Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ու Ծերակոյտի միջանցքներուն մէջ լծակներ փնտռելու ու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու առաջին քայլերէն մինչեւ Ուրուկուէյի խորհրդարանին կողմէ պետական մակարդակի առաջին անգամ Ցեղասպանութեան հարցի արծարծումը եւ դէպի ճանաչում թեքող որոշումը, մինչեւ յաջորդող տարիներուն գլխաւորաբար Հայ Դատի յանձնախումբերու միջազգային ցանցի համակարգուած ու նպատակասլաց աշխատանքներուն շնորհիւ՝ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու ու օրինագիծերու հաստատումը, մինչեւ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Հայկական Ցեղասպանութիւնը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ու առանցքային խնդիրներէն մէկը դարձնելու քայլը, մինչեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի «ֆութպոլային» քաղաքական նախաձեռնութեամբ զարմանալի չափերով թափ ստացած քաղաքական ու քարոզչական զարգացումները, մեզ կը մղեն լաւատեսութեամբ փակելու այս տարին:
Այս նոր զարգացումներուն մէջ ամէնէն յատկանշականը, ամէնէն կարեւորը, անշուշտ, կը հանդիսանայ թուրք մտաւորականներու կողմէ ձեռնարկուած «Հայերէն ներողութիւն խնդրել»ու արշաւը, որ բոլորովին նոր կացութիւն կը ստեղծէ նոյն ինքն Թուրքիոյ համար՝ Ցեղասպանութեան ուրացման իր քաղաքականութեան ամլութիւնը ապացուցելու տեսակէտէն:
Փաստ է, որ ներողութեան այս արշաւին ստեղծած մթնոլորտը, անոր հանդէպ թեր կամ դէմ կարծիքներն ու կեցուածքները, թուրք պետական ու քաղաքական գործիչներու յայտնապէս դժուար կացութեան մատնուած ըլլալու դիրքերէն բխած յայտարարութիւնները, Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը ամէն օր թուրք հասարակութեան ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ:
Ցեղասպանութեան հարցի նման դրսեւորումներով արծարծումը անպայմանօրէն բազմաթիւ թուրք քաղաքացիներու միտքը պիտի լեցնէ հարցերով, մարդիկ պիտի սկսին հարցականի ենթարկել պետութեան կողմէ տարիներով որդեգրուած ուրացման քաղաքականութիւնը, պիտի ըլլան շատեր, որոնք պիտի վերանային ու վերագնահատեն իրենց ցարդ ստացած պաշտօնական տեղեկութիւններու արժանահաւատութիւնը, պիտի անդրադառնան ճշմարտութենէն փախչելու վարքագիծի տմարդութեան, ու քաջութիւն պիտի գտնեն իրենք իրենց մէջ մերժելու այդ կեցուածքը ու նոր ճանապարհներ փնտռելու՝ հարեւան ժողովուրդին հետ գոյակցութեան նոր բանաձեւ մը գտնելու համար:
Այս գործընթացը իրեն մէջ ներառած ըլլալով Թուրքիոյ ժողովրդային ու մտաւորական լայն խաւերը՝ արդէն իսկ երաշխաւորած է իր անշրջելիութիւնը: Հայկական կողմին կը մնայ յարատեւօրէն շարունակել իր աշխատանքը, չբաւարարուելով միայն Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ձգտող իր ծրագիրներով, այլեւ ընդարձակելով իր դաշտը՝ Հայ Դատի ամբողջական էութեան մասին ծանօթացնելով աշխարհն ընդհանրապէս, ու թրքական հանրութիւնը՝ մասնաւորապէս:
Նոր Տարին յանձնառութեան այս ոգիով պիտի փակենք:
Յանձնառութիւն՝ տէր կանգնելու այս անշրջելի գործընթացին, կատարելու անկէ բխած ու անոր պահանջած օրէ օր առաւել լայն գործողութիւններու պարտադրանքները:
Յանձնառութիւն՝ առաւել նուիրաբերումով շարունակելու Հայ Դատի պայքարը՝ քաղաքական բոլոր ճակատներու վրայ, քաղաքական բոլոր ատեաններէն:
Շնորհաւոր Նոր Տարի: Շնորհաւոր հայ ժողովուրդի անցեալ տարուան բոլոր յաղթանակները, եւ կամք՝ յաղթահարելու համար ներազգային եւ միջազգային բոլոր մարտահրաւէրները՝ յօգուտ համերաշխ, բարգաւաճ ու հզօր հայրենիքի: