Ամէն մարդ բարեկամութեան տարբեր ըմբռնում մը ունի: Ոմանց համար բարեկամները հպարտութեան առիթ են պարզապէս: Օրինակ, եթէ պատահի որ մէկու մը բարեկամը հարուստ է, անոր հարստութիւնը պատճառ կ’ըլլայ, որ ոչ թէ անպայման անկէ օգտուի անձը, այլ՝ պարզապէս անոր հարստութեամբ հպարտանայ, շրջապատին ցոյց տալով, որ ինք այդ հարուստին բարեկամութիւնը կը վայելէ: Ուրիշներ շահու մը ակնկալիքով կը մօտենան մարդոց, եւ կը փորձեն բարեկամանալ այնպիսի անձերու, որոնք կրնան այս կամ այն ձեւով օգտակար ըլլալ իրենց, կեանքի ընթացքին: Այսպիսիներուն համար, իրենց բարեկամին հարուստ ըլլալը հիմնական պայման մը չէ, այլ՝ անիկա կրնայ զօրաւոր մէկը ըլլալ, հեղինակութիւն ունեցող կամ համբաւ վայելող, որուն խօսքը բնականաբար «կ’անցնի», եւ հետեւաբար անոնց բարեկամացող անձինք շահաւոր կ’ըլլան տուեալ կացութեան մէջ:
Վերոյիշեալ մանր մունր հաշիւներով մարդոց բարեկամութիւնը շահագործողներէն տարբեր, կարգ մը անձեր միայն դժուար պարագաներու մէջ, այն եւ շա՜տ դժուարութեամբ «բերան կը ծռեն» իրենց բարեկամներուն: Ինչպէս որ ժողովուրդը կ’ըսէ՝ երբ «դանակը ոսկորին հասնի», միայն այն ատեն կը խնդրեն իրենց բարեկամներուն միջամտութիւնը, որպէսզի անոնք «փրկեն» զիրենք իրենց նեղ կացութենէն:
Մէկու մը միջոցաւ փրկութեան հասնելու այս գաղափարը հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցած է: Պատմութեան մէջ յիշուած է, որ նոյնիսկ ազդեցիկ մարդիկ կրցած են կախաղանէն վար բերել մահապարտներ, պարզապէս իրենց բարեկամը եղած ըլլալուն համար, կամ վերյիշելով անցեալին անոնց կատարած մէկ բարիքը իրենց անձին:
Քրիստոնէական կրօնքին հիմնական գաղափարը, նեղութեան մէջ գտնուողին, կարիքաւորին, անպաշտպանին, անկեալին, մեղաւոր մարդուն օգնութեան փութալուն մէջ կը կայանայ:
Աւետարանին մէջ արձանագրուած է Յիսուսի կողմէ պատմուած «կորսուած ոչխարին առակը»: Յիսուս այնտեղ կը պատմէ, թէ հովիւ մը որուն յանձնուած էին հարիւր ոչխարներ, կը նկատէ թէ անոնցմէ մէկը կը պակսի: Իննըսուն ինը հատը կը թողու լերան վրայ, եւ կ’երթայ այդ կորսուածը փնտռելու, եւ երբ կը գտնէ զայն, իր ուսին վրայ կ’առնէ, ու կը բերէ եւ հօտին կը միացնէ (հմմտ Յհ 10.11):
Հովիւի այս պատկերին մէջ, կայ նաեւ զօրաւոր բարեկամի մը կերպարը, որուն կարելի է ամբողջութեամբ վստահիլ կեանքի մէջ: Ո՞վ պիտի չուզէր ունենալ Յիսուսի նման ամենակարող բարեկամ մը, որ անդունդի ծայրը հասած վիճակին մէջ գտնուող մը կրնայ վերականգնել ու փրկել: Սակայն մեր ճանչցած բոլոր բարեկամները Անոր նման չեն: Կամ՝ մեր բարեկամ համարած անձերը անպայման անձնազոհ անձեր կրնան չըլլալ: Անձի մը բարեկամութիւնը կը փորձուի նեղութեան հնոցի վառ կրակին մէջ: Յիսուսի տասներկու աշակերտները, զորս Ինք իր «բարեկամներ»ը կոչեց, (հմմտ Յհ 15.15), Իր ձերբակալութեան պահուն մինակ թողուցին զինք ու փախան:
Մեզմէ աւելի բարձր հանգամանք ունեցող մեր բարեկամներուն մօտենալու կերպերը եթէ գիտենք, պէտք չէ մոռնանք նաեւ, որ անոնք ալ մեր դիմումներուն պատասխանելու կերպերը գիտեն:
Սեպենք թէ մեր դէմ դատ մը բացուած է, եւ մենք պէտք ունինք բարեկամներու, որոնք դատարան ներկայանան եւ իրենց բարի վկայութիւններով օգտակար հանդիսանան մեզի:
Երեք խումբի կարելի է բաժնել մեր խնդրանքին պատասխանող բարեկամները: ա) Անոնք որոնք կ’ըսեն թէ դատարանի ժամուն պիտի ներկայանան, սակայն չեն գար, մեզ առանձին թողլով այնտեղ: բ) Անոնք որոնք մինչեւ դատարանին դուռը կու գան, սակայն ներս մտնելու կարողութիւն չունենալով դուրսը կը մնան: գ) Անոնք որոնք ճշդուած ժամէն ալ առաջ ներսը կ’ըլլան, ու իրենց հեղինակաւոր բարի վկայութիւնը կու տան մեր մասին: Կա՞յ մէկը որ չի նախընտրեր այս երրորդ տեսակի բարեկամներէն ունենալ իր կեանքին մէջ:
Այս աշխարհի աւարտին ալ դատարան մը պիտի կազմուի, որուն Աստուածաշունչը կու տայ «Վերջին Դատաստան» անունը: Դատարան մը որուն դիմաց պիտի կանգնի ամբողջ աշխարհի մարդկութիւնը, իր մեծով ու փոքրով, հարուստով թէ աղքատով: Իսկ այդ դատարանին մէջ մեզի օգնութեան կանչած երեք տեսակի բարեկամներէն առաջինները, որոնք կը խոստանան մեզի հետ գալ սակայն չեն գար ճշդուած ժամուն, մեր նիւթական հարստութիւններն են, որոնց երբեմն այնքան կ’ապաւինինք, եւ ինչքա՜ն յոյսեր կը կապենք:
Մեր երկրորդ տեսակի բարեկամները, մեր հարազատներն ու ծանօթներն են եւ այն բոլոր մեր ճանչցած անձերը այս աշխարհի վրայ, որոնք մեր մահուան ժամանակ, ճիշդ է պիտի սգան, պիտի ողբան մեր կորուստը, պիտի յուղարկեն մեզ անդիի աշխարհ, առանց կարենալու մեզի ընկերանալ մեր այդ վերջին ճանապարհորդութեան ընթացքին:
Իսկ մեր երրորդ տեսակի բարեկամները, որոնք մեզմէ առաջ իսկ դատարանին մէջ պիտի ըլլան ու մեր մասին բարի վկայութիւն պիտի տան, մեր կատարած բարի գործերն են: Այդ իմաստով Յիսուս ըսաւ իր քարոզներուն մէջ, երկինքի մէջ գանձեր դիզեցէք ձեզի համար, ուր ոչ գողը կրնայ մօտենալ եւ գողնալ, եւ ոչ ալ ցեցը կրնայ գալ ու ապականել զանոնք (հմմտ Մտ 6.19-20):
Ամէնքս ալ մեր կեանքին ընթացքին տեղ մը, պահու մը ընթացքին,
երբեմն սայթաքումի մը հետեւանքով անդունդը կ’իյնանք եւ կը փնտռենք մեր բարեկամները, որպէսզի գան ու ազատեն մեզ այդ կացութենէն: Քրիստոս ի՛նք է այդ զօրաւոր բարեկամը, կորսուած հարիւրերորդ ոչխարը փրկող հովիւը: Սակայն այդ պահը չհասած, մենք պէտք ունինք մեր բարեգործութիւններով, հարուստ բարեկամներ դիզել երկինքի մէջ, որոնք մեր մասին բարի վկայութիւն տան այդ Օրը:
Բարեկամներու ընտրութեան երբեմն այնքան բծախնդրութիւն կը ցուցաբերենք: Ինչո՞ւ չտրամադրել ժամանակ նաեւ երկինքի մեր բարեկամները բազմացնելու, որոնք իրենց վկայութիւններով մեզ պիտի պաշտպանեն, ահեղ Դատաստանին օրը: Չմոռնանք, որ մեր բարեկամ կարծածներէն շատեր, ոչ միայն պիտի փակեն իրենց բերանը ու չխօսին մեր մասին, ինչպէս մեր ինչքն ու նիւթական բոլոր հարստութիւնները, այլ պիտի չկարենան նոյնիսկ ներկայ գտնուիլ մեր դատաստանին:
Հոգեկան արթնութեան համեստ կոչ մը իբրեւ ընդունէ, այս պատկերաւոր բացատրութիւնը: