Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը 2007-2008 ուսումնական տարեշրջանի վերջերուն կատարեց տնօրէններու եւ մանկամսուրներու վարիչներու գործունէութեան համապարփակ արժեւորումը։
Այս աշխատանքին համար Մարմինս նշանակեց յատուկ յանձնախումբ մը՝ դոկտ. Արմինէ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, որուն մաս կը կազմէին ԽՄի անդամներ դոկտ. Վարդգէս Թովմասեան, Շարլօթ Սասունեան եւ Մակի Սարգունի։
Յանձնախումբը որդեգրեց «360 աստիճան» արժեւորման դրութիւնը, ըստ որուն, արժեւորման համար անհրաժեշտ տեղեկահաւաքը կը կատարուի տնօրէններուն եւ վարիչներուն հետ ամէնօրեայ ու անմիջական առնչութիւն ունեցող մարմիններէն եւ խմբաւորումներէն։
Մարմինս կատարեց հետեւեալ տնօրէններուն եւ մանկամսուրի վարիչներուն արժեւորումը.–
Ժան Գոսագեան, տնօրէն՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային Վարժարանի։
Վիգէն Եագուպեան, տնօրէն՝ Ռոզ եւ Ալիք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի։
Վազգէն Մատէնլեան, տնօրէն՝ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային Վարժարանի։
Եփրեմ Միհրանեան, տնօրէն՝ Գռուզեան Զագարեան Վասպուրական Ազգային Վարժարանի։
Արսինէ Աղազարեան, վարիչ՝ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային Մանկամսուրի։
Վեհիկ Գաբրիէլեան, վարիչ՝ Սրբոց Նահատակաց Հ.Օ.Մ.ի Աշխէն Փիլաւճեան Ազգային Մանկամսուրի։
Հելէն Մանուչերեան, վարիչ Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային Մանկամսուրի։
Թագուհի Սաաթճեան, վարիչ Մառի Փոստոյեան Ազգային Մանկամսուրի։
Տնօրէններու եւ վարիչներու արժեւորման գործընթացին մէջ Մարմինս անհրաժեշտ կը համարէր ստանալ իւրաքանչիւր վարժարանի եւ մանկամսուրի ծիրէն ներս գործող մարմնի եւ դերակատար խմբաւորման ներդրումը ու լսել անոնց տեսակէտները։ Մարմինս մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայէ ուսուցչական կազմերու, պաշտօնէութեան, ծնողներու եւ Ուսումնական Մարմնի անդամներու տեսակէտներուն, որոնք բոլորն ալ առիթը ունեցան մասնակցելու արժեւորման այս գործընթացին եւ իրենց տեսակէտները ներկայացնելու վարժարանի տնօրէնին ու մանկամսուրի վարիչին գործունէութեան մասին։ Աւելին, Մարմինս այս ծիրէն ներս կ’ուզէր լսել նաեւ աշակերտներուն տեսակէտները, որուն համար ալ որոշուեցաւ 11րդ կարգի աշակերտները ընդգրկել արժեւորման այս գործընթացին մէջ։
Ասոր զուգահեռ, տնօրէններուն եւ վարիչներուն յանձնարարուեցաւ, որ իրենք եւս մասնակցին այս գործընթացին եւ ինքնաքննարկումի փորձ մը կատարելով ամբողջացնեն միեւնոյն հարցախոյզները, որպէսզի կարելի ըլլայ երեւան հանել իրենց եւ իրենց հետ առնչուող մարմիններուն եւ խմբաւորումներուն կողմէ կատարուած արժեւորման մէջ ի յայտ եկող նմանութիւններն ու տարբերութիւնները։
Հարցախոյզներու ստացումէն ետք, արդիւնքները ամփոփուեցան էլեկտրոնային դասակարգումով, որոնք ի յայտ բերին երկու հիմնական երեւոյթներ.– այն բնագաւառները՝ որոնց մէջ տնօրէններն ու վարիչները բարձր կարողութիւններ կը դրսեւորեն, եւ այն բնագաւառները՝ որոնց բարելաւման համար նպատակակէտերու մշակման յաւելեալ կարիքը կը զգացուի։
11րդ կարգի աշակերտները, ծնողները, ուսուցչական կազմի անդամները, պաշտօնեաները, Ուսումնական Մարմիններն ու Խնամակալ Մարմինը պատասխանեցին 98 հարցումներու, որոնց արդիւնքը յստակօրէն ցոյց տուաւ թէ տնօրէններուն եւ մանկամսուրներու վարիչներուն գործունէութիւնը ինչպէ՞ս կ’ընկալուի անոնց կողմէ։
Մարմինս գոհունակութեամբ մեր ժողովուրդին կը ներկայացնէ իր կատարած արժեւորման արդիւնքները։ Մեծ բաւարարութեամբ կ’ուզենք նշել, որ հարցախոյզներուն պատասխանողներուն մեծասմասնութիւնը դրական գնահատած էին տնօրէններուն եւ վարիչներուն գործունէութիւնը։
Սոյն մամլոյ հաղորդագրութիւնը կանխող շաբաթներուն ընթացքին, Խնամակալ Մարմնի ատենապետ Մարք Կէտիկեան եւ յանձնախումբի անդամները առանձին հադիպումներ ունեցան տնօրէններուն եւ վարիչներուն հետ, ու անոնց ներկայացուցին արժեւորման արդիւնքները, որոնց լոյսին տակ անոնց յանձնարարուեցաւ իրենց գործունէութիւնը բարելաւելու համար յստակ նպատակակէտներ մշակել։
Այնուհետեւ, Մարմինս առանձին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ուսումնական Մարմիններուն հետ, ու անոնց ներկայացուց իրենց վարժարանի տնօրէնին ու մանկամսուրի վարիչին արժեւորման արդիւնքները, որպէսզի անոնք եւս տնօրէններուն եւ վարիչներուն հետ համատեղ խորհրդակցութեամբ ու գործակցութեամբ կարենան օգտակար հանդիսանալ ու անհրաժեշտ միջոցները տրամադրել այդ նպատակակէտերու իրականացման համար։
Մամլոյ այս հաղորդագրութեամբ հնարաւոր պիտի չըլլայ հրապարակել իւրաքանչիւր տնօրէնի կամ վարիչի արժեւորման մանրամասնութիւնները, այսուամենայնիւ, պարտք կը զգանք ստորեւ ներկայացնել ընդհանուր պատկեր մը եւ բոլորի պարագային ի յայտ եկող հասարակաց գիծերը։
Մանկամսուրներու վարիչներուն արժեւորման արդիւնքները ի յայտ բերին, որ ծնողները եւ պաշտօնէութիւնը մեծապէս բաւարարուած են վարիչներու գործունէութեամբ, որուն համար ալ բարձր գնահատականներ տուած էին հարցախոյզի հարցերու մեծ մասին։ Ուսուցչական կազմի եւ պաշտօնէութեան մասնակցութիւնը վարիչներու պարագային կը հասնէր աւելի քան 90 տոկոս տոկոսի, ինչ որ կատարուած արժեւորման արդիւնքը վստահելի եւ վաւերական կը դարձնէ։ Վարիչներուն գործունէութեան տրուած գնահատականներու պարագային ի յայտ եկող ընդհանրութիւնները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.–
Վարիչները՝
– առաջնահերթութիւն կու տան երեխաներու ապահովութեան, հանգստութեան եւ առողջութեան.
– մանկամսուրի դարպասը փակ, եւ շրջափակը ապահով կը պահեն.
–ծնողները տեղեկացուած կը պահեն մանկամսուրի ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին.
–կ’ապահովեն NAEYCի վարկաւորման գնահատելի պահպանումը.
–մանկամսուրին մէջ դրական մթնոլորտ կը ստեղծեն, ուր կրթական մշակները ամէն օր բարձր տրամադրութեամբ կու գան աշխատելու.
–Քալիֆորնիա նահանգի չափորոշիչներուն եւ պայմաններուն հետեւողութեամբ՝ ուսուցումը եւ խաղերը մշակած են տարիքային զարգացման համապատասխան.
–ժամանակակից ուսումնական ուղղութիւններուն հետ քայլ կը պահեն եւ հետամուտ են իրենց մասնագիտական եւ ղեկավարման կարողութեան վերապատրաստութեան.
–խաղավայրը եւ դասարանները լաւապէս կը պահպանեն ու կ’ապահովեն անոնց ժամանակակից կարիքները.
–մանկամսուրէն ներս ներկայութիւն են ու կը վերահսկեն պաշտօնեաներու աշխատանքին ու աշակերտներու դաստիարակութեան ընթացքին։
Իսկ յաւելեալ բարելաւման կարիք ունեցող բնագաւառները ընդհանրապէս պայմանաւորուած են մանկամսուրի նիւթական իրավիճակով։ Օրինակի համար, կարգ մը մանկամսուրներու մէջ դասարաններու եւ տեղի սահմանափակում կայ, որոնք պատճառ կը դառնան հերթերու։ Նորագիրներու հերթերը բաւարարելու եւ առհասարակ գաղութի կրթական կարիքները բաւարարելու համար, խիստ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի նոր կալուածներու եւ շէնքերու գնման, որ բնականաբար մեզ կը դնէ դրամահաւաքի համար յաւելեալ ճիգեր ի գործ դնելու հարկադրանքին տակ։
Տնօրէններու գործունէութեան արժեւորման արդիւնքները ի յայտ բերին, որ հարցախոյզներուն պատասխանողներուն մեծամասնութիւնը բաւարարուած է։ Տնօրէններու գործունէութեան տրուած գնահատականներու պարագային ի յայտ եկող ընդհանրութիւնները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.–
Տնօրէնները՝
– կը քաջալերեն Հայերէն Լեզուն, մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը.
– դպրոցական ապահով միջավայր կը ստեղծեն.
– առաջնահերթութիւն կու տան երեխաներու ապահովութեան, հանգստութեան եւ առողջութեան.
– ուսումնական ժամանակակից ուղղութիւններուն հետ քայլ կը պահեն.
– բարձր մակարդակի ուսում կը փոխանցեն, որուն ապացոյցն է WASCի վարկաւորումը.
– հարցերու լուծման համար կ’օգտագործեն տրամադրելի բոլոր միջոցները.
– կարգապահական հարցերու մէջ արդար մօտեցումներ կը ցուցաբերեն.
– Յաջող կերպով կը բնորոշեն բարելաւման կարիք ունեցող բնագաւառները եւ կը նախաձեռնեն անհրաժեշտ լուծումներու.
– զանազան դասանիւթերու պարագային կը պահպանեն դասածրագրի բարձր մակարդակը.
Տնօրէններուն կողմէ բարելաւման կարիք ունեցող բնագաւառները, դարձեալ, կապ ունին վարժարանի նիւթական պայմաններուն հետ։ Ուսուցչական կազմի նոր անդամներուն անհրաժեշտութիւնը կը զգան հայկական մշակոյթի մասին յաւելեալ աշխատանիստերու կազմակերպման։ Ծնողները կը նախընտրեն դպրոցին եւ ուսուցիչներուն հետ աւելի սերտ հաղորդակցութիւն ունենալ եւ տեղեկատուութիւն ստանալ։ Իսկ ուսուցիչները՝ կ’ակնկալեն դրական գնահատականներ լսել իրենց կատարած լաւ աշխատանքին համար։
Հետաքրքրականօրէն, Ազգային Վարժարաններու ծնողներուն կողմէ հարցախոյզերուն պատասխանողներուն համեմատութիւնը շատ ցած էր, որ կը տարուբերէր 20 տոկոս էն 66 տոկոս տոկոսի միջեւ։
Մարմինս տնօրէններուն եւ մանկամսուրներու վարիչներուն թելադրած է իրենց արժեւորման արդիւնքները եւ ապագայի նպատակակէտերը բաժնել ուսուցչական կազմերուն հետ։ Յանձնախումբը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի շարունակէ իր հանդիպումները տնօրէններուն եւ վարիչներուն հետ, վերջնականացնելու համար անոնց մշակած նպատակակէտերը, որոնց գործադրութեան լոյսին տակ՝ ընթացիկ տարեշրջանի աւարտին դարձեալ պիտի նախաձեռնէ անոնց արժեւորման։
Ղեկավարի մը կամ առաջնորդի մը հետ առնչուող բոլոր մարմիններուն եւ խմբաւորումներուն հայեցողութեամբ նման արժեւորում մը իրականացնելը դիւրին գործընթաց չէ։ Հարկ է նշել, որ բոլոր տնօրէններն ու վարիչները բաց միտքով մօտեցան այս գործընթացին եւ ողջունեցին անոր արդիւնքը, որովհետեւ իրենց մօտ կար իրենց ծառայած վարժարանի եւ մանկամսուրի մեծ ընտանիքին պատկերացումները լսելու անկեղծ ցանկութիւնը։
Մարմինս կը շնորհաւորէ տնօրէններն ու վարիչները իրենց արձանագրած նուաճումներուն համար, ինչ որ ի յայտ եկաւ նաեւ այս հարցախոյզներու արդիւնքին ընդմէջէն։ Մեր գնահատանքը կ’արձանագրենք անոնց ցուցաբերած լայնամտութեան եւ այս նոր գործընթացին ծանօթանալու ազնիւ ցանկութեան համար։
Մեր ապրած ընկերային միջավայրին ու մշակոյթին կողմէ բազմաթիւ ճնշումներու տակ գտնուող նոր սերունդին հետ աշխատող տնօրէնները եւ վարիչները իրենց առջեւ ունին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ։ Ոչ ոք կրնայ ակնկալել որ անոնք կատարեալ ըլլան։ Այսուամենայնիւ, հարկ է որ անոնք նորութեանց եւ փոփոխութիւններու համար պատրաստ ըլլան, կարենալ քայլ պահելու համար ուսումնական ժամանակակից ուղղութիւններուն հետ, միաժամանակ պահպանելու համար հայեցի դաստիարակութեան բնագաւառէն ներս մեր առջեւ դրուած մարտահրաւէրները, հայկական մշակութային արժէքներն ու ժառանգութիւնը։
Մեր ուղարկած հարցախոյզերուն ու կատարած արժեւորման գոհացուցիչ արդիւնքը կը վերահաստատէ, որ Ազգային Վարժարանները հաւատարիմ կը մնան իրենց առաքելութեան, ու անոնց ղեկավարութեան կոչուած տնօրէններուն եւ վարիչներուն գործունէութիւնը կ’անցնի միջին մակարդակէն անդին՝ զորս պէտք է արդարօրէն գնահատել։