Երեւանի մէջ երէկ սկսած Գրողներու Համահայկական Դ. համաժողովին կ’անդրադառնայ գրող Սարգիս Կիրակոսեան «Ազդակ»ի մէջ հրապարակուած յօդուածով մը՝ «Ի խնդիր վաղուան նպատակասլաց գրականութեան» խորագրով:
Կիրակոսեան շարունակականութիւն մը կ’ուզէ տեսնել «Հայ գրականութիւնը համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրներուն դիմաց» ընդհանուր թեմայով 6-9 Ապրիլ 2006ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Գ. Համաժողովին հետ, որու «առաջադրանքները պիտի բանան քննարկման եւ խորացման նոր հորիզոններ»:
Ըստ Կիրակոսեանի «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախաձեռնութեամբ, եւ Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումի գործակցութեամբ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» հաւատամքին համազգային դիմագիծ, մշակութային բացառիկ որակ, ապագայատեսիլ խորք ու նպատակասլաց թռիչք պարգեւած Անթիլիասի եզակի հանդիպումը՝ այսպէսով պիտի դառնայ վէմն ու զսպանակը մեր վաղուան հաւաքին եւ հայ գրողը պիտի դնէ ո՛չ միայն մեր ներկայի, այլեւ գալիքի բարդ ու կնճռոտ խնդիրները ամենայն պատասխանատուութեամբ դիմագրաւելու համահայկական անխուսափելի պարտաւորութեան դիմաց։
«Պէ՛տք է դնէ։ Այլապէս, Հայաստանի եւ Արցախի տագնապահար հողին վրայ իրականութիւն դառնալու կոչուած Դ. Համաժողովը, առաւելագոյն պարագային, կրնայ ըլլալ գրականագիտական, տեսաբանական, վերացական, կամ ակադեմական թէկուզ անյետաձգելի մշակութային հարցեր քննարկող ընթացիկ հանդիպում մը։
«Մինչդեռ, ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ տնտեսական-քաղաքական հաշուարկներու վրայ հիմնուած համամարդկային նոր գաղափարախօսութիւնը՝ համաշխարհայնացումը, իբրեւ ինքզինք օրըստօրէ աւելի պարտադրող նոր մտածելակերպ, գործելակերպ եւ կենցաղակերպ նաեւ ողջ հայութեան բաց ու փակ դռները կը թակէ՝ հայ գրողը կը գտնուի, պէ՛տք է գտնուի իր հաւաքական պատասխանը տալու եւ մեր անխոցելի վաղուան հիմնասիւներն ու պարիսպները ամրապնդելու ազգային ու համամարդկային դարաւոր նոյն պարտաւորութեան դիմաց»։
Կիրակոսեան կը հաւատայ, որ «մշակութային փոխյարաբերութեան եւ փոխներգործութեան ասպարէզէն ներս դարաւոր ժառանգ ու կենսափորձ կտակած ճշմարտութեան խիզախ պաշտպան եւ գեղեցիկին, բարիին ու վեհ արժէքներու անխոնջ սպասարկու հայ գրողները ա՛յս գիտակցութեամբ պիտի իմաստաւորեն ու կենսագործեն Գրողներու Համահայկական Դ. Համաժողովը։ Հաւաքաբա՛ր եւ բոլոր սերունդներուն բոլորանուէ՛ր մասնակցութեամբ։ Ու կասկած չկայ, պէտք չէ՛ ըլլայ մանաւանդ ա՛յն մասին, որ հայ գիրին ու գրականութեան նիւթապէս եւ բարոյապէս միշտ թեւ ու թիկունք տուած հայ մարդը, հեռուէն թէ մօտիկէն, մեծ ակնկալութիւններով եւ արդար սպասումներով պիտի հետեւի Երեւանը Շուշիին եւ Ստեփանակերտը Պէյրութին ու Սփիւռքի մնացեալ հայաքաղաքներուն կամրջող Դ. Համաժողովի զարգացումներուն եւ անոնցմէ բխելիք որոշումներուն»։