Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան նախկին անդամ, ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի իրաքաքայերուն եւ Չաւախքին օժանդակելու կոչուած յանձնախումբերու եւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան գործուն անդամ Հայկուշ Քոհլըր-Քեղինեան Յունիսի կէսերուն անձնական այցելութեան մը ընթացքին, Երեւանի մէջ հանդիպած է Իրաքէն Հայաստան հաստատուածներու: Երեւանի մէջ իրենց կեանքը վերսկսող իրաքահայերը արդէն փոքր կեդրոնի մը մէջ սկսած են հաւաքուիլ եւ միութենական կեանք մը ստեղծել, իրար ձեռք երկարել: Արցախի, յատկապէս Շուշիի մէջ կարեւոր ներդրումներ կատարած տիկ. Քոհլըր, որ նաեւ Չաւախքի Ժտանովական գիւղի դպրոցի վերանորոգման ծախսերը հոգացած է, ծանօթացած է Հայաստան հաստատուած իրաքահյերու յառողութիւններուն ու դժուարութիւններուն: Երեւանի մէջ հաստատուած իրաքահայերու միութեան ղեկավարն է Վարանդ Պետրոսեան: