Հայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնեցան անձնական, կրթական, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային, կրօնական եւ այլ հանգամանքներէն ելլելով:
Թերեւս XVII դարու սկիզբէն Եւրոպայէն դէպի Հիւսիսային Ամերիկա ուղեւորուած վերաբնակիչներու շարքին էին նաեւ առաջին սակաւաթիւ հայերը: Բրիտանական գաղութատիրութեան այդ ժամանակաշրջանին Ամերիկա մեկնած հայերու մասին պահպանուած են շատ քիչ, յաճախ նաեւ պատմական հաւաստումի կարօտ՝ կցկտուր տեղեկութիւններ: Այսպէս, ըստ ամերիկացի պատմաբան Լուիս Ադամիքի, 1607 թ. Լոնտոնի «Վիրճինիա» ընկերութեան Ամերիկայի հիւսիս՝ Ճէյմսթաունի մէջ հիմնուած Վիրճինիայի գաղութին մէջ նոյն թուականին կը բնակէին լեհ, գերմանացի եւ հայ աշխատաւորներ, որոնք եկած էին գաղութի «պատուար ու փրկի»չ քսանեօթամեայ նաւապետ Ճոն Սմիթի հետ՝ անոր հրամանատարութեամբ չորս տարի Հունգարիոյ թուրքերու դէմ կռուելէ ետք: Ամերիկեան սկզբնաղբիւրները կը յիշատակեն. «Լեհերը, գերմանացիները եւ հայերը գաղութի աշխատաւորներն ու արհեստաւորներն էին եւ, ի տարբերութիւն գաղութատէրերուն, -որոնք կը խորշէին աշխատանքէ-, վարժուած էին ծանր ու երկարատեւ աշխատանքի»: «Կոպիտ շարժուձեւեր» ունեցող այդ մարդիկը հմտացած էին ձիւթի, կուպրի, օճառի փոշիի, ապակեայ համրիչներու եւ աժան զարդերու արտադրութեան մէջ, որոնցմով առեւտուր կը կատարէին հնդիկներուն հետ, ինչպէս նաեւ կը մասնակցէին անոնց դէմ գաղութատէրերու մղած կռիւներուն՝ նպաստելով նորաստեղծ Վիրճինիայի գաղութի թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ քաղաքական առաջընթացին:
Հակառակ սակայն վերոյիշեալ իրողութեան, տասներկու տարի շարունակ հայերն ու անոնց հետ ժամանած միւս աշխատաւորները գտնուած են ստրկանման վիճակի մէջ. անգլիացիները զիրենք կը նկատէին որպէս «ստորակարգ օտարականներ», որոնք զուրկ էին քաղաքացիական, տնտեսական ու քաղաքական իրաւունքներէ: Ահա թէ ինչու, 1619-ին Ճէյմսթաունի հայերը՝ լեհ, գերմանացի եւ իռլանտացի աշխատաւորներու հետ մասնակցեցան «Ամերիկայի մէջ հասարակ մարդոց իրաւունքներու ընդարձակման ուղղուած քաղաքական գիտակցուած առաջին ըմբոստութեան», որ, միաժամանակ, Նոր Աշխարհի մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման դէմ մղուող պայքարին մէջ՝ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներու միասնականութեան դրսեւորման փայլուն օրինակն է:
Յայտնի է, որ ապստամբութիւնը ունեցած է «բարեյաջող աւարտ», քանի որ նոյն թուականին Ամերիկայի մէջ ստեղծուած առաջին ներկայացուցչական ժողովը՝ Ճէյմսթաունի Քաղաքացիներու տունը, որոշած է, որ «անոնք (ապստամբած աշխատաւորները – Ք. Ա.) պէտք է ազատ արձակուին եւ ըլլան ազատ այնպէս, ինչպէս տեղւոյն բնակիչները»: Ուշագրաւ է նաեւ այն փաստը որ, որոշ աղբիւրներու համաձայն, Վիրճինիայի գաղութի 1620 թ. ննջեցեալներու ցանկին մէջ պահպանուած են Զորաբաբել (հաւանաբար՝ Զոհրապ Աբել) եւ Ստեփան անունները, ինչպես նաեւ՝ Ճէյմսթաուն քաղաքի գերեզմանատան մէջ՝ օտար, հաւանաբար հայերէն գիրերով գրուած տապանաքար մը. անոնց հայկական ծագումը սակայն, ենթադրական է:
Հետագայ տարիներու ընթացքին, ամերիկեան այդ շրջանին մէջ ոտք դրած յաջորդ հայու մասին կը տեղեկանանք Անգլիոյ Ճէյմս I թագաւորի կողմէ գաղութային Ամերիկայի հարաւային մասը տնտեսական, քաղաքական եւ առեւտրական նպատակներով վերաբնակելի տարածք հռչակուած Լոնտոնի «Վիրճինիա» ընկերութեան մեզ հասած որոշ փաստաթուղթերէն, ուր մի քանի առիթով կը յիշատակուին «Մարտին Հայ» կամ «Ճոն Մարտին Պարսիկ» անունները (հաւանաբար նկատի առնուած է XVII դ. սկիզբին Շահ Աբբասի օրով անոր ստացած պարսկահպատակութիւնը): Դէպի Նոր աշխարհ Ճոն Մարտինի ուղեւորութեան դրդապատճառներու մասին բաւարար տեղեկութիւններ չկան: Պահպանուած որոշ տուեալները թոյլ կուտան եզրակացնել, թէ Մարտին Հայն Ամերիկա գնաց 1618 կամ 1619 թուականներուն՝ որպէս արմատական բարեփոխումներ իրականացնելու ծրագրով Ճէյմսթաուն ժամանած Վիրճինիայի կառավարիչ Ճորճ Եարտլիի սպասաւոր, քանի որ գաղութային ժամանակաշրջանի Ամերիկայի մէջ «ոչ մէկ գնով հմուտ ձեռքեր չկային», բացի այդ, Նոր Երկրի հարստութիւնները իւրացնելու նպատակով ամէն կերպ կը խրախուսուէր աշխատաւոր ուժի մուտքը այդտեղ: Հետեւաբար, կարելի է ենթադրել, որ Ճոն Մարտինը Ճ. Եարտլիի վստահութիւնը վայելող համեմատաբար հին սպասաւորներէն էր, որ Եւրոպա գաղթած էր հաւանաբար 1610-1612 թթ.: Շատ չանցած՝ 1619-ին, Ճոն Մարտինը հազարէ աւելի բնակիչ ունեցող Վիրճինիայի մէջ կը ստանար բրիտանական հպատակութիւն՝ դառնալով գաղութային ժամանակաշրջանի «առաջին հպատակագրուած (naturalized – Ք.Ա.) մարդը ամերիկեան մայր ցամաքի վրայ»: Ան, որպէս ազատ մարդ, կը դառնար 95 ակր (1 ակրը = 4.060 մ2) հողի տէր եւ կը զբաղուէր Վիրճինիայի մէջ տարածուած ծխախոտի մշակումով:
Կարելի է եզրակացնել, որ ազատ գործելու արտօնութիւնները, որոնցմէ օգտուեցաւ նաեւ Ճոն Մարտինը, հնարաւոր էր ձեռք ձգել շնորհիւ նոյն՝ 1619 թ. Ճէյմսթաունի մէջ խումբ մը օտար աշխատաւորներու իրականացուցած ըմբոստ ելոյթին, որու շնորհիւ ապահովուած էին տնտեսական ու քաղաքական իրաւունքները:
Ճոն Մարտինը, Ամերիկայի մէջ շուրջ չորս տարի զբաղելով ծխախոտագործութեամբ, 1622-ին իր աճեցուցած «ծխախոտի ծանրոցով» վերադարձաւ Անգլիա, ուր մաքսատան մէջ իրմէ օտարերկրացիի կրկնակի հարկ պահանջուեցաւ: Այդ հարցով Ճոն Մարտինը դիմեց «Վիրճինիա» ընկերութեան դատարան: Պահպանուած է վերահարկաւորման մասին դատարան ներկայացուցած իր 1622 թ. Մայիս 8-ի թուակիր խնդրագիրը, որմէ մէջբերում մը կը հրատարակենք. «Ճոն Մարտին Պարսիկը համեստ խնդրագիր կը ներկայացնէ ընկերութեան բարեհաճութեան՝ դիմելով մաքսատուրքի իր ընկեր հողագործներուն՝ զինք ազատելու կրկնակի հարկ վճարելէ, որ իրմէ կը պահանջուէր որպէս օտարական, նկատի չառնելով սակայն, թէ ան դարձած էր ազատ մարդ՝ Վիրճինիայի մէջ, այն ժամանակուան կառավարիչ Սըր Ճորճ Եարդլիի տուած՝ գաղութի կնիքը կրող վկայականով»:
Ճոն Մարտինը կը յաջողի դատը շահիլ. անոր կ՚արտօնուի Անգլիոյ քաղաքացիներու վրայ դրուող սովորական հարկով իր ծխախոտի բաժինը ներմուծել մայր երկիր: Այսպիսով, Ճոն Մարտինի գործով անգլիական դատարանը առաջին անգամ յստակացուցած կ՚ըլլայ մայր երկրի եւ «օտար» գաղութաբնիկներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները, ընդհանրապէս խթանելով առեւտուրի հետագայ զարգացումը:
Ճոն Մարտինը, կրկին վաւերացուելով որպէս բրիտանական քաղաքացի, ունեցած է դիրքի հետագայ առաջընթաց. ան դարձած է Լոնտոնի «Վիրճինիա» ընկերութեան մշտական կոմիտէի անդամ եւ քուէարկելու իրաւունքով մասնակցած է անոր բազմաթիւ կարեւոր նիստերուն: Այսպէս, 1623-ի Հոկտեմբեր 20-ին, Նոյեմբեր 12-ն, եւ 1624-ի Յունուար 14-ին տեղի ունեցած «արտակարգ» եւ կարեւոր հանդիպումներու արձանագրութիւններուն մէջ ան կը յիշատակուի որպէս՝ «Մարտին Հայ»: Յայտնի է նաեւ, որ ան ոմն լորտ Արգալի (Sir Samuel Argall)եւ եօթը ուրիշներու հետ քուէարկեցին ընկերութեան խնդրագիրը թագաւորին յանձնելու հարցի օգտին:
Ալ. Պրաուն իր «Առաջին հանրապետութիւնը Ամերիկայի մէջ» գիրքին մէջ կը գրէ, որ Ճոն Մարտինի իրական անունը հայկական հնչողութեամբ Յովհաննէս Մարթեան պիտի ըլլար: Կը կարծենք, որ կարելի էր նաեւ Յովհաննէս Մարտիրոսեան տարբերակը ըլլալ:
1624 թ. Ճէյմս I թագաւորի կողմէ Լոնտոնի «Վիրճինիա» ընկերութեան լուծարումէն ետք՝ դադրեցան նաեւ Ճոն Մարտինի մասին տեղեկութիւնները:
Հետագային՝ 1653-ին Ամերիկա եկան երկու շերամաբոյծ հայեր՝ վերականգնելու ժամանակաշրջանին համար պետական ու առեւտրական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող, -սակայն անյաջողութեան մատնուած,- Վիրճինիայի գաղութի շերամաբուծութիւնը եւ իրենց հմտութիւնները հաղորդելու տեղաբնիկներուն: Այդ երկու հայերը, որոնք իրենց հմտութեան ու փորձառութեան համար հայրենի երկրին մէջ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէին, Ամերիկա բերուեցան Օսմանեան կայսրութենէն (հաւանաբար Իզմիրէն). անոնք Վիրճինիայի գաղութի երեւելի ղեկավար Էդւարդ Դիգգեսի (Edward Digges) անձնական ջանքերով ու նիւթական միջոցներով բերուեցան: Դիգգես՝ զբաղելով մետաքսի առեւտուրով, շերամաբուծութեան ասպարէզին մէջ հայերու ունեցած յաջողութիւններուն մասին տեղեկացած էր ժամանակին Ռուսիոյ մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանի պաշտօն վարած իր հօրմէն: Յայտնի է, որ շերամի հունտը Ռուսիա մուտք գործած էր մեծ մասամբ Փոքր Ասիոյ հայերու միջոցով: Այդ երկու հայերը խնամքով հետեւեցան Էդ.Դիգգեսի շերամաբուծական տարածքին՝ Դենբիգի, Բելֆիդի (այժմ՝ Ուիլիամսբերգ) եւ Ճէյմս գետի շրջակայքի, բոժոժներու հասունացման համար անհրաժեշտ թթենիներու աճին:
Հայերէն մէկուն՝ «Ճորճ Հայի» մասին կը տեղեկանանք 1656-ի Դեկտեմբերին Վիրճինիայի խորհուրդի կայացուցած որոշումէն, ուր ըսուած է. «…Ճորճ Հայը, մետաքսի արհեստում իր ցուցաբերած աջակցութեան եւ նոյնը շարունակելու նպատակով երկրի մէջ մնալու համար, խորհուրդի կողմէ պարգեւատրուած է չորս հազար ֆունտ ծխախոտով»: Նշենք, որ, հակառակ գործադրած ջանքերուն, սկզբնական շրջանին զգալի արդիւնքներու չհասած յուսահատած հայերը նոյնիսկ կ՚ուզէին վերադառնալ: Սակայն շուտով շերամապահական գործը ապշեցուցիչ յաջողութեան հասաւ, իրեն «փութաջանօրէն նպաստող» անգլիացի շերամապահ Ճոն Ֆերրարը 173 տողերէ բաղկացած երկարաշունչ ներբող մը հիւսեց՝ «Ամենաազնիւ Դիգգեսին՝ Թուրքիայէն Վիրճինիա անոր երկու հայերու ժամանման կապակցութեամբ» վերնագրով: Ահա հատուած մը.
Սակայն ազնիւ Դիգգեսը Յաղթանակ տարաւ.
Անոր երկու հայերը Թուրքիայէն բերուած
Այժմ իր քաջ ձեռնարկով մեծապէս զբաղուած են,
Եւ ունի ան բաւական պաշար յաջորդ տարուան.
Տաս հազար ֆունտ մետաքս այնժամ ի յայտ կու գայ,
Եւ երկինք կը բարձրանայ անոր գործը արժանավայել:
Շերամաբուծութեան զարգացումը մեծ կարեւորութիւն ներկայացուցած է բրիտանական իշխանութիւններուն համար: «Վիրճինիան մատակարարեց Չարլզ Ա-ի թագադրութեան պատմուճանը: Իսկ Չարլզ Բ-ի մետաքսէ զգեստը անտարակոյս Վիրճինիայի տիրապետութեան մէջ մշակուած խոզակներէն պատրաստուած էր: Տիկս անունով պարոն մը, հայեր բերաւ Վիրճինիայի իր խոզակի արտադրութեան համար», գրած էր Էդ. Էգգլեսթոն, անցեալ դարու վերջաւորութեան: Այսպիսով, ինչպէս կը նշէ Մուշեղ եպիսկոպոս Սերոբեան իր «Ամերիկահայ տարեցոյցին մէջ» (Ա. տարի, Պոսթըն, 1912), Վիրճինիայի մէջ «Հայ միտքն ու ճարտարութիւնը կրցած են սատարել իր կազմութեան խանձարուրքին մէջ եղող Ամերիկեան մետաքսագործական ճարտարուեստին՝ դառնալով Նոր աշխարհի շերամաբուծութեան ու մետաքսագործութեան առաջնորդ»:
Հետագայ տարիներուն Ամերիկա եկած հայերու մասին պահպանուեցան շատ սակաւաթիւ, յաճախ ենթադրական տեղեկութիւններ: XVII-XVIII դդ. ընդգրկող այդ ժամանակաշրջանին հայերը հիմնականին մէջ եկած են Մեծն Բրիտանիոյ հետ առեւտրական առաւել գործուն յարաբերութիւններ ունեցող եւրոպական որոշ երկիրներէ (յատկապէս՝ Հոլանտայէն), ինչպէս նաեւ Հնդկաստանէն, եւ վերաբնակած են ամերիկեան նորաստեղծ տարբեր գաղութներու մէջ. Վիրճինիայէն զատ, նաեւ՝ Մասսաչուսեցի մէջ (1682 թ.՝ ծագումով հունգարահայ գիտնական Ստեփան Զադորին, հաւանաբար՝ հայկական Զադուրեան, Ասատուրեան կամ Աստուածատուրեան ազգանուններու տարբերակը), Հարաւային Գարոլինայի մէջ (1719 թ.՝ քարոզիչ արժանապատիւ Փիթըր Թուսթեանը, հաւանաբար՝ Պետրոս Դուստրեան եւ անոր թեմի անդամ Ճէքըբ Սադուրը, հաւանաբար՝ Յակոբ Սադուրեան, Ասատուրեան կամ Աստուածատուրեան), Ճորճիայի մէջ (1738 թ.՝ հողագործ Ստեփան Թարրեանը, կամ՝ Թէրիէն, Թարրիեն, հաւանաբար՝ Տէրեան):
Բրիտանական գաղութատիրութեան տուեալ ժամանակահատուածին, Ամերիկա մուտք գործած հայերու ստոյգ թիւը դժուար է որոշել, քանի որ ընդհուպ 1820 թուականին հայերու գրանցման վերաբերեալ փաստաթուղթեր չեն պահպանուած:
Սակայն պատմական տուեալ ժամանակաշրջանին Ամերիկա մուտք գործած վերոյիշեալ առաջին հայերով չէ պայմանաւորուած հետագայ տարիներուն հայկական տարբեր տարածքներէն դէպի ԱՄՆ նպատակաուղղուած տեղաշարժը. անոնք սոսկ գաղթականութեան հիմնական հոսքէն դուրս գտնուող անհատներ էին:
Ի մի բերելով բրիտանական գաղութատիրութեան շրջանին Ամերիկա մեկնած առաջին սակաւաթիւ անհատ հայերու մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները, կարելի է եզրակացնել, որ անոնց մեծ մասը տնտեսական ու պատմական հանգամանքներու բերումով եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ ցրուած հայեր էին կամ անոնց օտարացած սերունդները, որոնք առեւտրական եւ այլ հանգամանքներու բերումով առնչուելով Մեծն Բրիտանիոյ հետ, տարբեր, հիմնականին մէջ անհատական դրդապատճառներով, անցած էին նոր վերաբնակուող գաղութ եւ ներգրաւուած անոր տնտեսական ու հոգեւոր կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Ահա թէ ինչու անոնք մեծ մասամբ կրած են օտարացած անուններ, ինչպէս նաեւ պատկանած են քրիստոնէական հաւատքի այլ դաւանանքներու: Այսու հանդերձ, ամերիկեան գաղութային պաշտօնական փաստաթուղթերուն անոնց հայկական ծագման մասին երբեմն հանդիպող ակնարկները կը հաւաստիացնեն այդ ժամանակաշրջանի օտար վերաբնակիչներու ազգային պատկանելիութեան նկատմամբ եղած մեծ հետաքրքրութիւնը, ինչ որ մեծ պատմական արժէք կը ներկայացնէ: