Հայ-թուրք յարաբերութիւններու գործընթացի նորագոյն զարգացումներուն մասին կատարուող քննարկումները շատ աւելի թէժ բնոյթ կ’ունենային, եթէ այդ բոլորին վրայ ստուեր չձգեր վրաց-ռուսական տագնապի ռազմականացումը։ Հրադադարի հաստատումն ու լարուած իրավիճակի հետզհետէ հանդարտեցումը եւ մանաւանդ 6 Սեպտեմբերին մօտալուտ ըլլալը վերստին լուսարձակներ կեդրոնացուցին հայ-թուրք յարաբերութիւններուն վրայ։
Թէեւ տակաւին յայտնի չէ, թէ նախագահ Կիւլ պիտի ընդառաջէ՞ իր հայաստանցի պաշտօնակիցին հրաւէրին, այսուհանդերձ թրքական բարձրագոյն մակարդակներէ յարաբերութիւններու բարելաւման կոչեր կը հնչեն։ Անոնք կը թարգմանուին նախագահի եւ վարչապետի կողմէ յաջորդաբար յայտարարուած Թուրքիան շրջանին մէջ թշնամի պետութիւններ չունի (հիմա՛ Հայաստանը մեր թշնամի երկիրը չէ) եւ պէտք է կազմել Կովկասեան երկիրներու (հիմա՛ նաեւ Հայաստանը ընդգրկող) միութիւն կոչերով։ Երկրորդ հասկացողութեան բարձրաձայնումի միտք բանին հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն նոր ուղղութիւն հաղորդելն է։
Մեր մամուլը, կարելիի սահմաններուն մէջ պիտի շարունակէ մօտէն հետեւիլ թրքական եւ ատրպեճանական մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներուն այս առնչութեամբ կատարած հրապարակումներուն։ Մեր ընթերցողները երէկուան թիւին մէջ «Թրքական մամուլը Կիւլի այցելութեան մասին քննարկում կը կատարէ» խորագրեալ ծաղկաքաղ-լրատուութեան ճամբով նկատած պիտի ըլլան, որ թրքական լրատուադաշտը ընդհանրապէս ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի ընդառաջուի հայկական կողմի առաջարկին:
Խոր հակասութիւններ կ’երեւին, սակայն, թրքական պետութեան առած քայլերուն միջեւ։ Անոնք քայլեր են, որոնք պարզապէս կարճաժամկէտ առաւելներ արձանագրելու կը ծառայեն միայն։ Մէկ կողմէ Թուրքիոյ վարչապետը կը խօսի Կովկասեան միութիւն ստեղծելու կարեւորութեան մասին, միւս կողմէ Ատրպէյճանի մէջ գործող թուրք դեսպանը կը յայտարարէ, թէ Թուրքիան Հայաստանի հետ իր սահմանը պէտք է փակ պահէ, մինչեւ որ հայկական զօրքերը հեռանան ատրպեճանական տարածքներէն։
Պաշտօնական Անգարային թէ թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ արծարծուող հայկական կողմի հրաւէրին ընդառաջելու հաւանականութիւններու տեսութիւնները կը բազմանան։ Վերլուծումներ հրապարակելու խճողումին մէջ, թրքական մամուլի ներկայացուցիչներ չեն մոռնար անշուշտ յիշելու յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացը արգելակող Սփիւռքի «ծայրայեղական»ներուն մասին։ Բայց ասիկա սպառած յանկերգ է եւ յիշարժան նիւթ չէ։ Զգոյշ ըլլալու ենք սակայն, որ հայկական բարձրագոյն հարթութիւններէ թուրք եւ հայ ազգայնական մտածողութեան մասին զուգահեռներ չուրուագծուին։ Այդ զուգահեռները կրնան շահարկումի նիւթ ծառայեցուիլ թրքական քաղաքական եւ պետական շրջանակներու կողմէ։
Մոռնանք Սփիւռքի ծայրայեղականները եւ կեդրոնանանք ուշադրութիւն գրաւող երեւոյթի մը վրայ։ Օրինաչափ չէ, որ պաշտօնական հրաւէր մը հրապարակային ձեւով ուղարկուած տուեալ երկրի մը նախագահէն այլ պետութեան մը նախագահին (թէկուզ՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան) անպատասխան մնայ երկար ժամանակով։ Անպատասխան է հայկական հրաւէրը եւ ոչ թէ անարձագանգ, որովհետեւ պատասխանելու հոլովոյթ մը արձանագրուած է արդէն։ «Հրաւէրը պաշտօնապէս չէ ստացուած. ստացուած է. կը քննարկուի. կախում ունի օրուան քաղաքական իրավիճակէն»։ Այս բառակապակցութիւններն ու ըսելաձեւերը պաշտօնական Անգարայէն հնչած են յարձագանգ նախագահ Սարգսեանի կոչին՝ նշանաւոր ֆութպոլի խաղը իր թուրք պաշտօնակիցին հետ միասին դիտելու Երեւանի մէջ։
Փաստը կը մնայ փաստ, որ շաբաթներ կը բաժնեն մեզ 6 Սեպտեմբերէն եւ Թուրքիոյ նախագահը չէ կրցած ցարդ դիրքորոշուիլ։ Երեւոյթը իրաւունք կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կը մտածեն, թէ քաղաքական խաղին մէջ Հայաստան-Թուրքիա մրցումը կ’ընթանայ 1-0 հաշուով։