Կլէնտէյլի Եւ Պըրպէնքի մէջ Հայ Դատի քաղաքական գործի յանձնախումբը ներկայացուցած է իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն ցուցակը:
Այս երկու քաղաքներուն մէջ ալ հայկական քուէն իր կարեւոր, նոյնիսկ վճռական դերը պիտի խաղայ՝ թեկնածուներու ընտրութիւնը յաջողցնելու կամ ձախողցնելու տեսակէտէն:
Պըրպէնքի պարագային Քաղաքային խորհուրդի միայն մէկ հայ թեկնածու կայ: Այստեղ Կարէն Եղբայրեան արժանի կը նկատուի մեր քուէներուն, ոչ թէ պարզապէս հայ ըլլալուն համար, այլ որովհետեւ ան ունի բոլոր յատկանիշները ազդու քաղաքական գործիչ դառնալու եւ քաղաքի բնակչութեան լայնագոյն խաւերու շահերը պաշտպանելու, իրաւունքները ջատագովելու:
Կլէնտէյլի պարագան քիչ մը տարբեր է: Այստեղ, դժբախտաբար հայկական քուէն դարձեալ տարտղնուելու վտանգը կը դիմագրաւէ, վտանգ մը, որմէ օգտուող ուժերը անպայման քաղաքի հայ համայնքի շահերուն պաշտպանութիւնը չունին իրենց մտքին մէջ:
Կլէնտէյլի քուէարկութեանց նշանակութիւնը նաեւ չի սահմանափակուիր այս քաղաքի ընտրութեանց արդիւնքներով: Այստեղ կայ մէկ այլ երեւոյթ, որ ընդհանրապէս կ’անտեսուի անմիջական շահեր հետապնդող թեկնածուներու կողմէ:
Խնդիրը կը վերաբերի մեր հաւաքական կամքը, այլ, աւելի բարձր ու աւելի կարեւոր ատեաններու վրայ արտայայտող կազմակերպութեան մը՝ Հայ Դատի յանձնախումբի վարկին, որուն հետագայ արդիւնաւէտ գործունէութեան վրայ ստուերի երանգ մը կրնայ գալ:
Յանուն ինչի՞:
Բոլոր հայ թեկնածուները անշուշտ իրաւասու են իրենց անձնական հաշիւներու ու նկատառումներու հիման վրայ իջնելու պայքարին: Ժողովրդավարութեան բարիքն ալ այդ է: Խնդիրը ընտրողներու առջեւ կը դրուի: Հայկական կենցաղային մշակոյթի թելադրանքով, ընկեր, բարեկամ, հարեւան ու գերդաստան կամ հայրենակցութիւն, իրենց դերը կը խաղան թեկնածուներու օգտին որոշ քուէներ ապահովելու համար: Տարտղնումը ի վերջոյ այդպէս կ’իրականանայ՝ նուազեցնելով աւելի լայն ժողովրդականութիւն ունեցող թեկնածուներու՝ ներառեալ Հայ Դատի քաղաքական գործի յանձնախումբի յաջողութեան հնարաւորութիւնները, իրենց բոլոր բացասական հետեւանքներով պայքարի այլ ասպարէզներու մէջ, այլ դաշտերու վրայ:
Մենք կ’ուզենք վստահիլ հայ քուէարկողներու առողջ գիտակցութեան եւ կը դիմենք իրենց, որպէսզի իրենց քուէները կեդրոնացնեն Հայ Դատի քաղաքական գործի յանձնախումբի զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն վրայ: