Հայաստանեան մամուլի մէջ յաճախակի սկսած է դառնալ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան հետախուզական աշխատանքի միջոցաւ յայտնաբերուած կաշառակերութեան փաստերու թուարկումը եւ ձերբակալութիւններու տեղեկագրութիւնները:
Որոշ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու աշխատանքէ հեռացումն ալ մամուլով ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը վերագրուի անոնց անցեալի կաշառակերութեան:
Յայտնի է, որ այս ձերբակալութիւնները լայնամաշտապ, համակարգուած ծրագրի մը մաս չեն կազմեր, այլապէս անոնց թիւը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար ու ձերբակալութիւնները շատ աւելի շռնդալից:
Պատահական այս ձերբակալութիւններն ու պաշտօնազրկումները շատ հաւանաբար աւելի կը միտին պատգամ դառնալ բոլոր պաշտօնատարներուն, զգուշանալու՝ կաշառք վերցնելէ:
Իբրեւ այդպիսին, կարելի է դրական նկատել այս փաստերը: Սակայն, իրենց ներկայ ձեւով անոնք շուտով կրնան վերածուիլ վհուկաորսի, առիթ տալով որոշներու հաշուեյարդար կատարելու իրենց մրցակիցներուն կամ պարզապէս իրենց համար անբաղձալի նկատուած անձերու հանդէպ:
Կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընելը ռազմավարական արժէք ունի Հայաստանի զարգացման համար: Սակայն նման ծրագիր մը պէտք է ամբողջական ըլլայ ու անոր գործադրութիւնը՝ անխոցելի, այլ ոչ թէ թուի կամ երեւի՝ պատահական :