Ներկայ ժամանակներու ընկերային, բարոյական, կրթական, նոյնիսկ քաղաքական բնագաւառներու իրավիճակը ուսումնասիրելով, չկայ մէկը որ ուրանայ կրօնական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ընդհանրապէս, որուն մէկ երեսն է միայն կրօնի դասաւանդութիւնը դպրոցին մէջ: Կրօնական դաստիարակութիւնը տան մէջ, եկեղեցւոյ մէջ կայ ազգային հաւաքական կեանքի կառոյցներէն ներս, իր դրական դերակատարութիւնը կ՚ունենայ բնականաբար, սակայն դպրոցէն ներս՝ ուսումնական ծրագրին մէջ զայն կանոնաւորապէս տեղադրելը, նիշի գնահատման յատուկ կարգավիճակով, իր ազդու հետեւանքը կ՚ունենայ՝ դաստիարակութեան իմաստով, մինչեւ իսկ նորաբողբոջ մանուկի ապագայ կեանքին մէջ, մինչեւ չափահասութիւն:
Կրօնի դասաւանդման պարագային եւս պէտք է ճշդել անոր հայրենական եւ սփիւռքեան պայմաններուն ու մակարդակին տարբերութիւնները: Սակայն անոր ուսուցման թափը համահաւասար ուժգնութիւն կը պահանջէ, տրուած ըլլալով որ ո՛չ հայրենականը եւ ո՛չ ալ սփիւռքեան տարբերակը գոհացուցիչ են, կամ քաջալերուած՝ նիւթական թէ բարոյական իմաստով: Հայաստանը հակառակ շուրջ քսանամեակէ մը ի վեր ազատ պայմաններու մէջ ըլլալուն, կրօնի ուսուցման նախանձելի պատկեր մը չի պարզեր: Իսկ Սփիւռքը, իմ համեստ հայեցողութեամբ՝ նոր է որ կը կազմուի:
Մինչեւ հիմա ազգային քարոզչութեան մեքենան աշխոյժօրէն բանեցաւ, աղմկեց, արիւն ներարկեց, ոգի ներշնչեց, իր հասկցած ձեւով սերունդ «պատրաստեց»: Իսկ հիմա, որ այդ պատրաստուած սերունդին կը յաջորդէ համաշխարհայնացած կեանքի պայմաններուն մէջ ծնած նոր սերունդ մը, գիտական յառաջընթացի հոսանքէն բռնուած, այդ իմաստով արթուն, գիտակից, մեծ ոստումներով քայլեր առնող դէպի իր ապագան, կը նշանակէ, որ նոր սփիւռք մըն է որ կը կազմուի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Սփիւռք մը, զոր համախմբելը կ’ենթադրէ նոր մեթոտ՝ ո՛չ երազային հայրենիքի մը գաղափարին շուրջ անպայման, երբ այդ երազը շատերու մօտ փշրուած է արդէն, այլ՝ նոր մեթոտ մը, հայութեան կեանքի երակներէն վազող արեան բնորոշիչ գիծերով յատկանշուող:
Այդ բնորոշիչ գիծերէն կարեւորագոյնը, եթէ ոչ գլխաւորն է կրօնը՝ անոր հայկական դիմագիծով: Այո՛. հայկական, որովհետեւ մեր մշակոյթին հետ շաղախուած է անոր իսկութիւնը: Անաստուած կամ անկրօն հայ պէտք չէ գոյութիւն ունենայ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ հայրենիքը անկախացած է, (ինչպէս յաճախ կը սիրեն գործածել այս ասոյթը ոմանք, որոնք մասնաւոր հարցի մը անառարկելի լուծում իբրեւ կը ներկայացնեն հայրենիքին անկախութիւնը):
Քրիստոնէութիւնը շապիկ մը չէ զոր հագուեցան մեր հայրերը ու կտակեցին մեզի, այլ՝ իրենց մորթին գոյնը դարձուցին զայն:
Նոր մեթոտը, որ մեր ժողովուրդը պիտի համախմբէ լայնատարած հովանոցի մը տակ, իր բոլոր թեւերով ու տարբեր հոսանքներով, հայու քրիստոնէութեան վերարժեւորումն է, անոր պարփակած բարոյական արժէքներով, որոնք վեր կը մնան ժամանակէն: Հայաստանի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը ըլլալուն լոզունգը նուազ քան տասնամեակ մը առաջ, ճչոց մը եղաւ պարզապէս, որուն ցաւի թէ ուրախութեան կանչ ըլլալը ոչ ոք կրցաւ գնահատել տակաւին. խնճոյք մը, որուն սեղաններէն գրեթէ անօթի ելաւ հայը՝ խնճոյքի մը մասնակից դառնալուն երազը պահելով մտքին մէջ իբրեւ յուշ:
Իսկ օտարներու պարագային, արժէ հարց տալ նոյնիսկ այդ տօնակատարութիւններուն մասնակցութիւն բերած պաշտօնական անձնաւորութեանց, տեսնելու համար թէ արդեօ՞ք պիտի յիշեն 1700 ամեակի տարին, երբ Հայաստանի մէջ թէ այլուր ներկայ գտնուեցան հանդիսութեանց, թո՛ղ տակաւին խօսուած ճառերէն տող մը վերյիշելու խնդիրը:
Այս բոլորը անոր համար, որ եթէ կրօնական դաստիարակութեան, բառացիօրէն՝ կրօնի դասաւանդման տրուած ըլլար իր արժանապատիւ տեղը հայ աշակերտին դասացուցակին մէջ, վստահաբար աւելի խորունկ տպաւորութիւն պիտի գործէր եւ ազդեցութիւն ունենար իւրաքանչիւր դէպք մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որ կապուած ըլլար կրօնքի ճամբով մեր հայկական ինքնութեան ամրապնդման:
Հակառակ անոր որ կրօնին նիւթը թերեւս «անփոփոխ» նիւթ նկատուի, -որովհետեւ կարելի է առարկել, որ Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները անփոփոխելի են-, սակայն անոր մատուցման կերպը, արտաքին տեսքը, օգտագործուած բառապաշարը եւ լեզուամտածողութիւնը մնայուն կերպով փոփոխութեան կարիքը ունին: Աստուածաշունչը մեծագոյն օրինակն է անոր, երբ ժամանակ առ ժամանակ նոր թարգմանութիւններով, տուեալ ժողովուրդին աւելի մատչելի լեզուով կը մատուցուի: Կրօնի դասագիրքը եւս այդ տեւական փոփոխութեան առարկայ պէտք է ըլլայ, եթէ կ՚ուզենք ճիշդը սորվեցնել, հասկնալի դարձնել, ու այժմէականացնել ըսել ուզուածը:
Կրօնի ուսուցիչներու պատրաստութեան կեդրոն մը, ծրագիր մը, կամ այլ միջոց մը, տեղական մակարդակի վրայ, թէ կեդրոնացեալ ձեւով՝ անհրաժեշտ է, յագեցնելու համար տակաւ աճող կարիքը, որ սովի վերածուելու կանխանշաններ ցոյց կու տայ արդէն: Բնականաբար հաւատքը չի մեռնիր մարդոց սրտին մէջ, սակայն զայն մանուկին փոխանցելը ուրիշ բան է, քան պարզապէս զայն իր սրտին մէջ ունենալը:
Բոլոր միւս դասերէն աւելի՝ կրօնի դասը մանկավարժական ամէնէն արդիական մեթոտներէն պէտք է օգտուի, նախ նիւթը սիրցնելու, եւ ապա զայն հեզասահ կերպով փոխանցելու համար աշակերտին: Օրինակը՝ պատկերաւոր զուգորդումները, լսատեսողական բաժինը եւ աշակերտներուն կողմէ նիւթին թատերական ներկայացումը՝ բաշխուած դերերով, դասագիրքէն եւ ուսուցիչէն աւելի տպաւորութիւն կը գործեն, եւ աւելի դիւրաւ ալ կը սորվեցնեն դասը:
Հաւատքը փոխանցելու հաւա՛տք, տեսիլք ու նուիրում՝ անցնող սերունդին համար գոյապայքարի ամուր կռուաններ էին, եւ այս նիւթը սիրողաբար դասաւանդող ուսուցիչներ բաւարար քանակութեամբ կարելի էր գտնել: Սակայն հիմա մասնագիտական նիւթ է նաեւ կրօնի դասաւանդումը, իր ընկերային, հոգեբանական, մարդասիրական, ու ծիսական-պաշտամունքային երեսներով: Մարդու ներաշխարհին եւ աներեւոյթ աշխարհի իրականութեան հետ հաղորդուելու այս նիւթը, շատ աւելի մասնագիտութիւն կ՚ենթադրէ, քան այլ նիւթեր:
Վաղուան մարդը եւ քրիստոնեայ հայը տան հոգեւոր ու բարոյական մթնոլորտին մէջ կը դաստիարակուի, կրօնի դասապահին ընթացքին կը կոփուի, եւ վարած քրիստոնէական կեանքին ընթացքին կը յղկուի: