Յառաջիկայ Դեկտեմբեր 2-6, Պէյրութի մէջ պիտի գումարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը: Երկու տարի առաջ նախատեսուած այս կարեւոր ժողովը Լիբանանի քաղաքական վիճակին պատճառով ու ապահովական նկատառումներով յետաձգուած էր, եւ ահա, ի վերջոյ անոր գումարումը հնարաւոր կը դառնայ:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ժողովրդավարական հիմունքներով ընտրուած պատգամաւորներ, չորս օրերու ընթացքին պիտի քննարկեն եկեղեցիին ու ազգին առնչուող բազմաթիւ հարցեր ու խնդիրներ, եւ պիտի ծրագրեն յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները:
Հայ երիտասարդը եւ եկեղեցիին հետ իր յարաբերութիւնները, հայ ընտանիքի հզօրացումը, հայեցի դաստիարակութեան բարելաւման միջոցները, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացումը, Ս. Էջմիածինի հետ յարաբերութիւններու ընթացքը, կրօնական դաստիարակութեան վերաբերող հարցերը եւ ասոնց կողքին նաեւ, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման օրակարգը բաւական ընդգրկուն նիւթեր են, որոնք համակողմանի ու բծախնդիր քննարկման պիտի արժանանան ժողովականներուն կողմէ:
Էջմիածին-Անթիլիաս յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին մասին հանրութեան անտեղեակութիւնն է, որ կը մտահոգէ մեզ եւ տեղին կը գտնենք այս գծով ժողովին կողմէ կամ անկէ բխած մարմնի ներկայացուցիչներու բացատրական զեկոյցի մը հրապարակումը: Երկու կաթողիկոսութիւններու կողմէ անցեալ տարի կազմակերպուեցան Միւռոնօրհնէքի նման կարեւոր արարողութիւններ, եւ կաթողիկոսները իրենց անձնական ներկայութեամբ չարժանաւորեցին միւսին կողմէ կազմակերպուածը: Ափսո՛ս: Նման քայլով, զոյգ արարողութիւնները անպայմանօրէն առաւել տպաւորիչ պիտի դառնային եւ իրենց թողած ազդեցութիւնը բարեպաշտ մեր ժողովուրդին վրայ առաւել խոր պիտի ըլլար:
Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման գործին մէջ կասկած չկայ, որ մեծ եղած է Անթիլիասի կաթողիկոսութեան դերը: Կիլիկիոյ աթոռի հայրապետները ոչ միայն միջեկեղեցական ատեաններու, այլեւ իրենց ստեղծած ու ընձեռուած քաղաքական բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին, առիթ չեն փախցուցած արծարծելու Հայկական Հարցը, յիշեցնելու աշխարհին Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը եւ մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքներու խնդիրը:
Վստահ ենք, որ այս ժողովը պիտի գնահատէ Արամ կաթողիկոսի անցեալ տարիներուն ընթացքին, այս օրակարգին գծով կատարած պատկառելի աշխատանքը, եւ պիտի արտայայտէ իր փափաքը, որ այդ աշխատանքները առաւել թափով յառաջ տարուին:
Մեր կողմէ, ժամանակը եկած կը նկատենք, եթէ ոչ՝ արդէն ուշացած, որ Անթիլիասը, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս, սկսի մտածել ու գործնական քայլերու համար նախապատրաստական համապատասխան միջոցներու դիմել՝ յայտարարելու համար իր պահանջատիրութիւնը այն կալուածային ամբողջ հարստութեան, որ եկեղեցիին կը պատկանէր:
1293էն մինչեւ 1915, Սիսի մէջ իր կեդրոնը ունեցած Կիլիկիան կաթողիկոսութեան պատկանող նիւթական, ալ չենք ըսեր բարոյական, բոլոր վնասներու հատուցումը չէ, որ պէտք է պահանջուի, այլ՝ այդ կալուածները իրենց օրինական տիրոջ, օրինական ժառանգին վերադարձնելու իրաւունքը:
Օրակարգը կը ներկայացնենք մեր շրջանէն ընտրուած պատգամաւորներուն ուշադրութեան, եւ եթէ անոնք համաձայն գտնուին, ապա կ’առաջարկենք, որ այս հարցը ուսումնասիրելու եւ անոր իրաւաբանական, յատկապէս միջազգային իրաւունքի, միջազգային պայմանագրերու եւ ուխտերու ընձեռած հիմունքներ սերտելու համար, Ազգային Կեդրոնական նորընտիր վարչութիւնը համապատասխան յանձնախումբ մը յառաջացնէ, եւ գործերը տեղէն շարժելու համար, անհրաժեշտ պիւտճէ քուէարկէ:
Մեծ ակնկալութիւններով կը սպասենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի գումարման եւ յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր ժողովականներուն: