Լիզպոնի տղոց յիշատակին հոգեհանգիստ պիտի ըլլար Կիրակի օրը: Չէի կրնար բացակայիլ: Սակայն կար հրաւէր՝ մասնակցելու ՀՅԴ Երիտասարդական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած սեմինարատիպ հանդիպման մը, որ պիտի սկսէր կէսօրէ առաջ, ժամը 11ին:
Երկուքին ալ կրնամ հասնիլ, մտածեցի, ու գացի Մոնթեպէլլոյի Հայ Կեդրոն, երիտասարդականի հանդիպումին:
Տարեկից երէցներու խումբով հրաւիրուած էինք մաս կազմելու դատակազմի մը, որ պիտի արժեւորէր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամներու ներկայացումները՝ չորս տարբեր ծրագիրներու:
Տասնմէկ երիտասարդներ էին մասնակցողները: Ըստ մեզի փոխանցուած թղթածրարին, այս խումբը զտուած էր շատ աւելի մեծ թիւով մասնակցիներէ եւ հասած այս հանգրուանին, որ վերջինն էր՝ ծրագիրներ ներկայացնելու պահը:
Ծրագրի նպատակը ղեկավարներ պատրաստելն է: Երիտասարդական խորհուրդի հետապնդածը այդ էր եւ մենք պիտի գնահատէինք կատարուած աշխատանքը: Զտման գործընթացը սկսած էր դասախօսական շարքով եւ պիտի աւարտէր յանձնարարուած չորս ծրագիրներու ուսումնասիրութեան մշակման ու ներկայացման փուլով:
Մէկ խումբին յանձնարարուած էր ծրագիր պատրաստել՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 95ամեակը պատշաճօրէն նշելու, Ամերիկայի տարածքին: Երկու խումբերու առանձնաբար յանձնարարուած էր Սան Ֆերնանտօ Հովիտի արեւելեան շրջանի հայ համայնքի վերակազմակերպման եւ Ինլընտ Էմփայր շրջանի հայ համայնքի կազմակերպման ծրագիր պատրաստել: Վերջին խումբին յանձնարարուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անցեալ տարուան պիւտճէն կրկնապատկելու ձեւեր մշակել:
Ներկայացումներու մասնագիտական բարձր մակարդակը շշմեցնող էր: Մասնակցողներու լրջութիւնը եւ իրենց համոզումներու ուժը՝ վարակիչ:
Մանրամասնօրէն ներկայացուած ծրագիրները ենթարկուեցան քննութեան ու հարցապնդումներու, որոնց պատասխանեցին երիտասարդ զեկուցողները:
Պատրաստ էին: Պատրաստուած էին: Ծրագիրներն ալ ձեւական, խաղի համար չէին, անոնք պիտի դառնան կազմակերպութեան օրակարգի նիւթ ու գործնականանան:
Ծրագիրները արդէն ունէին իրենց տէրերը, հետապնդողները, զանոնք ղեկավարելու ու աւարտին հասցնելու կազմերը: Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան մէջ ղեկավար դեր ստանձնելու պատրաստ տղաքն ու աղջիկները:
Ժամանակը թռած էր: Ուշացած էի հոգեհանգիստի արարողութեան: Բայց վստահ եմ, որ Լիզպոնի տղոց սրտամօտիկ գործի մը ներկայ էի: Կը ներեն: