Երկրաշարժի, ինչպէս աւելի ծանօթ է՝ Աղէտի գօտիի, վերականգնման աշխատանքներու աւարտի ծանուցումը շարունակ կը յետաձգուի:
Առանց թերագնահատելու յաջորդական կառավարութիւններու կողմէ ձեռնարկուած եւ իրագործուած շինարարական հսկայածաւալ աշխատանքները, որոնց շնորհիւ ամբողջ թաղամասեր ծնունդ առին՝ փոխարինելու համար Գիւմրիի, Վանաձորի ու Սպիտակի աւերակուած բնակավայրերը, վերանորոգուեցան կրթական գրեթէ բոլոր կառոյցները, գիւղական շրջաններու մէջ ապահովուեցան առնուազն տարրական կարիքները աղիտահար բնակիչներուն, այսուհանդերձ, Աղէտի գօտին տակաւին, ինքզինք իբրեւ այդպիսին յիշեցնելու ահագին պատկերներով ու տուեալներով կը ներկայանայ մեզի:
Կը թուի, թէ նոյնիսկ պետական միջոցներու սահմանափակութեան պայմաններով, քսան տարին բաւարար պէտք է ըլլար, որ Աղէտի գօտի հասկացողութիւնը յանձնուէր պատմութեան՝ փակելով այդ էջը, ու Հիւսիսային Հայաստանի այդ հարուածուած շրջաններուն մէջ կեանքը սովորական զարգացման հունի մէջ դրուէր:
Չեղաւ այդպէս ու այսօր ալ, երբ կը նշենք այդ արհաւիրքի տարելիցը, ցաւով կ’արձանագրենք, որ հայ ժողովուրդի կազմակերպուածութիւնը, մեր անկախ պետականութեան կառավարման համակարգը, չկրցան պատուով գլուխ հանել ազգին կարեւոր մէկ հատուածը հոգեփոխելու առաքելութիւնը. ձախողեցան զայն աղիտահարի խղճալի կաղապարէն դուրս հանելու գործին մէջ:
Կան նոր խոստումներ՝ պետական բարձրագոյն ատեաններէ, ըստ որոնց գլուխ պիտի բերուին շինարարական նոր ծրագիրներ, որոնք բնակարանային հարցին վերջնական լուծում պիտի տան եւ այլեւս անօթեւան մարդ պիտի չմնայ երկրաշարժէն քանդուած տարածքներու վրայ:
Պահանջատէր ըլլանք այդ խոստումներուն: Բծախնդրօրէն հետեւինք այդ ծրագիրներու գործադրութեան, ըլլանք նախանձախնդիր ու վճռական, որպէսզի երկրորդ քսանամեակ մըն ալ չսպասենք՝ ամոքուած տեսնելու համար մեր հիւսիսային վէրքերը: