Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու նախնական փուլերուն եւ ընտրութեան յաջորդող օրերուն, մենք բազմիցս արտայայտեցինք մեր զօրակցութիւնը նախ թեկնածու ու հիմա արդէն նախագահ Պարաք Օպամային՝ մեկնելով անոր յայտարարած կեցուածքէն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:
Նախագահը արդէն քանի մը օրէ ի վեր անցած է պաշտօնի եւ ձեռնարկած է երկրին դիմագրաւած խնդիրներու լուծման՝ ըստ անոնց առաջնահերթութեան:
Մեր զօրակցութեան բոլոր յայտարարութիւններուն մէջ նկատելի եղած է վստահաբար մեր ընդգծած լաւատեսութիւնը, թէ նախագահ Օպամա պիտի կարենայ շրջել ամերիկեան քաղաքական նախկին ուղեգիծը, եւ ոչ միայն պիտի չխոչընդոտէ ամերիկեան օրէնսդիրի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն, այլեւ՝ պիտի նպաստէ անոնց:
Ընդգծուած այս լաւատեսութիւնը, որքան ալ հիմնուած ըլլայ նախընտրական յստակ խոստումներու վրայ, մեզ միայն պիտի մղէ յաւելեալ թափ տալու մեր քարոզչական ու քաղաքական գործունէութեան՝ ամերիկեան քաղաքական բոլոր մակարդակներու, սկսեալ տեղական, քաղաքային, մինչեւ նահանգային ու դաշնակցային բեմերուն վրայ:
Այս աշխատանքները համակարգուած ու նպատակասլաց պիտի ըլլան, պիտի արտայայտեն ամերիկահայ լայն խաւերուն յստակ պահանջը, թէ՝ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը չի կրնար շրջանցել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ ոչ միայն իբրեւ պատմական փաստ ու իրողութիւն, այլ այսօր ալ իբրեւ խիստ այժմէական խնդիր, որուն հանդէպ դիրքորոշումէն իսկ կախեալ է ընդհանրապէս ցեղասպանութեանց կանխարգիլման միջազգային ճիգերու արդիւնաւէտութիւնը:
Հայ Դատի յանձնախումբը պատրաստ է այս աշխատանքները համակարգելու մէջ իր պատասխանատուութեան բաժինը վերցնելու: Ուաշինկթընէն մինչեւ ամերիկեան ամէնէն խուլ անկիւնները հայկական ձայնը լսելի դարձնելու անոր ծրագիրները կը ներկայացուին հանրութեան ուշադրութեան՝ յուսալով ու ակնկալելով, որ անոնք պիտի արժանանան համընդհանուր քաջալերանքի, զօրակցութեան:
Քաղաքական նոր միջավայրը կը պահանջէ, որ հայկական քաղաքական մեքենան առաւել ազդու ու արդիւնաւէտ աշխատի: Կը հրաւիրենք ձեզ ալ մասնակից դառնալու այս աշխատանքին: