Ռոտոս կղզիի մէջ 26-29 Յունիսին, տեղի ունեցաւ միջազգային համախորհրդարանական քրիստոնեայ-ուղղափառ 15րդ յոբելենական վեհաժողովը, ուր մասնակցութիւն բերին Հայաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչներ՝ Հ.Յ.Դ. ԱԺ պատգամաւոր Ռուզան Առաքելեանը եւ Հանրապետական ԱԺ պատգամաւոր Մկրտիչ Մինասեանը: Ստորեւ՝ Ռուզան Առաքելեանի պատասխանները «Ազատ Օր»ի հարցումներուն:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».-Ե՞րբ եւ ի՞նչ նպատակներով կազմուած է քրիստոնեայ-ուղղափառ միջ-խորհրդարանական ժողովը:
ՌՈՒԶԱՆ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Արդէն 15 տարի է, որ քսանէ աւելի երկիրներու խորհրդարաններու ուղղափառ կուսակցութիւններու կամ ուղղափառ եկեղեցիներու պատգամաւորները կը հրաւիրուին խորհրդաժողովի: Այս հաւաքներու նպատակը կը կայանայ՝ մարդկութեան առջեւ ծառայած մարտահրաւէրները յատուկ կարեւորութեամբ նշելու առաջադրանքին մէջ: Կարեւորելով եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը՝ որպէս մարդկային ու ազգային բարձրագոյն արժէքներու պահապան, վեհաժողովը օրակարգի կը բերէ այն հարցերը, որոնք հրատապ են ու այժմէական: Եկեղեցին համամարդկային այն կռուաններէն մէկն է, որու միջոցով կարելի է ազգային արժէքները պահել եւ փոխանցել նորանոր սերունդներուն: Սակայն եկեղեցին առանձին, չի կրնար դիմագրաւել այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնք կը սպառնան խեղաթիւրել բարոյական արժէքները, եթէ տուեալ երկրին կողմէ կիրարկուած քաղաքականութիւնը նպատակաուղղուածութիւնը չունենայ միաժամանակ՝ իր հովանիի տակ առնելու, պահելու եւ փոխանցելու ժողովուրդի դարերով բերած ու փոխանցած արժէքները:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Հայաստան առաջի՞ն օրէն կը մասնակցի տուեալ կազմակերպութեան:
ՌՈՒԶԱՆ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Այս վեհաժողովը 15րդն էր, որուն մասնակցութիւն բերին 21 երկիրներու խորհրդարաններու պատգամաւորական պատուիրակութիւններ: Հայաստանը արդէն 12 տարի է, որ մասնակցութիւն կը բերէ վեհաժողովին: Այս անգամ, ինչպէս նախորդ անգամ ալ, պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէր ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Մկրտիչ Մինասեանը: Ան արդէն հինգերորդ տարին է, որ կը մասնակցի այս վեհաժողովի աշխատանքներուն: Մինասեան դարձեալ նոյն խնդիրներուն շուրջ, հանդէս եկաւ ելոյթով, որ շատ լաւ ընդունուեցաւ մնացեալ մասնակիցներուն կողմէ:
Ես անձնապէս այս խորհրդաժողովին առաջին անգամ ըլլալով մասնակցութիւն բերի եւ կրնամ ըսել որ ինծի համար շատ հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր, նաեւ այն հանգամանքով, որ վեհաժողովի ղեկավարութիւնը կը կարեւորէր ոչ միայն ուղղափառ խորհրդարանականներու ներկայութիւնը, այլեւ քրիստոնեայ երկիրներու խորհրդարաններու ներկայութիւնը, ինչպիսին է մերը: Անշուշտ, շատ ուսանելի են նմանատիպ հաւաքները: Ոչ միայն իրար ճանչնալու իմաստով, այլեւ ժամանակի խնդիրները օտարներու տեսանկիւնով նայելու եւ վերլուծելու իմաստով:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Գործնական իմաստով ինչպիսի՞ օգուտներ կարելի է քաղել:
ՌՈՒԶԱՆ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Այս վեհաժողովի քննարկման հիմնական հարցը կլոբալիզացիայի
(համաշխարհայնացում) խնդիրն էր: Մարդկութեան զարգացումը, քաղաքակրթութեան յառաջդիմութիւնը իր հետ բերած է արժէքային համակարգ մը, որ այսօր դարձած է քննարկելու, վերլուծելու եւ եզրակացութիւններու յանգելու նիւթ: Անոնցմէ մէկը նոյնինքն համաշխարհայնացումն է, որ պիտի կարծուէր թէ 21րդ դարու ընթացքին քննարկման նիւթ պիտի չդառնար, այլ շատ բնական պիտի համարուէր: Որովհետեւ աշխարհի զարգացման գործընթացը ստեղծած է, -կամ կը յաւակնի ստեղծել- այնպիսի մթնոլորտ, ուր բոլոր ազգերը պիտի ապրին, որպէս մէկ ընտանիք: Քաղաքականութեան այս չափանիշի մօտեցումը սակայն դարձած է մտահոգիչ: Ինչո՞ւ: Քանի որ, թէ փիլիսոփայական իմաստով, թէ ուղղակիօրէն, իւրաքանչիւր ազգ յաւերժ կը գոյանայ՝ ամուր պահելով իր հաւատքն, ազգային ու մշակութային արժէքները: Ուստի բոլոր ազգերը, -որոնց կարգին նաեւ մենք՝ հայերս- 21րդ դարու մարտահրաւէրներուն պիտի մօտենանք երկու տեսանկիւնէ: Առաջին՝ ի՛նչ օգուտներ պիտի քաղենք ըսենք օրինակ՝ համաշխարհայնացումէն. ինչո՛վ կը վնասուինք, կամ ի սպառ ի՛նչ կը կորսնցնենք:
Երկրորդ՝ ինչպէ՞ս կարելի է վերլուծումներու աւարտին գալ այնպիսի եզրայանգման, որ մեր արժեհամակարգը չվտանգենք ու չդիմափոխենք:
Ահա՛ այս հարցերն էին հիմնականօրէն, որ յուզեցին վեհաժողովի մասնակցողները:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Ի՞նչ իրաւունքներ ու պարտաւորութիւններ կը վերապահէ մեր երկրի մասնակցութիւնը:
ՌՈՒԶԱՆ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Ուղղակի իմաստով իրաւունքներ եւ պարտականութիւններ չկան: Մենք հրաւիրուեցանք մասնակցելու հերթական վեհաժողովին, իսկ կարելիութեան պարագային կը կարծեմ թէ անպայման կը մասնակցինք դարձեալ: Իսկ պատրաստակամութիւնը վստահ եմ բոլորին համար նոյնն է: Միասին կը դիմագրաւենք այն մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան մեր ազգային ու մշակութային արժէքներուն իսկ խաթարման կ’առաջնորդեն համամարդկային որակները: Այս մէկը մեզմէ իւրաքանչիւրին թէ՛ պարտքն է, թէ՛ պարտականութիւնը, եթէ կոչուած ենք ներկայացնելու մեր երկրի քաղաքականութիւնը:
Ինչպէս արդէն ըսի, ազգային եւ մշակութային արժէքներու պահպանումը, այսօր բոլոր ժողովուրդներուն մօտ առկայ մտահոգութիւն է, որովհետեւ երրորդ, չորրորդ սերունդը, որ աւելի նոր արժէհամակարգի կրող է, կը հեռանայ իր ազգային արմատներէն: Երբ մենք կը տեսնենք, որ արդէն աշխարհի որեւէ երկրի մէջ խնդիր կը դառնայ արժէքները եկող սերունդներուն փոխանցելու հարցը, ուստի յայտնի է թէ իւրաքանչիւրս աւելի մեծ բեռ կը վերցնէ իր ուսերուն վրայ՝ որպէսզի ետ չմնայ այդ պայքարէն:
Երկիր, հայրենիք պահել չի նշանակեր միայն տարածքային ամբողջականութիւն ապահովել: Երկիրը, հայրենիքը յաւերժական կը դառնան, եթէ մենք բոլորս տէր մնանք մեր երկրի յաւերժական արժէքներուն հանդէպ: