Շան հաջոցին շատ կարեւորութիւն չեն տար «ծանր» մարդիկ: Հաջան այդ շունը, երբ ըլլայ մանրակազմ ու իր շուքէն աւելի վախցող, քան վտանգ սպառնացող անձէ մը, անոր քովէն անցնող մարդիկ քմծիծաղ մըն ալ կ’ուրուագծեն իրենց դէմքին եւ այդպէս կը շարունակեն իրենց ճամբան:
Անտեսումի նոյն քաղաքականութեան կը հետեւին նաեւ մեծահռչակ հաստատութիւններ, մեծանուն կազմակերպութիւններ, արդիւնաբերական կառոյցներ եւ այլ հիմնարկներ, որոնց աշխատանքին արդիւնքը ամպոտ երկնքի տակ անգամ պայծառ կ’երեւի: Ուստի, անոնք բնաւ կարեւորութիւն չեն տար շան հաջոցներու եւ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը: Դժուար չէ՛ պատկերացնել նաեւ, որ այդ մեծ հաստատութիւններուն մէջ աշխատող պաշտօնեաներուն կէսօրուան ճաշի թափթփուքներէն օգտուելու նպատակով, նոյն շէնքերուն շուրջ սլքտացող շուներ անպակաս պիտի ըլլան:
Շունը առհասարակ ճանչցուած է իբրեւ ընտանի կենդանիներուն ամէնէն հաւատարիմը, եւ ատով իսկ հռչակ շահած է տարբեր լեզուներով գրի առնուած առակներու եւ այլ ասացուածքներու մէջ: Հակառակ այս դրական երեսին, անոր սովորութական ամէնէն տխուր երեւոյթներէն մէկն ալ անտեղի հաջոցն է, որ նաեւ անախորժ կ’ըլլայ մարդկային ականջին: Հաջոցին միախառնուած կաղկանձը, որ ըստ կենդանաբաններու, շան զգացած վախին կամ տխրութեան արտայայտութիւնն է, աւելի զզուելի կը դարձնէ այդ կենդանին, եւ երբեմն հազար թախանձանք ու գգուանք տիրոջ կողմէ, ապարդիւն կը մնան՝ փարատելու համար շան անիմաստ վախը ու լռեցնելու թնծկալը, կամ՝ ինք իրեն համար ստեղծած երեւակայական մղձաւանջը:
Մարդկային ընկերութիւնն ալ շատ տարբեր չէ՛ կենդանական աշխարհէն, այս պարագային՝ վերոյիշեալ շան ապրած հոգեվիճակէն: Տարօրինակ է, որ շունը միշտ չէ որ կը հաջէ, ո՛չ ալ միշտ կը կաղկանձէ: Հոգեկան ինչպիսի՛ տագնապներու մէջ պէտք է ըլլայ ան, որ անդադար հաջէ ու իր կաղկանձով զզուեցնէ նոյնիսկ զինք սիրողները:
Նոյնն են նաեւ մարդիկ: Երբեմն ճանչցա՛ծ անձերդ, որոնք ժամանակ մը բարեկամ կը նկատէիր, կամ՝ քեզի դէմ մեղանչած մարդիկ, որոնց ձայնը երկա՜ր ժամանակ լսած չըլլալով՝ կը խորհէիր, թէ կեանքը հասունցուցած կրնայ ըլլալ զիրենք, յանկարծ կը տեսնես, որ շան ախորժակով հաջոց մը կը ձգեն: Եւ ի՜նչ հաջոց… լաց ու կաղկանձ, ողբ ու կոծ, հին ու նոր դառն յիշատակներով նեխած մաղձ, որուն նիւթը, հաջոցի պահուն շան բերնէն հոսող լորձունքին նման հոս ու հոն կը կպչի՝ իր գարշահոտութիւնը տարածելով ամէնուրեք: Վերջապէս, սակայն, տեսնուած է, որ տէրերը կը խղճան իրենց շան, կամ լաւ եւս՝ մարդիկ կը խղճան պատահական շունի մը, որ ինքզինք պատռելու աստիճան կը հաջէ: Խղճալու այս երեւոյթը կը կրկնապատկուի մանաւանդ, երբ մարդիկ տեսնեն, որ այդ շունը շղթայուած է պատին, կարելիութիւն չունի յարձակելու, կամ աւելին՝ ակռաներ չունի խածնելու: Սա ամէնէն ծիծաղելի եւ միաժամանակ ողբերգական երեւոյթն է՝ տեսնել հաջան շուն մը, որ խածնելու յօժար հոգի մը ունենալով հանդերձ, ատիկա իրագործելու անկարող կլափ մը ունի հոտոտելիքին ներքեւ…: Կ’ըսեն նաեւ, որ այս տեսակ շուներուն շունչը աւելի սուր հոտառութեամբ օժտուած կ’ըլլայ: «Աստուած ամէն կողմէ ալ պիտի չզարնէ», կ’ըսէր ծանօթ պառաւ մը, երբ հակառակ պատահած դժբախտութեան, բախտը կը ժպտար այդ անձին: Ուրեմն շունն ալ, որ անկարող դարձած է խածնելու, անդին՝ հոտառութեամբ աւելի՛ զօրացած կը զգայ: Թերեւս այդ ալ է պատճառը աւելի բարձրաղաղակ հաջելուն…: Ո՞վ գիտէ…:
Բարեկամ մը կը պատմէր, որ իր հաստատած ընկերութեան աշխատանքի որակին ու արձանագրած յաջողութիւններուն նախանձող գործընկերներ, կը սկսին անտեղի զայրանալու ու վարկաբեկելու իր ընկերութեան արտադրութիւնները: Զուր տեղի կը տքնի բացատրելով, թէ պէտք չունին իր հետ մրցելու: Տակաւին կ’ըսէ անոնց, որ լաւ պիտի ըլլար, որ նման զրպարտութիւններով ժամավաճառ ըլլալու փոխարէն, բա՛ն մը ընէին, արդիւնք մը ձեռք ձգէին: Սակայն, դարձեալ չեն համոզուիր անոնք, եւ հոս ու հոն վարկաբեկիչ ու նախանձէ մղուած գռեհիկ արտայայտութիւններով եւ սկրթած լեզուէ բխած խօսքերով, կը փորձեն արատաւորել տուեալ հաստատութեան վարկն ու վաստակած համբաւը յաչս մարդկան:
Այլեւս զզուած միեւնոյն յանկերգները լսելէն՝ բարեկամս ըսաւ, թէ ամէն անգամ նման արտայայտութիւններ լսելուն, կը յիշէ մեր ժողովուրդի լեզուին մէջ արձանացած այն ասացուածքը, որ անզօր շան մը հաջոցին մասին է, ի տես բեռնաւորուած հսկայ կարաւանի անցքին. «Շունը կը հաջէ, կարաւանը կը քալէ»:
Անցնող կարաւանին իրարու շղթայուած երկար շարքով ուղտերու կրած սապատներուն մէջ ինչքա՜ն հարստութիւն ամբարուած ըլլալուն մասին ի՞նչ իմանայ շունը: Ան իր հաջոցով ինքզինք զբաղ կը պահէ ու անգիտակցաբար ժամավաճառ կ’ըլլայ: Մինչ կարաւանը իր ուղտերով կ’ուղղուի դէպի մայրաքաղաք, արդիւնաբերութեան նպատակով: Թերեւս այդ կարաւանին մաս կազմած չըլլալն ալ այդպիսի առիթ կը հանդիսանայ այդ շան հաջոցին ու թախանձագին կաղկանձին: Ի՞նչ իմանանք…:
Անհատական հաստատութիւններուն նման, կարգ մը ազգային կառոյցներ ու հիմնարկներ եւս շան հաջոցի թիրախ կը դառնան: Հաջոց, որ միայն զայն արտաբերողներուն կոկորդը պիտի ցաւցնէ: Երանի՜ թէ երգ մը երգէին այդ հաջոցին փոխարէն, ու գէթ մշակութային ճաշակ մը թողէին իրենց սերունդին անունով, պատմութեան երաժշտանոցին մէջ: Բայց շունը երգե՞լ գիտէ… անոր կարողութիւնը հաջելէն անդին չանցնիր բնականաբար: Հետեւաբար աւելի ակնկալիք ունենալու չէ՛ այդ անասունէն:
Շան հաջոցին ենթարկուող (իմա՛ ցեխարձակուող) ազգային կառոյցները, իրենց արժէքէն ոչինչով կը նուազին: Որովհետեւ ցեխարձակողը, իրեն ամէնէն մօտիկ եղող ցեխէն կ’օգտուի, եւ կարելի է այդ ցեխը քննելով՝ գիտնալ, թէ ի՞նչ է ցեխարձակողին «փորին ցաւը»: Շատե՜ր այսօր աղիքային քննութիւններէ կ’անցնին, եւ ոմանց պարագային խլիրդի ժահրը կը նշմարուի այնտեղ: Ազգային կառոյցներ ցեխարձակող մարդիկը գործողութեան ենթարկելով՝ պէտք է պարզապէս կտրել անոնց աղիքային այն մասը, ուր թաքնուած կայ խլիրդը: Ամբողջապէս չենք կրնար վստահեցնել, թէ պիտի բուժուին անոնք իրենց փորի խիթէն, այնպէս ինչպէս ոեւէ բժիշկ հարիւր առ հարիւր վստահ չի՛ կրնար ըլլալ իր հիւանդին վրայ կատարած գործողութեան արդիւնքէն: Բայց, բարենպատակ ճիգ մը կը կատարէ, ի սէր մարդկութեան:
Այնպէս ինչպէս աղիքներուն մէջ պահուած խլիրդը, փորի խիթէն սկսելով մարդը կ’առաջնորդէ մահուան, նոյնպէս ալ ազգային կառոյցները քարկոծող հիւանդներուն հոգւոյն մէջ գտնուող քաղցկեղը, պիտի կրծէ անոնց հոգին ու ինքնափճացումի առաջնորդէ…:
Մարդկութեան ցաւալից այս էջին վերջակէտը դնելու համար, բարեկամս ու ես զիրար մխիթարեցինք: Եզրափակման վերջին նախադասութիւնը յուսադրիչ չէր երկուքիս համար ալ, որովհետեւ այն եզրակացութեան եկանք, թէ՝ «Դեռ շա՜տ պիտի հաջէ այդ շունը»: Ուստի որոշեցինք աւելի՛ մտրակել կարաւանին հուժկու ուղտերը՝ շարունակելու իրենց ճամբան, անտեսելով ճամբու եզրին շարուած քանի մը քոսոտ ու գաճաճ շուները…: