Օպաման յաղթեց, դարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ: Ընտրութիւն մը, որ աննախընթաց խանդավառութիւն յառաջացուց Հայ Դատով հետաքրքրուած, ամերիկեան օրէնսդիր իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հաստատումով, այսինքն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստի ամերիկեան ճանաչումով նախանձախնդիր հայորդիներու շրջանակներէն ներս:
Խանդավառութիւնը արդար է: Այս թեկնածուն, նոյնիսկ յաղթանակի մօտ կանգնած ժամանակ, երբ հայկական քուէն այլեւս կրնար երկրորդական ու աննշան նկատուիլ արդէն ապահովուած համընդհանուր քուէներու համեմատութեամբ, ան վերահաստատած էր իր յանձնառութիւնը՝ առանց խուսափողական ձեւակերպումներու ետին թաքնուելու փորձ կատարելու:
Խանդավառութիւնը, սակայն, պարտաւորեցնող է:
Նախ եւ առաջ, պէտք է անդրադառնալ, որ Հայ Դատի յանձնախումբի ձեռք ձգածը, հանրապետութեան նախագահի մակարդակով խոստում կամ յանձնառութիւն ստանալը, ներկայացուցիչներու պալատի ու ծերակոյտի, ինչպէս նաեւ համաամերիկեան հասարակութեան մէջ տարուած տարիներու, հետեւողական, անդուլ ու շարունակ ընդարձակուած պայքարի, աշխատանքի ու ճիգի արդիւնք է:
Բայց նաեւ պէտք է գիտակցիլ, որ բազում զոհողութիւններով ձեռք ձգուած յաջողութիւնները կրնան շատ արագ յօդս ցնդիլ քաղաքական պայքարի դաշտին վրայ, եթէ որեւէ ատեն, որեւէ պահու թուլնայ հայկական աչալրջութիւնը, եթէ նոյնիսկ ժամանակաւոր, շունչ մը առնելու չափ դադար տրուի քաղաքական, տեղեկատուական ու ազդեցութեան շրջանակի ընդլայնման միտուած աշխատանքներուն:
Նախագահ Օպամա, մէկ կողմէ երկրի տնտեսական ճգնաժամի, միւս կողմէ արտաքին բազմապիսի մարտահրաւէրներու առաջ կանգնած, առաւել, թրքական կառավարութեան պետական մակարդակի բազմապիսի լծակներու ճնշումին ենթարկուելով՝ կրնայ իր տեսադաշտէն մեր խնդիրները հեռացնելու միտում զարգացնել: Հնարաւոր է եւ պէտք չէ ակնկալել, որ Հայ Դատը Սպիտակ տան մէջ ունի բարեկամ մը, որ ուշադիր մեր հարցերուն կը հետեւի ու մեր պահանջներուն մշտապէս ականջալուր է:
Ուղղակի մեր խնդիրն է մեր ձա՛յնը միշտ լսելի դարձնել, մեր խօսքը միշտ տեղ հասցնել, մեր քաղաքական ազդեցութիւնը միշտ զգալի դարձնել, մեր հաւաքական ուժը միշտ տեսանելի դարձնել. մեր կազմակերպուած ներկայութիւնը միշտ յարգալիր մակարդակի վրայ պահենք, չ’ընկրկինք, չծուլանանք, չթուլնանք:
Այդ ամէնը հնարաւոր կ’ըլլայ՝ զօրակցելով Հայ Դատի յանձնախումբին, անոր գործունէութեան բոլոր մարզերուն վերաբերեալ պատշաճ, ամբողջական տեղեկութիւն ստանալով, սատարելով անոր աշխատանքները ըստ հնարաւորի, բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն ցոյց տալով անոր առաջադրած ծրագիրներուն:
Օպաման երկու ամիսէն մուտք կը գործէ Սպիտակ տուն: Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը, իրենց նորացուած կազմերով, կը սկսին իրենց աշխատանքներուն: Հայ Դատի յանձնախումբերը, իրենց համակարգուած, համապատասխան նոր ռազմավարութեամբ, կը պատրաստուին աշխատելու ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ՝ թէ գործադիր թէ օրէնսդիր մակարդակներու վրայ:
Առանց երբե՛ք, երբե՛ք մոռնալու նաեւ տեղական, թաղային, քաղաքային, գաւառային ու նահանգային դիրքերը, որոնց վրայ կը հիմնուին քաղաքական ազդեցութեան սիւները: