ռութս»ը, ժողովրդային խարիսխը ու զայն ճիշդ կողմնորոշելու կարողութիւնն ու քաղաքական հասունութիւնը:
Յամենայնդէպս, յստակ է, որ եթէ ամերիկահայ համայնքը կը յաւակնի քաղաքական նկատառելի ուժ համարել ինքզինք, ուժ մը, որու հետ հաշուի պէտք է նստին քաղաքային, նահանգային ու դաշնակցային պաշտօնատարներ, ապա առաւել կարեւոր կը դառնայ Սան Ֆերնանտօ հովիտի մեր տղաներուն ու աղջիկներուն յաղթանակը:
Սան Ֆերնանտոյէն մինչեւ Ուաշինկթըն, հայկական քաղաքական ազդեցութիւնը պէտք է շօշափելի ըլլայ, պէտք է դրսեւորուի: Ամէնէն փայլուն դրսեւորումը, անշուշտ, մեր ուժերով, մեր հնարաւորութիւններով իրականացուած յաղթանակներն են:
Կը շնորհաւորենք հովիտցիներուն յաղթանակը: