Ժամանակի հարց է, վիճակը այսպէս չի կրնար մնալ: Տնտեսական ճգնաժամը, թէեւ իր տարողութեամբ եւ խորութեամբ աննախընթաց չափերու հասած է, սակայն, ի վերջոյ պիտի յաղթահարուի:
Լաւատեսութեանս աղբիւրը պետական եւ միջպետական համակարգուած ճիգերն են, որոնք, ի հեճուկս իրենց իսկ դաւանած գաղափարախօսութեան սկզբունքներուն, աշխարհի դրամատիրական մեծ երկիրները պարտաւորուած կը զգան գործադրել, նաեւ՝ այն անմիջական եւ երկար ժամանակի վրայ տարածուող միջամտութիւնները ու ներդրումային ծրագիրները, որոնց արդիւնաւորման նշանները շուտով ակնյայտ կը դառնան:
Այս ժամանակը կերպով մը պիտի անցնենք, պիտի անցնենք իրարու օգնելով, ուղղութիւն ու խորհուրդ տալով, տեղեկութիւն փոխանակելով, որեւէ գործի ու աշխատանքի հնարաւորութեան լուրը ծանուցելով մեր շրջապատին:
Այս ծիրէն ներս համեստ ներդրում մը բերելու նախանձախնդրութեամբ, «Ասպարէզ»ը պիտի առնէ հետեւեալ երկու քայլերը.
ա.- Աշխատանքի տօնավաճառներու կամ փառատօներու մասին տեղեակ պիտի պահէ հանրութիւնը:
Այս գետնի վրայ, օրինակի համար, ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք Լոս Անճելըս «Տատճըրզ»ի կողմէ կազմակերպուած աշխատանքի փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 14ին, նոյն «Տատճըրզ»ի մարզադաշտին վրայ: Պատշաճ հանդերձանքով եւ ձեր աշխատանքային վաստակը պարփակող թղթածրարով ներկայացէք այս փառատօնին, եւ տեսէք եթէ ձեզի յարմար աշխատանք մը կրնաք գտնել:
Հոլիվուտէն գացողներու համար, այդ օրը անվճառ փոխադրութիւն պիտի ապահովուի Սանսէթ պուլվարտէն: Սեփական ինքնաշարժով գացողներու համար, կանգառը անվճառ է:
բ.- «Ասպարէզ» իր «Գործի կարելիութիւններ» բաժինով անվճառ պիտի հրապարակէ գործատէրերու ծանուցումները՝ աշխատող, գործաւոր եւ բանուոր փնտռող յայտարարութիւնները:
Դիմանանք, օգնենք իրարու: