ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ երէկ գոյացաւ «Համշեն եւ համշենահայեր. պատմութիւն եւ մշակոյթ» միջազգային մէկօրեայ գիտաժողովը՝ կազմակերպութեամբ Հայաստանի ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկին ու «Հայրենադարձութեան եւ հիմնաւորման երկիր» հասարակական կազմակերպութիւններու միութեան:
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կայացող գիտաժողովին նպատակն է հասարակութեան ներկայացնել համշենահայերու պատմութիւնն ու մշակոյթը. «Այսօր չկան համշենահայութեան մասին լուրջ ուսումնասիրութիւններ, իսկ նրանց խնդիրները շատ արդիական են եւ լուրջ ուսումնասիրման կարիք ունեն», յայտնեց արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը:
Մշակոյթի փոխնախարար Գագիկ Գիւրջեան, գնահատելով գիտաժողովի կարեւորութիւնը՝ նշեց, որ ներկայացուած աշխատանքները կը փաստեն, թէ համշենահայութեան հիմնական մասը ապրելով Թուրքիոյ մէջ՝ կ’ենթարկուի ազգային ու կրօնական հալածանքներու: Այս առումով՝ «Հայրենադարձութեան եւ հիմնաւորման երկիր» կազմակերպութիւններու միութեան խորհուրդի նախագահ Սեւակ Արծրունին առաջարկեց Թուրքիոյ հետ մշակութային երկխօսութեան սկսիլ՝ յոյսով, որ այդ ձեւով կարելի կը դառնայ փոխադարձ համաձայնութեան եզրեր գտնել այս խնդիրին շուրջ:
Գիտաժողովին ներկայ էին նաեւ համշենահայեր: Զեկոյցներով ներկայացան Հայաստանէն, Թուրքիայէն եւ Ռուսիայէն հրաւիրուած գիտնականներ, որոնք անդրադարձան Թուրքիա բնակող համշենահայերու էթնիկ ինքնութեան խնդիրներուն, Համշեն գաւառին մէջ Օսմանեան կայսրութեան լեզուաքաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ համշենահայերու մշակութային ժառանգութեան՝ պարին, երաժշտութեան, ծէսերուն եւ Համշենի հայկական ճարտարապետութեան: