Ամէն անգամ կը դիմենք մեր ընթերցողներուն՝ մեր կարծիքով կարեւոր ծրագրի մը աջակցելու խնդրանքով, հիմնականին մէջ՝ նիւթական յատկացումի ակնկալութեամբ:
Այսօր կը դիմենք Ձեզ, որ օգնէք Հայաստանի կանաչապատման եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն գործ հայթաթող ծրագրի մը՝ պարզապէս քուէարկութեան մը մասնակցելով:
Երէկ կէսօրուան դրութեամբ, ես արձանագրեցի 164րդ քուէն, ի նպաստ այս ծրագրին: Կիրակի գիշերուան դրութեամբ, 81 քուէով ծրագիրը 77րդ բարձրագոյն քուէն հաւաքողն էր: Մրցոյթի առաջին հանգրուանին, անհրաժեշտ է գրաւել բարձրագոյն քուէ ստացած առաջին քսանհինգ դիրքերէն մէկը: Ժամկէտը այսօր գիշեր է: Ափսոս, որ ուշ իմացանք այս մասին, այլապէս կանուխէն կը դիմէինք ձեր օգնութեան:
Հիմնականին մէջ «Ամերիքըն Էքսփրէս»ի կողմէ յատկացուած դրամաշնորհի մը համար մրցոյթ մըն է, որուն կը մասնակցին շուրջ հինգ հարիւր ծրագիրներ: Քուէարկութեան մասնակցելու համար պարտաւոր չէք «Ամերիքըն Էքսփրէս» քարտ ունենալ: Կրնաք քուէարկել նաեւ՝ իբրեւ հիւր:
Այսուհանդերձ, ընդամէնը քանի մը վայրկեան տեւող գործողութիւն մըն է, որուն իբրեւ արդիւնք, բարձրագոյն քուէն ապահովելու պարագային, մեր ընտրած ծրագիրը պիտի ստանայ դրամաշնորհի երկուքուկէս միլիոն տոլարէն մաս մը:
Քուէարկելու համար պէտք է այցելէք՝
http://www.membersproject.com/project/view/80XKMF կայքէջը, ուր կը գտնէք մրցոյթին մասնակցող բոլոր ծրագիրներուն անունները՝ դասակարգուած ըստ իրենց բնոյթի:
Հայկական ծրագիրը միջավայրի պաշտպանութեան դասակարգին մէջ ներառուած է, ու կը կոչուի՝ backyard tree nurseries micro-enterprise project: Կը սեղմէք այդ անունին վրայ ու կը մտնէք քուէարկութեան վայրը, Խոր Վիրապի նկարին տակ սեղմելով ձեր քուէն: Այստեղ նաեւ մանրամասնութիւններ կը տրուին ծրագրի մասին, թէ ինչպէ՛ս անոր միջոցաւ, անտառային տարածքի կարիք ունեցող մեր հայրենիքի տարբեր շրջաններուն մէջ պիտի խրախուսուի կանաչապատումը՝ միեւնոյն ժամանակ գործ հայթայթելով կարիքաւոր ընտանիքներու, ինչպէս գրած էինք այս սիւնակի սկիզբը:
Եթէ համացանց այցելող էք, հարցը դիւրին է: Եթէ ոչ՝ դիմեցէք ձեր զաւակին, ձեր թոռնիկին, բացատրեցէք իրենց սիւնակի միտքը եւ համոզեցէք, որ անպայման նեղութիւն կրեն ու քուէարկեն այս ծրագրին:
Յիշեցէք, այս գիշեր վերջին առիթն է այս փուլի քուէարկութեան համար: