Եկող Երեքշաբթի, կառավարութեան դիմումին ընդառաջելով, Հայաստանի Ազգային Ժողովը պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը, որուն օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ Սեւանէն յաւելեալ ջուր դուրս բերելու հարցը:
Կառավարութեան հիմնաւորումը. երաշտ է եւ Արարատեան դաշտի հազարաւոր հեքթարներով ցանքատարածքները վտա-նգուած են, աղէտալի կորուստներու սպառնալիքի ենթակայ դարձնելով շրջանի ամբողջ գիւղացութիւնը:
Սեւանի ջուրի օգտագործումը, անոր աւազանէն դուրս բերուող ջուրի ծաւալները կանոնակարգուած են օրէնքով: Ըստ գործող օրէնքին, Սեւանէն կարելի է դուրս բերել 170 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր: Այս տարուան Յունիսին, արդէն իսկ փոխելով օրէնքը, կառավարութիւնը այդ թիւը բարձրացուցած էր 240 միլիոն խորանարդ մեթրի: Եկող շաբթուան Ազգային Ժողովի նիստին, կառավարութիւնը կ’առաջարկէ այդ թիւը աւելի բարձրացնել, զայն հասցնելով 360 միլիոն խորանարդ մեթրի:
Շնորհիւ գործող օրէնքին, Սեւանը վերջին տարիներուն առողջացման գործընթացի բարիքները սկսած էր վայելելու: Չուրի մակարդակը սկսած էր բարձրանալու ու կարծես հաստատ քայլերով ամէն տարի աւելի պիտի մօտենար այն կենսական աստիճանին, երբ այլեւս լիճը պիտի կարենար ինքզինք մաքրել:
Սակայն, ահա այդ գործընթացը կարծես խոչընդոտի առջեւ կը գտնէ ինքզինք եւ եկող շաբթուան ժողովով, կառավարութիւնն ու Ազգային Ժողովը կրնան յետընթացի դուռ մը բանալ: Բնութեան պահպանութեան եւ յատկապէս Սեւանի ճակատագրով մտահոգ մարդիկ կը կասկածին, որ կառավարութեան դիրքորոշումը կը մեկնի Սեւանի ափամերձ շրջաններու մէջ, որոշ պարագաներու նոյնիսկ լիճը անմիջապէս եզերող հիւրանոցային, ճաշարանային ու կենցաղային այլ կառոյցները փրկելու հաշուարկներէ, այսինքն յատուկ խաւի մը շահերը պաշտպանելու դրդումներէ:
Սեւանի բարձրացող մակարդակը իրապէս վտանգած է որոշ կառոյցներու գոյութիւնը: Ճիշդ այդ նպատակով, ափամերձ շինարարութիւններու համար օրէնքով նախատեսուած էր նոր նիշ մը: Հետեւաբար, նոր կառոցները ապահովուած պիտի ըլլան, եթէ անոնք հետեւին օրէնքին: Իսկ նախկինները փրկելու խնդիր պէտք չէ ունենայ կառավարութիւնը: Եթէ այդ կառոյցները օրինական են, պէտք է կառավարութիւնը անոնց տէրերուն վնասուց հատուցում տայ ու ինք քանդէ զանոնք: Իսկ անօրինական կառոյցները վստահաբար արդէն իրենց վնասները տուած են Սեւանին, ուրեմն վաղուց պէտք է չքանային:
Այսօրուան դրութեամբ, երբ Արարատեան դաշտի հազարաւոր գիւղացիներու ապրուստի կենսական խնդիրները հրատապ կը դարձնեն ջուր ապահովելու հարցը, Սեւանի օգնութեան դիմելու կառավարութեան որոշումը կրնայ ժամանակաւոր լուծում մը ըլլալ: Այսուհանդերձ, անցեալի դաժան փորձառութեան լոյսին տակ, երբ տարիներով Սեւանը քամուած է միշտ հաւանաբար նոյն տեսակի արդարացումներով կամ պատրուակներով, այս անգամուան քայլի միանգամեայ կարգադրութեան կարգավիճակ տալը խիստ կարեւոր է: Նաեւ կարեւոր է որ յառաջիկայ Երեքշաբթի օրուան Ազգային Ժողովի քննարկումները ըլլան բաց, համակողմանի ու ամբողջական. կարեւոր է, որ այդ քննարկումներուն մասնակցին մասնագէտներ, բնապահպաններ, գիւղատնտեսներ: Ամէնէն կարեւորը, սակայն, այն է, որ Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ է հասարակական կազմակերպութիւններու աչալուրջ հսկողութիւնը այսօրինակ խնդիրներու վրայ, որպէսզի ապահովուի մեր գեղեցկութեան թագուհի Սեւանի թարմութիւնն ու առողջութիւնը՝ վասն մեր գալիք սերունդներու բարօրութեան:
Երէկ, այս ուղղութեամբ քննարկման ձեռնարկուած էր Քաղաքացիական Ազգային Նախաձեռնութեան կողմէ: Երանի շարունակուին ու աւելի լայն շրջանակ ընդգրկեն այդ քննարկումները: