Թէեւ այլեւս կը ձանձրանամ քանի մը ամիս անգամ «Լոս Անճելըս Թայմզ»էն նոյն սրբագրութիւնը պահանջելէ, սակայն օրաթերթին լրագրողները կը թուին չյոգնիլ նոյն սխալը կատարելէ։
Ընթերցողները հաւանաբար արդէն իսկ կրնան կռահել, թէ «Թայմզ»ի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մէկ այլ անյարմար ակնարկի մը մասին կը խօսիմ։ Այս անգամ յանցագործը լրագրող Ակուսթին Կուրզան է։
Օրաթերթին 9 Օգոստոսի օրացոյցի բաժինին մէջ, պրն. Կուրզա պատկերազարդ ընդարձակ յօդուած մը գրեց 12 անդամներէ բաղկացած Հայաստանէն ժողովրդային-միախառնումa նուագախումբ «Արմինիըն նէյվի պենտ»ի Լոս Անճելըսի հռչակաւոր «Ուոլթ Տիզնի» սրահին մէջ Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին ելոյթին մասին։
Անակնկալի մատնուեցայ եւ բարկացայ այդ յօդուածին մէջ կարդալով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հետեւեալ սխալ որակումը. «Հայեր իրենց հաւաքական ծինին մէջ ունին յիշատակը այն բանին, որ 20րդ դարու սկիզբը թուրքերու կողմէ գործուածը ցեղասպանութիւն մը կը նկատեն»։
Պրն. Կուրզա պէտք է գիտնար, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը համաշխարհային մակարդակի վրայ ճանչցուած է, բացառութիւն են թուրք մերժողականներն ու անոնց վարձկան խումբերը։ Լրագրողին սխալ յայտարարութիւնը նաեւ կը հակադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ «Թայմզ»ի խմբագրական քաղաքականութեան։
Դժբախտաբար այս մէկը «Թայմզ»ի լրագրողի մը կողմէ առաջին սխալը չէ, ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ։ Վերջին տարիներուն այս օրաթերթը այս հարցին վերաբերեալ բազմաթիւ սրբագրութիւններ հրապարակած է։ Շուրջ մէկ տարի առաջ հայ համայնքին եւ «Թայմզ»ի խմբագրակազմին միջեւ մեծ ճակատում մը տեղի ունեցաւ, երբ վարչական-խմբագիր Տակլըս Ֆրանց արգիլեց, որ լրագրող Մարք Արաքսի կողմէ գրուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուած մը հրապարակուի։ Վէճը լուծուեցաւ, երբ «Թայմզ»ի հրատարակիչ Տէյվիտ Հիլըր համայնքը վստահեցուց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրաթերթին հաստատ քաղաքականութենէն յաւելեալ որեւէ այլ շեղում պիտի չարտօնուի։ Պրն. Ֆրանց այլեւս «Թայմզ»ի մէջ չի պաշտօնավարեր։
Վեց ամիս ետք, լրագրող Ռիչըրտ Սիմըն 3 Հոկտեմբեր, 2007ի իր յօդուածին մէջ անգամ մը եւս Հայոց Ցեղասպանութիւնը սխալ ձեւով ներկայացուց։ Պրն. Հիլըրի իմ գանգատելէս երկու օր ետք, «Թայմզ»ը հետեւեալ սրբագրութիւնը հրապարակեց.
«Հայոց Ցեղասպանութիւն. Չորեքշաբթի օրուան Ա. բաժինին մէջ օսմանցի թուրքերու կողմէ հայերու սպանութիւնը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու բանաձեւի մը մասին յօդուած մը կ’ըսէր. «Հայեր կ’ըսեն, թէ իրենց ժողովուրդէն 1.5 միլիոն անձեր սպաննուեցան՝ զիրենք արեւելեան Թուրքիայէն դուրս մղելու արշաւի մը ընթացքին»։ Խօսքը պէտք չէր միայն հայերու վերագրուէր. պատմական փաստերն ու հետազօտութիւնը կը վկայեն ցեղասպանութիւն եզրի ճշգրտութեան մասին»։
Սրբագրութենէն հազիւ տարի մը ետք, լրագրող Կուրզա իր 9 Օգոստոս, 2008ի յօդուածին մէջ նոյն սխալը կրկնեց։ Ենթադրելով, որ իբրեւ ներկայացումներու լրագրող՝ ան կրնայ տեղեակ չըլլալ իր օրաթերթին քաղաքականութենէն, 11 Օգոստոսին անոր հեռաձայնեցի, զինք տեղեակ պահելու համար իր գործած հաւանաբար անուշադրութեան սխալին։ Իր գրասեղանին ետին չգտնուելուն պատճառով, իր հեռաձայնի ձայնագրիչին մէջ պատգամ մը ձգեցի։
Երբ Կուրզայէն լուր չստացայ, ուղղակի կերպով կապ հաստատեցի «Թայմզ»ի խմբագիրներուն հետ։ Յաջորդ օրը ստացայ արագ պատասխան մը, որ կ’իմացնէր, թէ խմբագիրները քննած են գանգատս, զայն արդարացի գտած են եւ կը խոստանան մօտ ատենէն յարմար սրբագրութիւն մը հրապարակել։ Իրապէս ալ, օրաթերթին 14 Օգոստոսի թիւին մէջ հետեւեալ սրբագրութիւնը լոյս տեսաւ.
«Հայկական նուագախումբ. շաբաթ օրուան օրացոյցի բաժինին մէջ «Արմինիըն նէյվի պենտ»ի Ուրբաթ օր «Ուոլթ Տիզնի» սրահին մէջ Ամերիկայի մէջ իր առաջին ելոյթին մասին յօդուած մը յայտնեց, որ՝ «Հայեր իրենց հաւաքական ծինին մէջ ունին յիշատակը այն բանին, թէ 20րդ դարու սկիզբը թուրքերու կողմէ գործուածը ցեղասպանութիւն կը նկատեն»։ Նախադասութիւնը պէտք չէր «ցեղասպանութիւն» եզրը չափաւորէր։ Պատմական փաստը եւ հետազօտութիւնը այդ եզրին ճշգրտութիւնը կը հաստատեն»։
Այս սրբագրութիւնը գրեթէ մէկ տարի առաջ տպուած սրբագրութեան կրկնօրինակն է։ Թէեւ կարգ մը ընթերցողներ օրաթերթին Հայոց Ցեղասպանութեան յաճախակի անյարմար ակնարկներուն ետին դաւ մը կը տեսնեն, այնուհանդերձ, ես համաձայն չեմ այդ կարծիքին։ Կը հաւատամ, որ այս սխալները պարզապէս անտեղեակ կամ անփոյթ լրագրողներու կողմէ գործուած են, որովհետեւ «Թայմզ»ին մէջ հարիւրաւոր լրագրողներ կ’աշխատին, եւ տարեկան գործառնութեան թիւը բարձր է, հասկնալի է, որ անձնակազմի նոր անդամները կրնան տեղեակ չըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրաթերթին քաղաքականութենէն։
Թէեւ անգամ մը եւս սրբագրութիւն մը պահանջելով՝ «Թայմզ»ին հետ կապ հաստատելէ սկսած եմ ձանձրանալ, սակայն հարցերը լաւ կողմէն դիտենք։ «Թայմզ»ի խմբագիրները միշտ լաւ կերպով ընդունած են բողոքս եւ արագ կերպով հրապարակած՝ պահանջուած սրբագրութիւնը։
Աւելի՛ն. ամէն անգամ, որ «Թայմզ»ը այսպիսի սխալ մը գործէ, ան օրաթերթին համար նոր առիթ մը կը ստեղծէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնները հաստատելու եւ ներկայ ու նոր անձնակազմի անդամներուն յիշեցնելու՝ այս հարցին վերաբերեալ իր երկարատեւ քաղաքականութիւնը։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»