Բացառուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին հայ-թուրք յարաբերութիւններու նոր խթան հաղորդելու առաջադրանքով կատարած խնդրայարոյց յայտարարութեան վրէպ ըլլալու տեսութիւնը։
Համաշխարհային հռչակ ունեցող «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ի Չորեքշաբթի, 9 Յուլիս թուակիր հրատարակութեան մէջ տեսակէտ տարազին տակ կը կարդանք նախագահին ստորագրութիւնը կրող «Պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան» խորագիրը կրող յօդուածը։
Ուշագրաւ է հետեւեալ բաժինը.
«Մեր երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը այլընտրանք չունի: Ես յոյս ունիմ, որ մեր կառավարութիւնները յաջողին անցնիլ նորաբաց դրան շեմը: Բնականոն քաղաքական յարաբերութիւններու սահմանումը մեզի թոյլ կու տայ յանձնախումբ ստեղծել բոլոր դժուար հարցերու համակողմանի քննարկման նկատառումով: Այդպիսի կառուցուածքային յարաբերութիւններու բացակայութեան պարագային մենք չենք կրնար շօշափելի յառաջընթաց ակնկալել: Միայն անոնց շնորհիւ մենք կրնանք սահմանել արդիւնաւէտ երկխօսութիւն, որ կը շօշափէ նոյնիսկ ամենավիճելի պատմական հարցերը»։
Միջազգային մամուլի կարեւոր մէկ ներկայացուցիչին կատարուած այս յայտարարութիւնը աւելի կը համոզէ, որ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն աւելի պատգամը յղուած է արեւմտեան աշխարհին, միջազգային հանրութեան։ Շարժառիթները կրնան տարբեր ըլլալ։ Հայաստանի ներքաղաքական կացութիւնը, արեւմուտքի ճնշումը Հայաստանի վրայ, Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն հնչող ակնկալութիւնները Հայաստանի պետութենէն։
Նրբերանգային տարբերութիւն կայ տակաւին Մոսկուայի մէջ եւ «Ուոլ Սթրիթ Ճուռնըլ»ի էջերուն կատարուած յայտարարութիւններուն միջեւ։ Մոսկուայի մէջ պատմագէտներու յանձնախումբի կազմութեան թրքական առաջարկին համամտութիւն տալը պայմանաւորուած էր սահմանադրան բացումով, մինչ համաշխարհային մամուլի ներկայացուցիչի էջերուն մէջ նման պայմանական մօտեցում չկայ։ Շարունակենք մնալ արեւմուտքի եւ միջազգային ընտանիքի կողմէ ընդունուած խաղի կանոններու տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ՝ մտածելով,որ նախապայմանային ըսելաձեւերը հաճելի չեն ընկալուիր նման քաղաքական միջավայրերու կողմէ եւ խաղաղասիրական կոչերը, երկխօսութեան հրաւէրները, զիջումնային «ժեսթ»երը կրնան պատասխանատուութեան բաժինը բեռցնել հակառակորդ կողմի ուսերուն։
Շարունակենք դիտարժան կէտերու ներկայացման այս փորձը եւ անմիջապէս աւելցնենք, որ թրքական մամուլէն առաջ ատրպէյճանական մամուլի ներկայացուցչիներ կը շտապէին «Ուոլ սթրիթ ճուռնըլ»ի սիւնակները գրաւած այս յօդուածի բովանդակութեան մասին լրատուութիւն շրջանառութեան մէջ դնելու։ Նուազ շտապողականութիւն նկատուած էր ազրպէյճանական մամուլին կողմէ Մոսկուայի մէջ կատարուած յայտարարութեան մասին անդրադառնալու ճիգին մէջ։ Հակառակ անոր, որ ըստ էութեան նոյն միտքն է, որ կը վերարծարծուի տարբեր բանաձեւումի տարազին տակ։
Յստակ է միանգամայն, որ պատգամը ուղղուած է արեւմուտքին եւ շարժառիթը կրնայ գերակշիռ ձեւով ներհայաստանեան ըլլալ, կապուած բնականաբար արտաքին մարտահրաւէրներու հետ։ Հայաստանի միջազգային հարուածուած հեղինակութիւնը վերականգնելու ընդհանուր մարտավարական մօտեցումներու պարունակին մէջ դիտարկելի երեւոյթ է անկասկած հեղինակաւոր մամուլին մէջ տպուած տեսակէտը։
Չմոռնանք զուգահեռաբար, որ արտաքին գործոց նախարարի եւ նախագահի մամլոյ խօսնակի մակարդակներով հանգամանաւորապէս վերաշեշտուեցաւ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի արտաքին խնդիրներու օրակարգին վրայ։
Փաստը կը մնայ փաստ, որ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն այս առումով կատարած յայտարարութիւններուն միջեւ կայ յստակ տարբերութիւն. հակասութիւն՝ նոյնիսկ կամ տրամագծօրէն հակոտնեայ դիրքորոշումներ։ Անհամաձայնութիւնը՝ պատմագէտներէ բաղկացած միացեալ յանձնախումբի կազմութեան ի սկզբանէ մերժումն էր Ցեղասպանութեան փաստը քննութեան տակ առնելու թրքական մարտավարական խաղերուն ներքաշուելուն։ Հիմա, նոյնիսկ ամենավիճելի պատմական հարցերու կոչուած երկխօսութեան համաձայնիլը պետական վերաբերումի կտրուկ փոփոխութիւն է։ Յայտարարուած՝ երկու առիթով։
Թեման թէժ է եւ հրապարակային քննարկումի կը հրաւիրէ հայ քաղաքական միտքը։ Առ այժմ այսքան։ Շարունակելի։