Անցեալ Հինգշաբթի մենք տօնեցինք մեր հարիւրերորդ տարեդարձը: Հարիւր տարի առաջ ճամբայ ելած այս հրատարակութիւնը, որուն առաքելութիւնը իր ընթերցողներու կարիքներուն հետ քայլ պահել ու անոնց ճշգրիտ լրատուութիւն տրամադրել եղած է, կրցած է ամէն հանգրուանի ինքզինք թարմացնել՝ նոր ժամանակներու պահանջներուն համեմատ:
Հարիւրամեակի առիթով եւս թարմացման կարիք կը զգացուի: Այս ճիգի ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 25 Օգոստոսէն սկսեալ, «Ասպարէզ» պիտի սկսի շաբաթական վեց անգամ յաճախակիութեամբ հրատարկուիլ: Շաբաթ օրուան երկլեզու հրատարակութիւնը պիտի վերածուի միայն հայերէնով լոյս տեսնող թիւի, իսկ անգլերէն բաժինը ձեզի պիտի հասնի առանձին՝ Երկուշաբթի օրերը:
Այսպիսով, պիտի շարունակէք շաբաթը հինգ օր, Երեքշաբթիէն Շաբաթ, ստանալ հայերէն օրաթերթը, Շաբաթ օրուան թիւը նոյնքան ծաւալուն, իսկ Երկուշաբթի օրերը պիտի ստանաք անգլերէն շաբաթաթերթը:
Անցեալ Մայիսին, «Ասպարէզ»ի առօրեայէն դուրս բերինք անգլերէնի էջը, զոր վերածեցինք համացանցային մեր էջին մաս մը, աւելի ճոխացնելով ու յարմացնելով այդ բաժինը: Անցեալ ամիսներուն մենք առաւելապէս դրական արձագանգ ստացանք մեր ընթերցողներէն, որոնք յայտնապէս գոհ էին, որ առաւել դիւրին ու անմիջական ձեւով հասու կ’ըլլան համացանցային «Ասպարէզ»ի էջին, ստանալով կարեւորագոյն լուրերու ընտրանին: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին օգտուիլ այս նոր ծառայութենէն, կրնան այցելել asbarez.com կայքէջ եւ անվճար արձանագրուիլ:
1970, Մայիս 1ին, երբ «Ասպարէզ»ը սկսաւ իր անգլերէն լեզուով հրատարակութեան, անդրանիկ խմբագրականով յայտարարեց, թէ «Կը յուսանք, որ այս նոր սկսած անգլերէն բաժինը պիտի օգնէ մեր ճիգերուն՝ մեր ընթերցողներուն հետ աւելի լաւ հաղորդուելու»: Այսօր, մենք կը կրկնենք մեր նախորդներու յանձնառութիւնը, եւ դարձեալ իրենց բառերով՝ «Վստահ ենք, որ այս դժուարին պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին, մեր ընթերցողները մեր կողքին պիտի կանգնին, ինչպէս որ միշտ կանգնած են»:
Շաբաթօրեայ մեր հանդիպումը որքան ալ հաճելի էր, կը խոստանանք, որ Երկուշաբթի օրերու մեր թիւով, դուք շաբաթը աւելի լաւ սկսիք «Ասպարէզ»ի հետ եւ միասնաբար պիտի կարենանք այս թերթը դարձնել տեղեկութեանց եւ շինիչ քննարկումներու իսկական ասպարէզ մը: