Մէկ շաբաթէն նուազ ժամանակ մնաց մինչեւ «Ասպարէզ»ի հարիւրերորդ տարեդարձին օրը: Մինչեւ եկող Հինգշաբթի պէտք է կարենանք ամբողջացնել հազար նուիրատուներու ցանկը:
Դժուարութիւննե՞րը: Մեր կամաւորներու բազմազբաղութիւնը, արձակուրդները:
Ասոնք արդարացումներ չեն հաւանական ձախողութեան մը պատրաստելու ձեզ: Մենք չենք կրնար ձեր հետ անկեղծ ու ճշմարիտ չըլլալ:
Այլապէս՝ մեր առաքելութեան մէջ հիմնովին ձախողած կ՝ըլլանք :
Կամաւորներու պարագային, յառաջիկայ օրերուն անոնց թիւը պիտի աւելնայ, եւ բոլորը, իրենց այնքան սուղ ազատ ժամանակը առաւել արդիւնաւէտութեամբ պիտի օգտագործեն՝ մեզ մօտեցնելու համար առաջադրուած թիրախին:
Իսկ արձակուրդի գացողներուն… սպասելէ զատ ուրիշ բան չենք կրնար ընել: Կը վերադառնան, կը պատասխանեն մեզի եւ հանգստացած ու բարձր տրամադրութեամբ՝ կրնան աւելի խանդավառութեամբ ընդառաջել մեր դիմումին:
Մի՛ մոռնաք, որ դուք, անոնք, որոնք արդէն ուղարկեցին կամ յանձնառու եղան ուղարկելու իրենց մասնակցութիւնը, դուք ալ շահագրգռուած էք, որ մենք հասնինք մեր թիրախին: Մենք ճամբայ ելանք ձեզի վստահելով, դուք ալ արդարացուցիք մեր ակնկալութիւնը ու միացաք մեզի, միեւնոյն ատեն զինակից դառնալով մեզի, ընդհանուր դարձնելով արշաւը:
Ուրեմն մեր յաջողութիւնը ձեր յաջողութիւնը պիտի ըլլայ: Միասին պիտի տօնենք զայն, միասին պիտի առնենք դէպի նոր հարիւրամեակ սլացող առաջին ոստումները՝ հասուն, ինքնավստահ, հայերէն:
Ուրեմն, մէկ շաբաթն ալ շատ է ծրագիրը իր աւարտին հասցնելու: Այս շաբաթավերջին բոլորս ալ ընելիք ունինք, հեռաձայնենք, խօսինք մեր ծանօթ բարեկամներուն ու իրենց ալ առիթ տանք միանալու արշաւին: Մի՛ մոռնաք. այս շաբաթ, հարիւր տոլարով ձեր բարեկամն ու ծանօթը թէ շնորհաւորած կ’ըլլայ «Ասպարէզ»ի տարեդարձը եւ թէ ալ կը դառնայ նոր հարիւրամեակի առաջին բաժանորդներերէն: