Դաշնակցութեան Օրը հաշուետուութեան օր է նաեւ: Այս առթիւ, կը ներկայացնենք ամփոփ տեղեկագիր-հաշուետուութիւն մը ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի կազմակերպութեան անցեալ տարուան գործունէութեան մասին: Ամփոփ եւ ուրուագծային այս տեղեկագիրին մէջ, տեղի սահմանափակութեան պատճառով, պարտաւորուած դուրս կը մնայ համակուսակցական մակարդակով Հայ Դատի ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն՝ շրջանիս մասնակցութեան բաժինը:
Այս գծով, պարզապէս նշենք, որ Դաշնակցութեան այս շրջանը իր կարեւոր բաժինը կը բերէ Չաւախքի հայ բնակչութեան եւ Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն օժանդակելու ծրագիրներուն: Անցեալ տարի շրջանը իր նիւթական բոլոր պարտաւորութիւնները կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի Ուղտասար սահմանամերձ գիւղին գիւղապետարանի ու առողջապահական կեդրոնի շինարարութեան համար:
Անշուշտ այս հաշուետուութենէն դուրս պիտի մնայ նաեւ ներքին կազմակերպական աշխատանքներու բաժինը: Դաշնակցութիւնը աւանդաբար, ներքին կազմակերպական իր աշխատանքներուն մասին կը զեկուցէ իր ընկերական իրաւասու ժողովներուն ընթացքին:
Մամուլով հաղորդած էինք արդէն, որ անցեալ տարուան Օգոստոսին, ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանը գումարեց իր հերթական Շրջանային ժողովը ու ընտրեց նոր ղեկավար կազմ: Հետեւաբար, անցեալ տարի շրջանի կազմակերպութեան ղեկավարութեան փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ: Այս փոփոխութիւնը, սակայն, ոչ մէկ ձեւով կ’անդրադառնայ աշխատանքներու շարունակականութեան: Նախորդ կազմին սկսած աշխատանքները կը շարունակուին նոր կազմին կողմէ, մինչեւ անոնց յաջող աւարտը:
Գաղափար մը տալու համար, պարզապէս նշենք, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը կը բաղկանայ տասնեօթը կոմիտէութիւններէ, որոնցմէ մէկը ուսանողական է («Շանթ»), մնացեալը ունին գործունէութեան յստակ աշխարհագրական շրջաններ: Անցեալ տարի, Լաս Վեկասի մէջ հիմը դրուեցաւ կազմակերպական նոր միաւորի մը՝ «Իշխան» կոմիտէութեան:
Կոմիտէութիւններու առօրեայ համայնքային գործունէութիւնը հսկայական տեղեկագիրի մը առանձին նիւթ կրնայ ըլլալ: Ազգային տեղական կառոյցներուն, միութիւններուն ու հաստատութիւններուն օժանդակել, անոնց ազգային, ընկերային, մշակութային գործունէութեան թիկունք կանգնիլ եւ ամէնօրեայ այլ խնդիրներու լուծման նպաստել ու մասնակցիլ շրջանային քաղաքական աշխատանքներուն: Այս է կոմիտէութիւններու խնդիրը՝ շրջանի հայ հասարակութեան քաղաքականացման ուղղութեամբ տարուող հրապարակային ու քարոզչական աշխատանքներուն առընթեր:
Հրապարակային յիշատակումի ու այլ նպատակներով ձեռնարկներ կը կազմակերպէ նաեւ Կեդրոնական կոմիտէն, շրջանային մակարդակի վրայ: Անցեալ տարի այսպիսի ձեռնարկներ կազմակերպուած են Յունիս 1ին, Հայաստանի անկախութեան իննսունամեակին նուիրուած փառատօնի ձեւով, ինչպէս նաեւ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ, Ապրիլ 24ին, Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ (այս մէկը իբրեւ համագաղութային մարմինի մը մաս կազմելու ճամբով) եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ նիւթական միջոցներ ապահովելու հանգանակային ձեռնարկ:
Անցեալ տարուան ընթացքին կազմակերպուեցան նաեւ Արցախի ազատագրական պայքարի քսանամեակին նուիրուած հրապարակային ձեռնարկներու ամբողջ շարք մը: Կազմակերպուած են նաեւ հրապարակային հանդիպումներ մամուլի ներկայացուցիչներու ու մտաւորականներու հետ՝ խորհրդակցելու, քննարկելու եւ պարզաբանելու համար ՀՅԴ քաղաքական կեցուածքներն ու դիրքորոշումները:
Կարեւոր իրագործում մըն էր նաեւ հրապարակային գիտաժողովի մը կազմակերպումը՝ «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» նիւթին շուրջ:
Դաշնակցութիւնը իր տպագիր («Ասպարէզ» օրաթերթ եւ անգլերէն շաբաթաթերթ) եւ եթերային («Հորիզոն» հեռատեսիլ») մամուլի ճամբով, հայ համայնքը ազգային իրականութեան լաւատեղեակ պահելու հետեւողական աշխատանք տարած է:
Կեդրոնական կոմիտէն, Հայ Դատի Ուաշինկթընի թէ տեղական մարմիններու ճամբով, վերահսկած ու ղեկավարած է ամերիկեան տեղական, քաղաքային, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի ընտրութիւններուն՝ զօրակցելով հայութեան խնդիրներուն նկատմամբ դրականօրէն կողմնորոշուած թեկնածուներուն: Նախագահական եւ քոնկրէսական ընտրութիւններուն Հայ Դատի յանձնախումբի սատարած թեկնածուներու յաջողութիւնները տպաւորիչ էին:
Հայաստանի հանրապետութեան ի նպաստ լոպպիիստական աշխատանքները նոր Քոնկրէսի եւ նախագահի հետ կրնան մակարդակ մը եւս բարձրանալ, շնորհիւ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ Հայ Դատի յանձնախումբերուն ունեցած սերտ կապերուն:
Թեքսաս նահանգը կազմակերպական մեր շրջանին մէջ իյնալով՝ այստեղի Հայ Դատի յանձնախումբի ճիգերով հնարաւոր եղաւ կասեցնել Հարաւային Մեթոտիստ համալսարանի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումին ծառայող խորհրդաժողովի մը գումարումը:
Դարձեալ Հայ Դատի յանձնախումբին ճամբով, Դաշնակցութիւնը գործնական աշխատանք տարաւ չէզոքացնելու համար հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ վերջերս հաստատուած եւ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան կողմէ նախաձեռնուած հակահայ քարոզչութիւնն ու քայլերը։ Այս աշխատանքներուն համագաղութային բնոյթ տալու նպատակով, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն նախաձեռնեց հանդիպումներու եւ խորհրդակցութեան՝ շրջանի այլ կազմակերպութիւններու հետ, եւ անհրաժեշտ պարագաներուն, յաջողեցաւ միացեալ կեցուածքով հանդէս գալ յաչս հանրային կարծիքին:
Գաղութին մէջ գործող քաղաքական, ընկերային, կրթական, մշակութային, եկեղեցական, մարզական, բարեգործական, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու լայն շրջանակի մը հետ յարաբերական, մշտական ու սերտ յարաբերութիւններ պահելով՝ Դաշնակցութեան շրջանի ղեկավար մարմինը ներհամայնքային ներդաշնակ մթնոլորտ մը ստեղծելու յաջող քաղաքականութիւն գործադրած է, նպաստելով ազգային միջոցները ամէնէն արդիւնաւէտ կերպով ընդհանրական նպատակներու ուղղորդելու գործին: