ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական ծրագիրներու շրջագիծին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ հաստատուած «Ի խնդիր հայ մամուլի պահպանման» բաժանմունքը կը շարունակէ իր աշխատանքները:
Շուրջ 6 ամիս առաջ հիմնուած այս բաժանմունքը ունի վեհափառին հաւանութեամբ նշանակուած յանձնախումբ մը՝ բաղկացած հինգ անդամներէ՝ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Երուանդ Փամպուքեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Շահան Գանտահարեան եւ Ահարոն Շխրտըմեան: Սոյն յանձնախումբը, 20 Յունիս 2008ին հանդիպեցաւ, բաժանմունքի բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանի ներկայութեամբ՝ հետեւելու համար կատարուող աշխատանքին:
Գլխաւորաբար միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ լոյս տեսած հայ մամուլը թուայնացնելու այս հսկայ աշխատանքին նպատակն է՝ փրկել հայ մամուլը կորուստէ եւ դիւրացնել զայն ուսումնասիրողներու աշխատանքը:
Յայտնենք, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ կատարուող այս աշխատանքին շնորհիւ, նկարահանման յատուկ սարքերով, օրը-օրին հրատարակուած հայ մամուլի էջերը՝ համակարգչային դրութեամբ, մատչելի պիտի ըլլան բոլորին՝ տուեալ հեղինակ մը կամ գրութիւն մը դիւրաւ գտնելու յատուկ ծրագիրի մը օժանդակութեամբ:
Այս աշխատանքին զուգահեռ, դարձեալ բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանի յատկացումով, Բերիոյ Թեմին մէջ եւս կը կատարուի նմանօրինակ նկարահանում, գործերու բաժանումով՝ դիւրացնելու համար հայ մամուլի բազմահազար էջերու թուայնացման հսկայական աշխատանքը: