Մինչ թրքական մամուլը փութկոտութիւն մը կը ցուցաբերէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ բացայայտումներ կատարելու, լուսաբանելու, մեկնաբանութիւններ շրջանառութեան մէջ դնելու, հայկական կողմը զուսպ է այդ բոլորին մասին, չըսելու համար՝ լուռ։
Կը պարզուի, ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն անշուշտ, որ թրքական կողմէն արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի մակարդակով գաղտնի բանակցութիւններու նոր հանգրուանը սկսած է արդէն Մայիսին։ Կը հրապարակուի, որ Կիւլ ծրագրած է այցելել հայ-թրքական սահմանամերձ շրջան. իսկ Երեւան այցելելու հրաւէրին ընդառաջելու պատասխանը կը տրուի, ըստ նախագահական պաշտօնատարներուն, օրուան պայմաններուն նկատառումով։ Չմոռնանք, որ նախագահ Սարգսեանի հրաւէրին թրքական արձագանգը եղաւ բազմահանգրուան։ Նախ ըսուեցաւ, որ պաշտօնական հրաւէր չեն ստացած. այդ մասին կը խօսին, երբ ստանան։ Յետոյ, ըսուեցաւ, որ ստացած են՝ առանց մեկնաբանութեան, ապա՝ կը քննարկեն եւ կը պատասխանեն. հիմա ալ՝ օրուան պայմաններուն նկատառումով կ’ընդառաջեն կամ կը մերժեն։
Անիի շրջան կամ սահմանամերձ շրջան այցելութիւնը արտաքին երեւոյթով կրնայ դիտարկուիլ հայ-թրքական սահմանային խնդիրներուն տեղաշարժ ապահովելու միտումով։ Սակայն, երբ կը կարդանք այցելութեան շարժառիթին մասին, կը ձգուի ճիշդ հակառակ տպաւորութիւնը։ Այցելութեան նպատակը արարողական բնոյթ տալն է Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան երկաթուղիի շինարարական աշխատանքներուն սկսման։ Այդ երկաթուղին Հայաստանի շրջանցումի նպատակը կը հետապնդէ, իսկ շրջանցումը շրջափակումի իրավիճակը ամրագրել է։
Ինչո՞ւ «մէկ քայլ առաջ, երկու քայլ ետ»ի մարտավարական նկրտումները կ՚ուզէ ցուցադրել Թուրքիոյ նախագահը։ Համաձայն ըլլանք կամ ոչ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ազգային հաւաքականներուն միջեւ տեղի ունենալիք ֆութպոլի խաղին հրաւէր ուղարկելու աքթին, պէտք է ընդունինք, որ Թուրքիան նեղ կացութեան մատնուած է հաւասարապէս թէ՛ միջազգային հանրութեան եւ թէ՛ Ատրպէյճանին առջեւ։ Հրաւէր ունի հայկական կողմէն Երեւան գալու, չի կրնար պատասխանել. կոչ ունի սահման բանալու, կը շարունակէ մերժել։
Կեդրոնանանք եւրոպական դիտարկման կէտերու վրայ, անմիջապէս մտաբերենք, որ Եւրոպայի անդամակցութեան համար բանակցող երկիր մը կը ներկայանայ յաչս Եւրոպային սահման փակած ըլլալու կարգավիճակով։ Եւրոպայի դրացնութեան ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած Հայաստանը կը խօսի եւրոպական նորմերով։ Բանա՛լ սահմանը առանց նախապայմանի՝ Թուրքիան կը յայտնուի եւրոպական նորմերը մերժողի կարգավիճակին մէջ։
Ինչ կը վերաբերի նորագոյն բանակցութիւններուն, պէտք է սպասել հայկական կողմի լուսաբանութիւններուն։ Պէտք չէ անտեսել անոնց Մայիս ամսուան ընթացքին սկսած ըլլալու հաւանականութիւնը։ Թէեւ լրագրողական փորձառութիւնը միշտ կը յուշէ չյենուիլ թրքական սկզբնաղբիւրներու վրայ։ Եթէ հաստատուի Մայիսը, ապա պէտք է մտածել, որ նախագահ Սարգսեանին կողմէ Ռուսիոյ եւ «Ուոլ Սթրիթ»ի մէջ յայտարարուած նոր խթան հաղորդելու մօտեցումները պարզապէս հրապարակումներ էին արդէն իսկ սկսուած բանակցութիւններու։ Հետաքրքրական է իմանալ, որ Զուիցերիոյ մէջ թէ այլուր միջկառավարական բանակցութիւններուն խօսք եղա՞ծ է պատմագէտներու միացեալ յանձնախումբի կազմութեան մասին եւ ի՞նչ եղած է հայկական կողմին մօտեցումը, եթէ անշուշտ նման պահանջ դրուած է։ Իսկ եթէ միջկառավարական ձեւաչափով կայացող հանդիպումներ եւ բանակցութիւններ են, այդ տարազը պարզապէս նախորդ նախագահ Քոչարեանին պատասխանն էր պատմագէտներու յանձնախումբ կազմելու Թուրքիոյ առաջարկին։ Այդ պարագային՝ հայկական կողմի պատկերացումը ընդունուած է իբրեւ բանակցային տարազ։
Մէկ նկատողութիւն եւս։ Ճիշդ է, որ պէտք չէ յենուլ բացառապէս թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդած նիւթերուն վրայ, բայց ճիշդ է նաեւ, որ լրիւ յերիւրանքային կարելի չէ նկատել այդ բոլորը։ Մանաւանդ, որ պաշտօնական Երեւանը թէեւ լուռ է տակաւին ենթադրեալ գործընթացին մասին, այսուհանդերձ որեւէ հերքում ալ չէ հրապարակած այս բոլորի մասին։
Նոր խթան հաղորդելու գործընթաց մը կայ յայտնապէս։ Սպասենք հայկական կողմի հրապարակումներուն։