Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանը բնականաբար միայն Հայաստանի ժողովրդավարացումը օրակարգի վրայ չունէր։ Նոյն չափանիշերու եւ կիրարկումի ընթացքին բնութագրումի նախատեսութիւն կար Ատրպէյճանի պարագային եւս։
Կը պարզուի, որ ատրպեճանական գործօնը առաւել մը արձանագրած է այս հանգրուանին եւս։ ՄԱԿի վերջին ընդհանուր համագումարին Ատրպէյճանի անցուցած բանաձեւը կ’օգտագործուի առաւելագոյն ձեւով եւ ամէն առիթի։ Միջազգային այս որոշումին յղում կատարուած է նաեւ Սթրազպուրկի մէջ եւ այս անգամ տրամաբանական նորմերու խախտումներով դարձեալ խօսուած Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին։
Պարզաբանենք. Խորհրդարանական վեհաժողովի այս մասին քուէարկած բանաձեւը կ’ըսէ՝ Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան կայուն զարգացումը ծայրայեղ կերպով դժուար է, որովհետեւ Ատրպէյճանի հողային տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնուած չէ։
Տակաւին. այդ բանաձեւին մէջ կ’ըսուի, որ ընթացիկ տարուան 14 Մարտի ՄԱԿի ընդհանուր համագումարը ընդունած է բանաձեւ՝ «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն իրավիճակին մասին», ուր վերահաստատած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, պահանջած է հայկական ուժերու անյապաղ դուրսբերումը «գրաւեալ» տարածքներէն եւ մտահոգութիւն արտայայտած է, թէ զինուած հակամարտութիւնը Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներու մէջ կը շարունակէ վտանգել միջազգային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը։
Բանաձեւը ինքնաբացատրական է եւ մեղմ ըսելաձեւով կարելի է արձանագրել, որ այս մէկը քաղաքական-դիւանագիտական հարթութեան վրայ մեր ստացած երկրորդ հարուածն է։
Այս սիւնակներէն բազմիցս գրուած է ներհասարակական քաշքշուքներէն ատրպեճանական գործօնէն օգտուելուն մասին։ Հրադադարի խախտումներէն, դիրքային ոտնձգութիւններէն մինչեւ ՄԱԿի գլխաւոր համագումար եւ ահաւասիկ մինչեւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողով։ Ու մտածել տակաւին, որ ընդդիմութիւնը օրն ի բուն կ’աշխատէր սթրազպուրկեան կառոյցներուն հետաքրքրութիւնը սրել դէպի ներհայաստանեան իրադարձութիւններ, ամիսներ ամբողջ տեղեկագրեր յղել եւրոպական ներկայացուցչութիւններուն՝ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը քննադատելու եւ մեր երկիրը մոնկոլաթաթարական խանութիւն ներկայացնելու համար։ Պահանջը ուղղակի էր, հնչած՝ ընդդիմադիր պաշտօնական դէմքերու կողմէ։ Սթրազպուրկը պէտք է քաղաքական պատժամիջոցներ որդեգրէ Հայաստանին դէմ։ Այլ ըսելաձեւով, Հայաստանը զրկուի ձայնի իրաւունքէն կամ առկախուին համարկումի ծրագիրներու գործադրութիւնը։
Հայաստանի ներքաղաքական պարանաձգութիւնը թեւակոխած է վտանգաւոր տարածք։ Բացայայտ են ատրպեճանական նկրտումները՝ լիովին օգտուելու ստեղծուած իրավիճակէն։ Իրաւամբ սուր հարցադրումներ յառաջ կը քշէր ՀՀ արտաքին յարաբերութիւներու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան տարածքային խնդիրներու հետ ժողովրդավարութեան գործընթացի անտեղի համեմատումը ընդգծելով։ Սթրազպուրկի կողմէ բանաձեւուածը գերքաղաքականացուած գնահատական էր անշուշտ, որ միակողմանի դիրքորոշում էր յօգուտ Ատրպէյճանին։
Ղարաբաղի հայկական զօրքերը յաջողեցան ետ մղել հայ հասարակութեան բեւեռացած իրավիճակի ամէնէն թէժ օրերուն ոտնձգութիւն կատարած եւ ազատագրուած տարածք մուտք գործած ատրպեճանական ջոկատները եւ վերատիրանալ դիրքերուն։ ՄԱԿի ընդհանուր համագումարի բանաձեւին վրայ կու գայ աւելնալու Եւրոխորհուրդի վերջին բանաձեւը։ Երկուքն ալ կը խօսին Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան վերականգնման մասին։ Աւելի դիւրին է ատրպեճանական ջոկատները ետ մղելը քան նման բանաձեւեր յետս կոչել տալը։ Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը յուսար որ այս բոլորին վրայ աւելնար նաեւ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը քննադատող եւ Հայաստանի դէմ քաղաքական պատժամիջոց որդեգրող բանաձեւ մը։
Հայաստանի քննութիւն յանձնելու ժամկէտը յետաձգուած է։ Ատրպէյճանինը եւս։ Մէկ տարբերութեամբ. մեր ժամկէտը յստակ է՝ 2009ի սկիզբ։ Ատրպէյճանինը աւելի քան անորոշ, չըսելու համար, որ քննութիւնը ջնջուած է, եթէ Սթրազպուրկը պիտի շարունակէ փոխկապակցուած պայմանականութեամբ դիտել ժողովրդավարութիւնն ու տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը։
Կտրուկ շրջադարձ կատարելու անյետաձգելի հրամայականին առջեւ ենք բոլորս իբրեւ իշխանութիւն, ընդդիմութիւն թէ ընդհանրապէս հասարակութիւն։ Պատժամիջոցներու որդեգրում պէտք է առաջադրել. մէկ տարբերութեամբ՝ ոչ թէ Հայաստանի այլ հրադադար խախտող եւ մոնիթըրինկի աշխատանքներ տապալող Ատրպէյճանի դէմ։