ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Հրապարակային այս գրութիւնը հաւանաբար անհաճոյ թուի քաղաքական առօրեային մէջ նետուած հայ անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք գործի իրենց ըմբռնումով, կամ գործնական ըլլալու տենչէն տարուած յաճախ կը զիջին խորքը եւ տեսլականը։
Նախ, չենք կրնար թաքցնել ներքին համոզում մը՝ որ «Ասպարէզ»ը մեծ յոյսերով ու ծրագիրներով կը շարունակէ իր երթը, թերթի երկրորդ դարաշրջանի բացումին, եւ ինչպէս ամէն առիթով կը լսենք՝ անոր յաջողութեան գլխաւոր պայմանը՝ մեր բոլորին գործակցութիւնն ու նուիրումն է։
«Ասպարէզ»ը համեստ թերթ եղած է որովհետեւ իր հետապնդած նպատակները ուղղուած են սովորական եւ համեստ անհատին։ Թերթին շեշտուած նպատակը, նախ ժողովուրդի մնայուն տեղեկատուութեան ու գաղափարական ուղղուածութեան գործին սատարելու հիմնական առաքելութիւնը եղած է։ Ապա, ժողովուրդի եւ Դաշնակցութեան կապերու աւելի սերտացումը՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի Դաշնակցական գործունէութեան մասին տեղեկութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու լայն բաժիններով։ Վերջապէս, իբրեւ ժողովուրդի կուսակցութեան թերթ, Դաշնակցական ընկերներու տրուած առիթը որպէսզի հրապարակաւ կուսակցական գաղափարական եւ քաղաքական հարցերը իրենց անձնական ու քննական մտածումով շարադրեն եւ արտայայտեն։
Մեր ժողովուրդի եղերական հարիւր տարին էր որ ապրեցաւ «Ասպարէզ»։ Իր հարիւր տարուայ էջերուն մէջ բազմաթիւ եղելութիւններ արձանագրուած են որոնց մէջ կարելի է խուզարկել մեր ժողովուրդի ողբի դարն իրականութիւնները ու յաղթանակի ճշմարտութիւնները, երկու պարագային ալ սակայն, մեծ մասամբ, սպասումի եւ ակնկալութիւններու անհեթեթ քաղաքական տրամաբանութիւններով մեկնաբանուած՝ բացակայ ազգային ներուժ քաղաքական հասկացողութիւնը։
Հարիւր տարուայ այս պատմութեան մէջ մատնանշելի առաջին թերութիւնը հաւանաբար գաղափարական տարակարծութիւններու եւ քաղաքական հակամարտութիւններու պակասը եղած է, ու ասիկա ի վնաս «Ասպարէզ»ին։ Սփիւռքի մէջ զգալիօրէն պակսած է ու կը պակսի քաղաքական աշխուժ հակադրութիւններու եւ յառաջդիմական պայքարի մթնոլորտը։ Դաշնակցական ընկերներու եւ ընդհանրապէս հայ քաղաքական մտքին մէջ բացակայ է գաղափարական հակադիր ուղղութիւններու երթեւեկը։ Եթէ «Ասպարէզ»ի կողքին գոյութիւն ունենային մրցակից այլ գաղափարական թերթեր՝ շատ աւելի յուսադրիչ կ’ըլլար անոր եւ հայութեան վիճակը։
Գաղափարի տարակարծութիւններու պակասը, վերջին հաշւով, հանգստեան կոչեց նաեւ Դաշնակցութիւնը դրամատիրական իր յարաբերութիւններուն մէջ։ Առօրեայ դրամատիրական շահարկումներու հրմշտուքին ենթակայ՝ Դաշնակցութիւնը քաղքենիին մէջ փնտրեց իր փրկութիւնը եւ դժուարութիւն ունեցաւ նորոգելու իր անցեալի փառքի դափնիները ու ապրիլ ժամանակակից գաղափարական եւ քաղաքական տինամիքը։ Հետաքրքարականը այն է որ «Ասպարէզ» նաեւ դիւրութեամբ հաշտուեցաւ գաղափարախօսութեան բացակայութեան հետ։ Զիջեցաւ շուկայի շահերուն մոռնալով սովորական ու համեստ հայ անհատի իրաւունքներուն լայն տեղ տալու իր առաքելութիւնը։ Ի վերջոյ, ազատագրական պայքար է ճիշտ սահմանել հայ աշխատաւորին, հայ գիւղացիին, սովորական մարդուն քաղաքական իրաւունքները, տնտեսական տենչը, ընկերային, քաղաքական եւ բնական իրաւունքները իրագործելու ձգտումը եւ այդ բոլորը քաղաքական կազմակերպ պայքարի վերածելը։ Ասիկա Դաշնակցական աւանդ է որուն հիմնական պայմաններէն է հասանելի, հաղորդակից ու մատչելի դառնալ աշխատաւոր զանգուածին։ Հետաքրքարական եւ ուրախալի երեւոյթ էր, օրինակ, տեսնել սովորական հայ անհատի այցելութեան մասին տեղեկութիւններ «Ասպարէզ»ի էջերուն մէջ, որոնք, սակայն, շուտ տեղի տուին Հայ Դատի կամ Հայ Կրթական Հիմնարկի կազմակերպած դրամատիրական շռայլ ձերնառկներուն դիմաց։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մամուլի պատմութեան մէջ «Ասպարէզ»ի հարիւրամեակը կարեւոր երեւոյթ է ու ապագան դիմագրաւող հանգրուան՝ հայութեան ներկայ քաղաքական զարգացման, ազգային շահերու հասկացողութեան ու գաղափարական տեսիլքի յստակացման անյետաձգելի իր ճիգերով։ Դժբախտաբար կորսնցուցինք Դրօշակի երբեմնի մտքի հրապոյրը, քաղաքական եւ գաղափարական խորք պրպտող քննարկումները, անցեալը եւ ապագան իրար շաղկապող տինամիք մտածողութիւնը։ Հայը զիջեցաւ դրամատէրին եւ սկսաւ շքանշաններ շնորհել ճաշկերոյթ հովանաւորողներուն, մեկդի շպրտելով ազգային շահերու հասկացողութիւնը, պետականութեան հաստատման հիմնական խարիսխը՝ իր ենթակառոյցին մէջ սովորական կեանք ապրող աշխատաւոր զանգուածը։
Հայը իր անկախութեան պայքարը սկսաւ 1991ին եւ անկէ ասդին ամէնէն բուռն ճակատը հայ աշխատաւոր զանգուածի ճակատը եղած է։ Տարբեր է պարագան Սփիւռքին որովհոտեւ հոն քաղքենիութիւնն է տիրողը եւ ազատագրական պայքարէ աւելի տնտեսական բարձր դիրք գրաւելու առօրեայ հեւքն է պայքարի սահմանումը՝ շղթայուած համաշխարհային ներկայ նորազատական միջավայրին եւ շղթայակապուած անոր։ Չենք կրնար անկախութիւն պահել այս ձեւով եւ չենք կրար հպարտօրէն յայտարարել, որ հայ աշխատաւոր զանգուածը իր ազատ եւ անկախ հայրենիքը ունի այսօր։ Այս անդրադարձը Դաշնակցական մամուլի առջնահերթ առաքելութիւնն է նոր դարաշրջանին մէջ։ Ամէն պարագայի, մաղթելի է որ «Ասպարէզ»ը շարունակէ լոյս սփռել քաղաքական եւ գաղափարական մեր մտածողութեան վրայ, քաղաքական զարգացման անկեղծ խօսակցութիւն տանի բարեկամներու եւ ժողովուրդին հետ, լուր քաղէ սովորական մարդէն ու լուր տարածէ անոր եւ, մանաւանդ, ներազգային ինքնահաստատման ու ընկերաքաղաքական զարգացումներու օրակարգ ունենայ իր էջերուն մէջ։