ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, հաստատելով Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ հիմնուած Վարչապետական քննիչ յանձնախումբի տեղեկագիրը՝ Հինգշաբթի, Յունուար 15ին արտօնեց, որ հարցաքննութեան ենթարկուին ապահովական մարզի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Խնդրոյ առարկայ պաշտօնատարներն են՝ ոստիկանութեան ընդհանուր տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժինի ղեկավար Ռամազան Աքեիւրէքն ու Պոլսոյ ոստիկանութեան լրաքաղութեան մասնաճիւղի տնօրէն Ալի Ֆուատ Եըլմազէրը։
Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չէթին, անդրադառնալով այս նոր զարգացումին՝ յայտնեց, թէ հարցաքննութիւն պէտք է կատարուի նաեւ Թուրքիոյ գաղտնի գործակալութեան՝ «ՄԻԹ»ի ու Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէնութեան շրջանակներէն ներս։ Կը պնդուի, որ ասոնք Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ թերացումներ ունեցած են եւ պատասխանատուները պէտք է հրաժարին իրենց պաշտօնէն, որովհետեւ հարցաքննութիւնները արդիւնք պիտի չտան, մինչեւ այն ատեն, որ անոնք պաշտօնի վրայ կը մնան:
Ռամազան Աքեիւրէք, որուն անունը կը յիշուի Հրանդ Տինքի սպանութեան օրէն ի վեր, նախապէս յայտարարած էր, թէ՝ «խիղճը հանգիստ է», որովհետեւ կը հաւատայ, թէ ինք իր պարտականութիւնը լիուլի կատարած է։