«Ասպարէզ»ի էջերէն պատմութիւն կ’ընթերցենք:
Օգոստոս 9, 1990ին, խմբագրութիւնը թերթի առաջին էջը ամբողջութեամբ յատկացուցած է մեր նորագոյն պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկուն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի մէջ իր ներկայութիւնը բացայայտող յայտարարութեան, որ հրապարակուած էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ Հրայր Մարուխեանի եւ Հրաչ Տասնապետեանի կողմէ: Երկուքն ալ այժմ մահացած:
Յայտարարութիւնը ամփոփ ձեւով կը ներկայացնէր կուսակցութեան անմիջական ծրագիրները՝ կազմակերպական բնականոն գործունէութիւն ծաւալելու Հայաստանի մէջ:
Դաշնակցութիւնը իրօք կատարեց իր անմիջական առաջադրանքները եւ հարազատ մնալով իր կոչումին «Իր բոլոր ուժերն ու կարողականութիւնը» ի սպաս դրաւ «Հայ ժողովուրդի ազգային եւ մարդկային իրաւունքների ձեռքբերման եւ հայրենիքի քաղաքական, հասարակական, տնտեսական, գիտատեխնիկական եւ մշակութային հզօրացման»:
Այն ու յաջորդող ժամանակաշրջանին, հայաստանեան մամուլի մէջ յաճախ հեգնանքով յղումներ կը կատարուէին «բացայայտում» բառին: «Իսկ դու բացայայտու՞ել ես» ակնարկութիւնը իրենց դաշնակցական ինքնութիւնը հրապարակող մարդոց ծաղրել փորձող առօրեայ խօսակցութիւններու մէջ ներառնուած հարցում մըն էր:
Բիւրոյի յայտարարութիւնը «բացայայտում» բառը օգտագործած էր հաւանաբար երկու հիմնական պատճառով.
Ա.- Դաշնակցութիւնը Հայաստանէն ինքզինք երբէք բացակայ չէ նկատած իբրեւ գաղափար ու ոգի: Ուրեմն, յայտարարութիւնը չէր կրնար հրապարակել անոր «վերադարձը» Հայաստան:
Բ.- Կազմակերպականօրէն, Դաշնակցութիւնը արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կիսադաւադիր, կիսաընդյատակ գործունէութիւն ծաւալած էր երկրի տարածքին ու յայտարարութիւնը պիտի գար միայն հաստատելու այդ գործունէութիւնը:
Այո, տարիներ առաջ արդէն, ՀՅԴ Բիւրոն գործնական քայլերով կորիզներ ստեղծած էր Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ, հիմնուելով փոքրաթիւ, բայց իրենց վարքով ու բարքով առանձնացող մարդոց վրայ, որոնց մեծագոյն մասը, այսօր տակաւին կը մնան Դաշնակցութեան շարքերու մէջ: Ամէնէն նշանակալիցը այն է, որ Դաշնակցական այս մարդոցմէ շատեր, մնացին այս կուսակցութեան շարքերու մէջ ամէնէն նեղ օրերուն իսկ, ի տարբերութիւն օրուան իշխանութեան տիրացած կուսակցութեան միանալու ընդհանրացուած վատ սովորութեան:
Բացայայտման յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, դաշնակցութեան Երեւանի «Պլանի գլուխ»ի խեղճուկ գրասենեակը բառացիօրէն ոտնատակ եղած էր մարդկային անդադրում հոսանքի մը կողմէ:
Միայն մէկ դրուագ:
Համայնավար կուսակցութեան Սեւանի շրջանի առաջին քարտուղարը, իր իւրայատուկ յոխորտանքով, անյուսօրէն կը ջանար համոզել գրասենեակի աշխատող երկու դաշնակցական կիներու, որ, ինք, իր ողջ կառոյցով, կ’ուզէ մտնել ՀՅԴի շարքերը: Մերժում, մերժում ու մերժում: Դաշնակցութիւնը հաւաքական ընդունելութիւն չի կատարեր:
Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է առանձին դիմէ, անձնապէս դիմէ, այլ ոչ թէ ոեւէ մէկը իր փոխարէն դիմում կատարէ:
Ի վերջոյ, դաշնակցականը կեանքը հայրենիքին նուիրելու երդումով է, որ կը մտնէ այդ կուսակցութեան շարքերը: Այդպիսի երդումի հանդէպ կարելի՞ է անլուրջ մօտեցում ունենալ:
Անշուշտ ոչ:
Եւ «Ասպարէզ» կը շարունակէ պատմութիւն արձանագրել: