Միտքը հարիւր թիւի խաղն է: Հարիւր տարեկան դարձող «Ասպարէզ» թերթին ես պատրաստ եմ նուիրելու խորհրդանշական հարիւր տոլար, իբրեւ գնահատումի նուազագոյն արտայայտութիւն, իբրեւ դար մը ծառայութեան արժեւորման համեստ մասնակցութիւն:
Արշաւ մը սկսելու ազդանշանը կու տանք այսօր: Պիտի սկսինք առաջին հանգրուանին հարիւր հազար տոլար նշանը ունենալով իբրեւ թիրախ: Այսօրուընէ մեր գործընկերներն ու բարեկամները Լոս Անճելըսի ու մեր դեսպանները հեռաւոր քաղաքներու մէջ, պիտի սկսին արշաւը, պիտի կապուին ձեզի հետ եւ պիտի հրաւիրեն ձեզ դառնալու մեր առաջին հազար հովանաւորներէն մէկը:
Մենք ձեզ մեր յաջորդ օրերու իւրաքանչիւր համարով տեղեակ պիտի պահենք մեզ միացողներու թիւը, միասին խանդավառուելու, միասին խանդավառելու մեր շրջապատը : Մենք «Ասպարէզ»ի իւրաքանչիւր ընթերցող կը նկատենք մեր գործակիցը այս ձեռնարկի ընթացքին: Իբրեւ այդպիսին, կը յանդգնինք պարտականութիւն տալ ձեզ, հետագայ օրերուն հարցնելու ձեր ծանօթ բարեկամներուն, եթէ իրենք արդէն տուած են իրենց նուէրը՝ հարիւրամեայ յոբելեարին, եւ եթէ ոչ, ապա միջնորդի, խրախուսողի դեր ստանձնել ու յորդորել զանոնք կապուելու խմբագրութիւն, յայտնելու իրենց պատրաստակամութիւնը:
Մենք պիտի դիմենք ձեզի, բայց շատ աւելի գեղեցիկ պիտի ըլլար, եթէ դուք նախաձեռնէիք, դուք կապուէիք մեզի: Մեր հեռախօսի թիւերը թերթին մէջն են:
Օգոստոս 14ին, «Ասպարէզ»ի դարադարձի օրը, մենք փակած պէտք է ըլլանք այս արշաւը, որպէսզի մեր այդ օրուան թիւով սկսինք հրապարակել ձեր բոլորին անունները:
Մենք ի՞նչ պիտի ընենք մեր նուէրով: Պիտի ընդլայնենք մեր լրատուական աշխատանքներու ծիրը, աւելի որակաւոր, աւելի հետաքրքրական թերթ պիտի դնենք ձեր սեղանին:
Հազար բարեկամ, հազար զօրակցող մեր առաքելութեան: Բոլորը հաւասարապէս սիրելի: