Պաշքին Օրան, Ահմէտ Ինսէլ, Ալի Պայրամօղլու, Ճէնկիզ Աքտար… Թուրք մտաւորականներու այս յոյլի խիզախութիւնը գնահատելն իսկ մեր կողմէ կրնայ անոնց կատարածը նսեմացնել՝ անոնց ձեռնարկած աշխատանքը լրիւ ուրիշ բովանդակութեամբ Թուրքիոյ ազգայնամոլական շրջանակներուն ներկայացնելու հնարաւորութիւն տալով, զանոնք մղելով յանցագործ արարքներու:
Հրանդ Տինքի խօսուն օրինակը աչքի առջեւ ունենալով՝ մենք միայն կրնանք զգուշութեամբ փսփսալ այս անկիւնադարձային, պատմական նշանակութեամբ իրողութեան մասին:
Հայ եւ թուրք ժողովուրդներու մերձեցման, զիրար հասկնալու, զիրար յարգելու եւ բարի դրացիական յարաբերութեանց հիմերը ամրացնելու ուղղութեամբ նետուած այս առաջին քայլը, որուն այնքան սպասած ենք, վստահ ենք պիտի ունենայ իր շարունակութիւնը, անոր պիտի միանան ուրիշներ, ուժեղ մարդիկ, մտաւորականներ եւ աշխատող, ստեղծագործող թուրքեր, որոնք կ’ուզեն իրենց ապագան հիմնել ազատօրէն, առանց բարդոյթներու, առանց նպատակայարմարօրէն ձեւափոխուած ու խեղաթիւրուած պատմական իրողութիւններուն զոհ դառնալու, մարդկայնօրէն:
Այս մարդոց կեանքը վտանգուած է այսօր: Վտանգուած է, որովհետեւ անոնք որեւէ պահու կրնան զոհ դառնալ պետական քարոզչութեամբ հրահրուած ազգայնականներու մոլուցքին: Հետեւաբար, համայն աշխարհի հանրութիւնը, միջազգային բոլոր կառոյցները պէտք է իրենց հայացքները սեւեռեն այս խումբին՝ անոնց անձեռնմխելիութեան, անոնց ապահովութեան երաշխիքներ պահանջելով թրքական իշխանութիւններէն:
Եւ, անշուշտ, ամէնէն կարեւորը, ամէնէն հիմնականը՝ թրքական կառավարութենէն պահանջեն, որ անսայ անոնց պատգամը ու դադրեցնէ պատմութիւնը նենգափոխելու իր փորձերը, իր անցեալին հետ հաշտութեան եզրեր փնտռէ ու դիմագրաւէ ճշմարտութիւնը: Ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: