Ամէնէն հակահայ ամերիկեան վարչակազմերէն մէկուն նստաշրջանը ի վերջոյ կը հասնի իր աւարտին։ Ամերիկահայերը, ինչպէս նաեւ ամերիկացիներու մեծամասնութիւնն ու մնացեալ աշխարհը ձանձրացած են Պուշ-Չէյնի խումբէն եւ անոնց նոր-պահպանողական ռազմատենչ օրակարգէն։
Պուշի վարչակազմին կողմէ գործուած մեծ սխալներուն շարքը երկար է. սխալ եզրակացութիւններու վրայ հիմնուելով՝ Իրաք ներխուժում, ազգային պարտքը տասը եռիլիոն տոլարի հասցուցած ամերիկեան տնտեսութեան սխալ կառավարում եւ հայկական կարեւոր հարցերու հանդէպ խորապէս յարձակողական դիրքորոշումներ որդեգրել։
Իր առաջին ընտրապայքարի ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ խոստանալէ ետք, նախագահ Պուշ իր խօստումը չյարգեց։ Գործնական գետնի վրայ, երբ Ներկայացուցիչներու տունը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութեան որոշում մը որդեգրել կը մտածէր, նախագահ Պուշ անձնապէս անոր քննարկման արգելք հանդիսանալու համար Քոնկրէսի անդամներուն մօտ աշխատանք տարաւ։ Աւելի՛ն. ան Հայաստանէն յետս կոչեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Էվընզը, պարզապէս որովհետեւ ան քաջութիւնը ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը ըսելու։ Հակառակ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու հետ հանդիպում ունենալով այդ լուրջ հարցերը քննարկելու իրերայաջորդ խնդրանքներուն, նախագահ Պուշ մերժեց ութ տարուան ընթացքին նոյնիսկ մէկ անգամ զիրենք ընդունիլ։
Ամերիկահայերը յստակ ընտրանք մը ունին։ ՄըքՔէյն-Փալինի հետ յաջորդ չորս կամ ութ տարիներուն ընթացքին նոյն հակահայ քաղաքականութիւններու շարունակութի՞ւնը կ’ուզեն, թէ՞ կը նախընտրեն անցնող ութ աղէտալի տարիները փոխել՝ զօրակցելով Օպամա-Պայտընի՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու պատմութեան ամէնէն հայամէտ խմբակին։
Ծերակուտական Օպամա նախագահութեան թեկնածու ներկայանալէ շատ առաջ հայկական հարցերու զօրակցող յայտարարութիւններ կը կատարէր։ Ան Թուրքիոյ կոչ ուղղեց՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ արտաքին գործոց նախարարը քննադատեց դեսպան Էվընզը գործէ արձակելուն համար։ Ծերակուտական Օպամա յայտարարեց. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը ենթադրութիւն մը, անձնական կարծիք մը կամ տեսակէտ մը չէ, այլ՝ ընդարձակ կերպով փաստագրուած եւ պատմական փաստաթուղթերով ամրագրուած իրողութիւն մը։ Իրողութիւնները անհերքելի են…։ Իբրեւ ծերակուտական՝ ամրօրէն զօրավիգ կը կանգնիմ Հայոց Ցեղասպանութեան որոշումի որդեգրման, իսկ իբրեւ նախագահ՝ պիտի ճանչնամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը…։ Ամերիկան պէտք ունի աւելի լաւ ղեկավարի մը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը կը խօսի եւ բոլոր ցեղասպանութիւններուն ուժեղ կերպով կը հակադարձէ։ Մտադիր եմ այդ նախագահը ըլլալ»։
Ծերակուտական Օպամա նաեւ խոստացաւ Հայաստանի «թրքական եւ ատրպեճանական շրջափակման» վերջ տալու ձգտիլ եւ ջանալ ապահովել «Լեռնային Ղարաբաղի յարատեւ եւ ամուր խաղաղութեան լուծում մը, որ հիմնուած է Ամերիկայի հիմնադիր ժողովրդավարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ», «ընդլայնել Հայաստանի հետ առեւտուրն ու նպատակաուղղուած օժանդակութիւնը» եւ «ամրապնդել Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կառավարութեանց միջեւ առեւտրական, քաղաքական, զինուորական, զարգացման եւ մշակութային յարաբերութիւնները»։
Ծերակուտական Պայտըն, որ 1972էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ կը ծառայէ, հայկական հարցերու զօրակցութեան աւելի ընդարձակ պատմութիւն մը ունի։ Պայտըն 1984էն ի վեր Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր որոշումներուն համահովանաւոր եղած է։ Ան ծերակոյտին մէջ Հայաստանի եւ հայութեան ամէնէն աւելի զօրավիգ կանգնողներէն մէկն է։
Միւս կողմէ, ծերակուտական ՄըքՔէյն տարիներէ ի վեր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քոնկրէսական բոլոր որոշումներուն դէմ կեցած է եւ Արցախի տագնապին, Հայաստանի թրքական եւ ատրպեճանական պաշարումներուն, Հայաստանի ամերիկեան օժանդակութեան եւ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու վերաբերեալ լուռ մնացած է։ Այլ խօսքով, ծերակուտական ՄըքՔէյնի տրուած քուէ մը նախագահ Պուշի հակահայ քաղաքականութեանց շարունակման ի նպաստ տրուած քուէ մըն է։
Նկատի ունենալով նախկին նախագահական թեկնածուներու խոստումներէն իրենց բազմաթիւ յուսախաբութիւնները՝ ամերիկահայերը թէեւ արդարացի կերպով թերահաւատ են, կրնան քաջալերուիլ այն իրողութենէն, որ ծերակուտականներ Օպամա եւ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակ ճանչցած են, մինչ ծերակուտական ՄըքՔէյն այս կենսական հարցին հաստատ եւ բուռն կերպով ընդդիմացած է։ Եթէ նախագահական թեկնածուներու յայտարարութիւնները քաղաքական գետնի վրայ նշանակութիւն չունին, ապա ինչո՞ւ գոյութիւն ունին թուրք եւ ատրպէյճանցի վերլուծաբաններ, որոնք բարկութեամբ կը դատապարտեն ծերակուտականներ Օպաման եւ Պայտընը, մինչ ծերակուտական ՄըքՔէյնի վրայ առատ գովասանք կը թափեն, եւ ինչո՞ւ յոյներն ու յոյն կիպրացիները Օպամայէն եւ Պայտընէն գոհ են եւ ոչ՝ ՄըքՔէյնէն եւ Փալինէն։
Այն ենթադրութենէն մեկնած, թէ Օպամա-Պայտըն մտադիր են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց խոստումները յարգել, նոյնիսկ այդ պարագային ամերիկահայերը պէտք չէ նստելով սպասեն՝ տեսնելու համար, թէ նախագահ Օպամա Ապրիլ 24ին ի՛նչ պիտի ըսէ։ Փոխարէնը, անոնք պէտք է անմիջապէս պատրաստուին թրքական կառավարութենէն Ուաշինկթընի մէջ մեծագումար վճարումներ ստացող լոպիիստներու օժանդակութեամբ անխուսափելի յարձակողականին։ Կը նախատեսուի, որ Թուրքիա հասարակական յարաբերութեանց մեծ արշաւ մը եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ սպառնալիքներու շարունակուող տարափ մը շղթայազերծէ՝ փորձելով ամերիկացի պաշտօնատարներն ու լայն հասարակութիւնը համոզել, թէ՝ «ներկայիս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յարմար ժամանակը չէ»։
Թրքական սպառնալիքները վնասազերծելու եւ նոր վարչակազմը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետեւանքներուն մասին նուազ մտահոգ դարձնելու համար ամերիկահայ կազմակերպութիւնները պէտք է Օպամա-Պայտըն խումբին խրատեն, որ անոնք պարզապէս պիտի վերահաստատեն այն, ինչ որ 1981ին նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն իր նախագահական հռչակագրին մէջ ճանչցած է։
Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ նախագահէն յայտարարութեան այդպիսի կրկնութիւն մը ապահովելու պատճառներէն մէկը ականահարելն է այլ երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը արգելակելու ձգտող Թուրքիոյ առաջարկած պատմագէտներու միացեալ յանձնախումբը։
Օպամա-Պայտըն խումբին յաղթանակը անշուշտ որ ազգային եւ միջազգային բազմաթիւ հարցերու վերաբերեալ հեռահաս հետեւանքներ պիտի ունենայ։ Օպամայի վարչակազմը ամերիկեան ուժերը պիտի հեռացնէ Իրաքէն, պիտի կեդրոնանայ Աֆղանիստանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ եւ Պուշէն կամ ՄըքՔէյնէն նուազ ճակատումի կեցուածք որդեգրելով՝ շրջէ աշխարհի տարածքին հակաամերիկեան տրամադրութիւններու տարածման ընթացքը։ Անհարկի զինուորական գործողութիւններէ հեռու մնալով՝ խնայուած միլիառաւոր տոլարները կրնան օգտագործուիլ աւելի լաւ ձեւով՝ նոր գործի կարելիութիւններ ստեղծելու, տուրքերու նուազման եւ Ամերիկայի եւ աշխարհի տնտեսական բարգաւաճում բերելու, օժանդակելու համար։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»