Չաւախքի վերջին իրադարձութիւնները լրջօրէն կը տագնապեցնեն մեզ: Անոնց մէջ յստակօրէն կ’երեւին քաղաքական մութ հաշիւներու հետապնդման փորձեր, որոնք դժուար թէ նպաստեն երկու հարեւան երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման, բան մը, որ կենսական կարեւորութիւն ունի կայունութեան այնքան կարիք ունեցող այս տարածաշրջանին մէջ: Երկու երկիրներու կենսական շահերէն մէկնելով՝ վստահ ենք, որ պետութեանց ղեկավարները պիտի աշխատին ուղիղ ու անմիջական հաղորդակցութեամբ ամբողջական թափանցիկութիւն ստեղծել իրենց միջեւ, դէպքերն ու զարգացումները հակակշռելու ու կառավարելի դարձնելու համար:
Վրացական իշխանութիւնները պէտք է անդրադառնան, որ կեղծ ու անհիմն մեղադրանքներու հիման վրայ իրենց նախկին ու նոր ձերբակալութիւնները միայն կրնան խորացնել լարուածութիւնը առաջին հեթին Չաւախքի մէջ, ապա նաեւ այդ լարուածութեան ալիքները աւելի հեռուները հասցնելով՝ մինչեւ Հայաստան, մինչեւ հայկական շունչով ապրող իւրաքանչիւր անկիւն:
Նոր ու նախկին ձերբակալութիւններու այս շարքը հիմնովին կը հակադրուի նոյն վրացական իշխանութեանց կողմէ պարբերաբար դրսեւորուող առաւել կառուցողական ու գնահատելի դիրքորոշումներուն, որոնց յայտարարուած նպատակը Չաւախքի բնակչութեան ընկերային, տնտեսական ու մշակութային խնդիրներուն բարւօք լուծումներ տալ է: Եթէ այդ դիրքորոշումները պարզապէս միջազգային հանրութեան եւ հայ ժողովուրդի աչքին փոշի փչելու նպատակին կը ծառայեն, ապա անհրաժեշտութիւն կը ծագի զգաստութեան հրաւիրել վրացական իշխանութիւնները, որպէսզի ետ կանգնին իրենց անհեռատես քայլերէն եւ ձեռք-ձեռքի՝ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ, շրջանի ընդհանուր բարօրութեան ու բարգաւաճման աշխատանքներուն վրայ կեդրոնացնեն իրենց ճիգերն ու միջոցները:
Երկու երկիրներու պետական գերագոյն շահերը այդ կը պահանջեն: Հայաստանը բազմիցս ապացուցած է, որ ինք գիտակից է յարաբերութիւններու սերտացման ու լարուածութիւններէն խուսափելու իր պարտաւորութիւններուն: Նոյն գիտակցութիւնը կը սպասենք վրացական կողմէն: