25 Յուլիս 1897.
111ամեակ Խանասորի արշաւանքի.
27 Յուլիս 1983.
25ամեակ Լիզպոնի տղոց ողջակիզման.
Նիկոլ Դումանէն՝ մինչեւ Արան,
Վաչէն, Սագօն, Սեդրակն ու Սարգիսը:
Լիզպոնի հինգ քաջերը մինչեւ այսօր, իրենց ողջակիզումէն 25 տարիներ ետք ալ, ամէն օր կը տեսնեն իրենց ցանած սերմերուն պտուղները հայ երիտասարդութեան մօտ: Լիզպոնի տղոց սրբազան գերեզմանին վրայ, կը խոնարհին հաւատաւոր ու գաղափարակից ընկերները. հոն՝ Լիզպոնի հինգ քաջերու նկարներուն առջեւ, մեխակ մը իրենց ձեռքին… (Այս տարի Լիզպոնի 25ամեակի ոգեկոչման առիթով Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած միջոցառումներու մասին կարդացէք այսօրուան «Ասպարէզ»ի հինգերորդ եւ ութերորդ էջերու վրայ լոյս տեսած ծանուցումները:)
Երէկն ու այսօրը միախառնող թուականներ կան հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ: Անոնցմէ են Խանասորի ու Լիզպոնի դէպքերը նշող թուականները, որ յաջորդական սերունդներուն վրայ միշտ ալ իրենց իւրայատուկ դրոշմը դրած եւ ուրոյն պատգամները փոխանցած են: Պատմութեան անցած դէպքերու յիշատակումները, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ ապրող հայութեան համար, բացի յարգանքի տուրք մատուցանելու բարոյական իրենց երեսէն, ունին նաեւ դաստիարակող ու գօտեպնդող անդրադարձ՝ յատկապէս երիտասարդ սերունդներուն վրայ: Հայաստանի մէջ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեանց համահայկական Հայաստանագնացութեան բանակումին մասնակցող պատանիներու ներկայութեամբ Լիզպոնի 25ամեակի ոգեկոչումը, որ ինքնին յուզիչ է ու յիշատակութեան արժանի ձեռնարկ է, ցայտուն վկայութիւն մը կը հանդիսանայ հայ երիտասարդութեան հոգեմտաւոր դաստիարակութեան մէջ մեր պատմութեան հերոսական արարքներու ունեցած դերակատարութեան ու տեղին: Խանասորն ու Լիզպոնը, իբրեւ հայ ժողովուրդի ու երիտասարդութեան պոռթկումի արտայայտութիւններ, ժամանակավրէպ չեն կրնար դառնալ երբեք, մանաւանդ երբ նոր սերունդները կը գիտակցին, թէ Հայ Դատի պահանջատիրութեան այսօրուան մեր ամրապինդ դիրքերը իրենց արմատները ուղղակիօրէն կը գտնեն հայ ժողովուրդի ուժական պահանջատիրութեան խիզախ քայլերուն մէջ:
Այսօր, որքան ալ տարիները անցած ըլլան, որքան ալ պայքարի ձեւերը փոխուած ըլլան, անփոփոխ կը շարունակէ մնալ հայ երիտասարդութեան պահանջատիրութիւնը: Քսանըհինգ տարիներ առաջ Լիզպոնի հինգ տղաքը անձնազոհութեամբ ուղղուեցան դէպի ողջակիզում՝ հայրենիքի երազը վառ պահած իրենց սրտերուն մէջ: Այսօր անկախ հայրենիքի երազը իրականութիւն դարձած է եւ մեր հայրենիքը վերելքի ժամանակաշրջան կը բոլորէ: Արցախեան լեռնաշխարհին մէջ խոնարհ հերոսներու արեամբ ձեռքբերուած անկախութիւնը եւս իրականութիւն դարձած է: Բայց հայութեան պայքարը դեռ չէ ամբողջացած. Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն ուրացման քաղաքականութիւն վարել՝ սպառնալով Հայաստանի ու ճնշումներ բանեցնելով ողջ հայութեան վրայ:
Լիզպոնի հինգ նահատակներու եւ այսօրուան հայ երիտասարդութեան ունեցած հայրենիքի տեսլականը նոյնն է. վստահի՛լ հայութեան ուժականութեան, մերժե՛լ այլասերումն ու անտարբերութիւնը, պայքարի՛լ ուրացման քաղաքականութեան դէմ՝ արդարութեան հաստատման ջատագովներ դառնալու մտադրութեամբ: Նիկոլ Դումանէն մինչեւ Արան, Վաչէն, Սագոն, Սեդրակն ու Սարգիսը՝ Խանասորի արշաւանքի 111ամեայ եւ Լիզպոնի տղոց ողջակիզման 25ամեայ կենդանի պատգամին տէրն ենք: