Ընդդիմութեան Կիրակի օրուան հանրահաւաքի ընթացքին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ելոյթին մէջ տեղ գտած որոշ տրամադրութիւններ կարելի է գնահատել՝ իբրեւ Հայաստանի քաղաքական մշակոյթը թոյնէ ու վտանգաւոր ծայրայեղականութենէ ձերբազատելու փորձ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կուսակցական պատասխանատուներու կողմէ անցեալին կատարուած բազմիցս արտայայտութիւններ յորդորած են, թէ յատկապէս այն ժամանակներուն, երբ պետութեան դէմ կանգնած են ծանրագոյն մարտահրաւէրներ, իշխանութիւն, իշխանամէտ քաղաքական հոսանքներ եւ ընդդիմութիւն պարտաւոր են ըլլալ հաւասարակշիռ, խուսափիլ երկիրը ապակայունացնող որեւէ գործողութենէ:
Տնտեսական ճգնաժամի եւ ղարաբաղեան բանակցութիւններու տագնապալի հեռանկարները լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնեն թէ՛ իշխանութիւնը եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը:
«Յեղափոխութիւն», «ապստամբութիւն», «յեղաշրջում» բառերու վտարումը ներքին քաղաքական կեանքի բառապաշարէն, ինչպէս կը խոստանայ Տէր Պետրոսեան, միայն կրնայ նպաստել երկրի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ արմատաւորման գործընթացին:
Ի վերջոյ, բարդ ընկերային ու քաղաքական իրավիճակներէ դուրս գալու դիւրին ճանապարհներ չկան, չեն կրնար ըլլալ: Ընդդիմութիւնն ու իր ղեկավարները վստահաբար գիտակից են այս իրողութեան: Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի աւելի գործուն, աւելի անմիջական ու շօշափելի օժանդակութենէ իր յոյսերը կտրելով՝ ընդդիմութիւնը նախ վստահաբար գիտակցեցաւ, որ հնարաւորութիւն չունի արագ իշխանափոխութիւն կատարելու իր ճիգերուն՝ լծակից դարձնելու այդ ուժերը, ապա անդրադարձաւ, որ տնտեսական ճգնաժամի լուծումն ալ այնքան կախեալ չէ իշխանութեան որդեգրած ծրագիրներէն՝ մանաւանդ կարճաժամկէտ միջոցառումներէն:
Հետեւաբար, իր իսկ շահերէն մեկնելով՝ ընդդիմութիւնը նպատակայարմար կը գտնէ փոխանակ յարձակումները սաստկացնելու ապարդիւն գործելակերպը որդեգրելու՝ դիրքաւորուիլ եւ երկարատեւ պայքարի պատրաստուելու քայլեր առնել: Նման գործելակերպ, սակայն, կը պարտադրէ, որ ընդդիմադիր գործիչները իրենց վերլուծումներով ու գուշակութիւններով չստեղծեն այնպիսի մթնոլորտ, որուն տրամաբանական հետեւանքը կ’ըլլայ ընդդիմադիր զանգուածի բնական ակնկալութիւնը թէ՝ այսօր իսկ, հիմա իսկ, պէտք է թուր ու թֆանկով փոխել «ամէն չարիքի արմատ իշխանաւորները»:
Այս տեսակէտէն, դժուար պիտի ըլլայ այս մշակոյթի կենսագործումը, այնքան ատեն, որ ընդդիմադիր գործիչները համապատասխան հաւասարակշռութիւն չեն ցուցաբերեր իրենց կեցուածքներուն մէջ:
Անկախ այն իրողութենէն, թէ ընդդիմութիւնը կը յաջողի իր ծրագրին մէջ, թէ ոչ, այս հանգրուանին երկրին համար օգտակար է հանգիստը: